Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ֆութպոլ

ՀԵԸ Անդրանիկ Արժանաւորապէս  Բարձրացաւ  Երրորդ  Դասակարգ

ՀԵԸ Անդրանիկ ֆութպոլի խումբը  փայլուն արդիւնքներով աւարտեց  Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան զտման փուլի  մրցումները եւ  բարձրացաւ Գ. դասակարգ:

 Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցեցան Լիբանանի  հինգ նահանգները  ներկայացնող  96 խումբեր:  Ախոյեանութիւնը  ընթացաւ   նահանգային  դրութեամբ, ուր   հինգ նահանգներու ընդհանուր դասաւորումներուն գլխաւոր երկու դիրքերը  գրաւող կազմերը  անցան  երկրորդ  փուլ (թիւով՝  տասը խումբ):

Երկրորդ  փուլ անցնող տասը խումբերը երկու խմբակներու  բաժնուելով, մրցեցան  իրարու դէմ:  ՀԵԸ Անդրանիկի տղաքը այս  փուլին արձանագրեցին  երկու յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն, կրելով  մէկ պարտութիւն եւ բարձրացան Գ.դասակարգ:

Իրենց վերջին  մրցումին,  ՀԵԸ   Անդրանիկի տղաքը՝ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Հուտայի դէմ: Այս արդիւնքը  բաւարար էր որպէսզի ՀԵԸ Անդրանիկ ապահովէ  Գ. դասակարգ  բարձրանալու ուղեգիրը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,  7  Օգոստոս  2021-ին,  Պհամտունի մէջ:

 ՀԵԸ Անդրանիկի մարզիչն է  Ղայսան  Սայլամէ: Վարչական պատասխանատուները՝  Պէյրութի ֆետերասիոնի ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչ՝ Վահէ Հաքիմեանը,  Յակոբ Աքրապեան, Անդրանիկ Գոճաւաքեան, Կարօ Եալմանեան, Սեդրակ Արթին, Յովսէփ Մոսկոֆեան:

ՀԵԸ-ի    համակիրներուն անունով կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկի մարզիկները եւ վարչական  պատասխանատուները:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին