Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Միջազգային Դաշինքի Ուժերը Կը Հեռանան Իրաքէն

Իրաքի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Քասէմ Աարաժին յայտարարած է միջազգային դաշինքի ուժերու մարտական առաքելութիւններու աւարտին եւ Իրաքէն անոնց դուրսբերման մասին։

Աարաժին յաւելած է, որ «աւարտած է անցեալ տարի միջազգային դաշինքին հետ սկսած երկխօսութեան վերջին փուլը»՝ նշելով, որ «միջազգային դաշինքի ուժերու մարտական առաքելութիւնները պաշտօնապէս աւարտած են եւ անոնք դուրս եկած են Իրաքէն»։

Ան շարունակեց, որ «Միջազգային դաշինքին հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ուսուցման, խորհրդատուութեան եւ հզօրացման ոլորտին մէջ», նշելով որ «կողմերը վերահաստատած են շարունակական համագործակցութեան իրենց յանձնառութիւնը՝ յստակ սահմանելով, թէ ինչպէս դաշինքը պիտի շարունակէ աջակցիլ Իրաքի անվտանգութեան ուժերուն կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն»։

Իր հերթին, Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալիհ Յուլիսի վերջին օրերուն ըսած էր, որ «իրաք-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան արդիւնքները կարեւոր են կայունութեան հասնելու եւ Իրաքի ինքնիշխանութեան ամրապնդման համար, որոնք կու գան Մուսթաֆայի գլխաւորած կառավարութեան անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ»: Սալիհ յաւելած է, որ «Իրաքի շահը կը պահանջէ ամրապնդել պետական հաստատութիւնները, պաշտպանել ինքնիշխանութիւնը եւ անկախ ազգային որոշումներ կայացնել»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին