Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Նամակ Ամերիկայէն -17-

Կը Սպասենք Սեպտեմբերին

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեւեռած ենք մեր հայեացքները օրացոյցի Սեպտեմբեր ամսուն, անձկութեամբ եւ բարձր ակնկալութեամբ: Քորոնաժահրի պատճառած ընկերային եւ տնտեսական վնասներէն ետք, շուրջ տարի մը ամբողջ Նիւ Եորքի երկնակամարին վրայ կուտակուած մութ ամպերը, ամառնային այս կիզիչ եւ խոնաւ օրերուն սկսած են (աստիճանաբար) փարատել:

Նիւ Եորք քաղաքին անմիջական զարթօնքին հաւատացողներուն թիւը ստուար է եւ արագօրէն կը բարձրանայ, հակառակ կարգ մը բացայայտ ու ժխտական տուեալներու: Տակաւին, երբ հակասական երեւոյթներ նկատի կ՛ունենանք, անորոշութեան քող մը կը տիրէ նոյնիսկ Նիւ Եորքի վերածնունդին հաւատացողներուն մօտ:

Որպէսզի վստահութիւն կերտէ Նիւ Եորքցիներուն մօտ, քաղաքապետութիւնը հրահանգած է իր 350 հազար պաշտօնէութեան վերադառնալ իրենց գրասենեակները: CitiBank-ի գործադիր տնօրէնը հազարաւոր իր պաշտօնեաներէն պահանջած է Սեպտեմբեր ամսուընէ առաջ լքել իրենց ժամանակաւոր աշխատավայր – բնակարանները տարբեր նահանգներու մէջ, ուր վարձքերը եւ ապրելակերպը շատ աւելի մատչելի են բաղդատած Նիւ Եորքի, վերահաստատուելու համար իրենց հարազատ քաղաքին մէջ:

Վստահելի վիճակագրութիւններու համաձայն, առեւտրական կալուածներու շուրջ 70 առ հարիւրը տակաւին դատարկ են: Կալուածատէրեր կը գտնուին կատարեալ թնճուկի մը առջեւ: Ի՞նչ եկամուտ ապահովել իրենց կալուածներէն, երբ վաճառատուներ պատրաստ չեն տակաւին երկարատեւ վարձքի պայմանագրութիւններ ստորագրել: Այս բոլորին դիմաց Նիւ Եորքի սրտին վրայ դէպի երկինք սուրացող, ապակի – պողպատ (Չինաստանէն ներածուող) նոր շինութիւններ կը բարձրանան Աշխարհահռչակ Woldorf Astoria պանդոկը, քաղաքին կեդրոնը, որուն սեփականատէրը չինական ընկերութիւն մըն է, արագընթաց կը շարունակէ 2 միլիառ արժողութեամբ վերաշինութեան եւ բարեզարդման իր աշխատանքը: Առաւել, բազմաթիւ առեւտրական շէնքեր, անցեալ ——— ամիսներուն՝ երբ քաղաքը անշարժութեան դատապարտուած էր, բարենորոգումներ կատարեցին եւ պարապ խանութները այսօր կը սպասեն նոր վարձակալներու:

Արժանահաւատ աղբիւրներ կը վկայեն Նիւ Եորքի մէջ գործող անձերու շուրջ 70% առ հարիւրը տակաւին կը վարանի վերադառնալ: Գլխաւոր պատճա՞ռը. Քաղաքին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ տիրող անապահովութիւնն է, համաճարակէն վարակուելու վախին կողքին: Քաղաքին ոստիկանական ուժը՝ 35,783 հաշուող, կարծէք անկարող է կամ անգիտակից, զսպելու բռնարարքներ: Ոճիրներու ալիքը ահ ու սարսափով պատած են քաղաքացիներու մեծամասնութեան հոգիները: Առաւել ըլլալով, աւելի քան 14 հազար տնանկներ, որոնք համաճարակի սկզբնական օրերուն իրենց տրամադրուած հանրակացարաններէն տեղափոխուած էին 4 աստղ պանդոկներ, զիրար չվարակելու մտահոգութենէն մեկնած, քաղաքապետութեան քաջալերութեամբ վերադառնալու են իրենց նախկին հանրակացարանները: Դժբախտաբար սակայն հանգստաւէտ պանդոկներու մէջ ձրիաբար պատսպարուող տնակները այսօր կը յամառին իրենց նախկին, շատ աւելի նուազ ապահով եւ նուազ հանգստաւէտ բնակավայրերը վերադառնալ: Հետեւաբար, իրենց ներկայութիւնը փողոցներու մէջ պիտի բազմապատկէ մուրացկաններու եւ անկարգապահներու թիւը:

Հակառակ նման ժխտական պարագաներու, ընթացիկ տարուած Ապրիլ ամսուն աւարտեցաւ կառուցումը One Vanderbilt 73 յարկանի շէնքին, քաղաքին առեւտրական գոտիին կեդրոնը, Grand Central հանրային փոխադրութեան կեդրոնին կից, ուր օրական 800 հազար անձեր կ’երթեւեկէին, համաճարակէն առաջ: Մեծապէս հետաքրքրական է կռահել թէ 3,31 միլիառ արժող այս շէնքը. 397 մեթր բարձրութեամբ եւ 162 հազար քառակուսի մեթր տարածքով, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի լեցուի գրասենեակներով եւ առեւտրական հաստատութիւններով:

Յուսալի երեւոյթ մըն է երբեմն հանդիպիլ զբօսաշրջիկներու, որոնք առաւելաբար կուգան Միացեալ Նահանգներու տարբեր Նահանգներէն: Սակայն անոնց ներդրումը քաղաքի տնտեսութեան սահմանափակ է, տրուած ըլլալով անոնց հակիրճ կեցութիւնը: Մինչ արտասահմանէն ժամանող զբօսաշրջիկները Նիւ Եորք կը մնան աւելի երկար՝ հետեւաբար աւելի դրամ կը ծախսեն: Վերջին շաբաթներուն, առաւելաբար Ֆրանսայէն եկող զբօսաշրջիկներու կարելի է հանդիպիլ: Այս անշուշտ մեծապէս քաջալերական երեւոյթ մըն է, եթէ երբեք այս հոսանքը շարունակուի եւ գերմանացի, անգլաիացի կամ իտալացի զբօսաշրջիկներ հետեւին ֆրանսացիներուն: Նիւ Եորքի պանդոկներն ու ճաշարանները որոնք ծարաւը ունէին զբօսաշրջիկներու, կարենալ գոյատեւելու համար, խանդավառութեամբ կ’ողջունեն անոնց ներկայութիւնը: Սակայն կ’արժէ յիշատակել հոս ցաւալի իրողութեան մը Նիւ եորքի մէջ չորս ճաշարաններէն մէկը գոցած են իրենց դռները վերջնականապէս՝ սնանկութեան յայտարարելով, մինչ փակուած պանդոկներուն թիւը եւս բաւական բարձր է:

Ընթացիկ ամսուան ընթացքին երկտասնեակ մը ճաշարաններ եւ պարեր փակած են իրենց դռները, որոնցմէ քանի մը հատը անուանի եւ երկար տարիներ ծառայած են իրենց անմիջական թաղամասերուն: Այս երեւոյթին հակոտնեայ, դարձեալ Յուլիս ամսուան երկտասնեակ մը ճաշարաններ բացուած են, որոնցմէ մէկը հանրայայտ Թայմզ հրապարակին վրայ՝ երկյարկանի, ուր ֆիլիբինական ճաշեր կը սպասարկուին:

Հիմա որ երթեւեկութիւնը սկսած է աշխուժանալ Նիւ Եորքի փողոցներուն եւ լայնանիստ պողոտաներուն վրայ, աւելի քան 12 հազար ուտեստեղէն հայթայթող կառքեր, չորս անիւներու վրայ, սկսած են իրենց շահաբեր առաքելութեան՝ կերակրելու աւելի քան 8 միլիոն Նիւ Եորքցիները: «Հալալ» միսը «մաքուր» եւ «առողջարար» պիտակին տակ, շուրջ 8 տոլարի կարելի է խորոված մը գնել, եթէ անտեսէք հանրային առողջապահութեան ամէնէն տարրական սկզբունքները եւ կրնաք դիմանալ գարշելի հոտին: Սակայն տեղացիներու եւ զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք սահմանափակ պիւտճէով կ’ապրին, այս մէկը օրհնութիւն է: Անշուշտ այս ճաշի կառքերը ունին սուր մրցակցութիւնը, յանձինս 2 տոլարի մէկ շերտ փիցցա եւ շիշ մը քոլա վաճառող փոքր ճաշարանները:

Նիւ Եորքի վերականգնումը խնդրական ըլլալ չի թուիր: Սակայն ի՞նչ տիպի Նիւ Եորք մը պիտի հրապարակ իջնէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին, կը մնայ անստոյգ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին