Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մեր Կորուստները

Ոչ եւս է Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Երեւանի մէջ, կեանքի 63 տարեկան հասակին, մահացեր է սփիւռքահայ յայտնի լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն-Արաքսը: Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս ծնած է Պոլիս, ուր յաճախած է Կեդրոնական Վարժարանը, միեւնոյն ատեն հետեւելով տեղւոյն քաղաքապետարանի թատրոն-դպրոցի դասընթացներուն: Աւարտած է Երեւանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի մշակոյթի բաժինը: Ծառայած է հայ թատրոնին, մանաւանդ որպէս մնջախաղի դերասան:

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս լրագրողական ասպարէզին նուիրուած է Փարիզի մէջ, որպէս «Ազգ» օրաթերթի թղթակից: Տարբեր տարիներուն ապրած է Պոլիս, Փարիզ եւ Երեւան: Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ արժանացած է Ժողովրդական դիւանագէտ տիտղոսին: 90ականներուն, Ֆրանսայի Ռ.Ա.Կ.-ի շարքերէն ներս, տարած է կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն: Անդամակցած է Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական հասարակական կազմակերպութիւններու, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան ջատագով մտաւորականներու համախմբումին, ինչպէս նաեւ պաշտօններ վարած է Պոլսոյ քաղաքային իշխանութեանց մէջ:

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս 2015ին վերադարձած էր Երեւան եւ կը դասաւանդէր Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, միեւնոյն ատեն թղթակցելով առցանց մամուլին:

Այս տխուր առիթով, «Զարթօնք» խորունկ ցաւակցութիւններ կը յայտնէ տարաբախտ մեր ընկերոջ հարազատներուն եւ մտերիմներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին