«Թալեպան» արմատական շարժումը գրեթէ ամբողջութեամբ կը վերահսկէ Աֆղանիստանի սահմանը Թուրքմենիստանի, Իրանի, Փաքիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքիստանի հետ: Այս մասն յայտարարած է թալեպներու պաշտօնական ներկայացուցիչ Զապիուլա Մուճահետը, գրած է radiosputnik.ria.ru կայքը:
«Թուրքմենիստանի հետ սահմանը եւ Իրանի եւ Փաքիստանի հետ սահմանը, բացառութեամբ մի քանի փոքր հատուածներու, ամբողջութեամբ կը գտնուին մեր վերահսկողութեան տակ … Տաճիկիստանի սահմանը նոյնպէս, Պատախշանէն դէպի Թախար եւ Ղանտուր»,- ըսած է Մուճահետը:
Անոր խօսքով`նման իրավիճակ կը ստեղծուի նաեւ Ուզպեքիստանի հետ Աֆղանիստանի սահմանին, ուր պաշտօնական Քապուլին հաւատարիմ ուժերը կը մնան միայն Քալտար նահանգին մէջ:
Աւելի վաղ «Թալեպան» շարժումը յայտարարած էր, որ կը վերահսկէ երկրի 85%-ին: