Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքին եւ ճամբարի փակման առցանց արարողութիւն

Սիրելի ընկերներ,

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ Հայաստանի ճատրակի Ակադեմիան
սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու
Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքին եւ ճամբարի
փակման առցանց արարողութեան

Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ,  Օգոստոս14-ին,Երեւանի ժամով 21:00 –ին (GMT +4)

  • Միացէ՛ք մեզի, հայ ճատրակորդներու եւ ախոյեաններու հետ  հանդիպելու համար:
  • Մասնակցեցէ՛ք  տարբեր խաղերու եւ  շահեցէ՛ք  մրցանակներէն մէկը (Amazon նուէր-քարտեր):
  • Հանդիպեցէ՛ք ՀԲԸՄ-էն եւ FIDE-էն եկած մեր հիւրերուն:
  • Ծանօթացէ՛ք այս տարուան մրցաշարքի յաղթողներուն:
  • Ճատրակասէրներու հետ հաճելի ժամանակ անցուցէ՛ք:

Ձեռնարկի zoom-ի յղումը կը գտնէք  Ճատրակի համահայկական մրցաշարքի առցանց հարթակի մէջ: Միացէ՛ք կամ արձանագրուեցէ՛ք՝

www.avc-agbu.org/edu/AVC-PACT/index-en.html
 

Անցեալ տարուան յաջողութիւններէն ետք, 2-րդ մրցաշարքի կազմակերպիչները ծրագիրը  հարստացուցին: Մէկ շաբթուան ճամբարի ընթացքին տեղի ունեցան վարպետաց դասեր եւ տարբեր խաղեր՝ Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներու հետ։ Շուրջ 250 նոր մասնակից, 18 երկրէ, միացաւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ճատրակասէրներու համայնքին եւ մասնակցեցաւ Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքի ձեռնարկներուն:  
Միասին նշենք աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական խաղի տօնը:

Շաբաթ օրը բոլորդ սիրով կը սպասենք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին