Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարք եւ ճամբար

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիան
8-18 տարեկան հայ երիտասարդները կը հրաւիրեն մասնակցելու
ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 2-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԵՒ ՃԱՄԲԱՐԻՆ (PACT),
որ պիտի սկսի 26 Յուլիս 2021-ին։

Երկշաբաթեայ անվճար եւ առցանց ամառնային ճամբարին կրնան մասնակցիլ անոնք, որոնք կը սիրեն ճատրակը, կ’ուզեն զարգացնել ճատրակային հմտութիւնները կամ մրցիլ այլ խաղցողներու հետ։

Ճամբարի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ, վարպետաց դասեր եւ խաղեր՝ Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներու հետ։ Առցանց մրցաշարքը, քանի մը հանգրուանով, տեղի պիտի ունենայ ճամբարի երկրորդ շաբաթուան ընթացքին։ Յաղթողներուն անունները պիտի յայտարարուին փակման հանդիսութեան ժամանակ։

Ճատրակի համահայկական 2-րդ մրցաշարքը եւ ճամբարի ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան հայերէն եւ/կամ անգլերէն լեզուներով։

Արդէն կրնաք արձանագրուիլ https://www.avc-agbu.org/edu/AVC-PACT/index-why.html
Մինչեւ  Յուլիս 30 ամբողջացուցէք արձանագրութեան յայտը եւ միացէք մրցաշարքի էջին:

Միացէք հայ երիտասարդներու աշխարհասփիւռ համայնքին եւ կատարեցէք Ձեր քայլը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին