Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Ռուսիան Մտահոգուած է Հայ-ազրպէյճանական Սահմանին Առկայ Լարուածութեամբ. Զախարովա

Ռուսիան մտահոգութեամբ կ՝ընդունի հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ լարուածութեան աճի ցանկացած դրսեւորում: Այս մասին ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Եւ, ի հարկէ, ատիկա ծայր աստիճան բացասաբար կ՝անդրադառնայ տարածաշրջանային իրավիճակին վրայ ու չի նպաստեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան կարգաւորման՝ երկու երկիրներու բնակչութեան շրջանին մէջ չհիմնաւորուած կորուստներու պատճառ դառնալով»,-յայտարարած է ան:

Զախարովա ցաւակցութիւն յայտնած է նաեւ սահմանին հայ զինուորականի մահուան համար եւ բոլոր տուժածներուն մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում:

«Ռուսիան յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները շուտափոյթ կը սկսին»,- ըսած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, որ ռուսական կողմը պատրաստ է այդ հարցով օգնութիւն ցուցաբերելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին