Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մաքս Մաքսուտեան

Մաքս Մաքսուտեան (12 Յունիս 1881, Իզմիր- 20 Յուլիս 1976, Օ տը Սեն (Ֆրանսա)), ֆրանսահայ դերասան։

Մաքս Մաքսուտեան ծնած է Իզմիր: 12 տարեկանին ծնողներուն հետ արտագաղթած է Ֆրանսա։ 1904 թուականին աւարտած է Փարիզի երաժշտանոցի թատերական բաժինը, աշակերտած է «Քոմետի ֆրանսեզ»-ի նշանաւոր դերասան Սիլվենին։ Տրիպոլէի (Վիկթոր Հիւկոյի «Արքայն զբօսնու») մենախօսութեան համար արժանացած է ողբերգութեան առաջին մրցանակին։ Դերասանի արուեստին բնորոշ եղած է ողբերգական խաղի ոճը, ներքին մեծ թափը, յստակ առոգանութիւնը, շարժուձեւի ներդաշնակութիւնը, անկեղծ կատարումը, որոնց շնորհիւ ընդունուած է Փարիզի «Օտէոն» ազգային թատրոն, հանդէս եկած է Մոլիերի «Ագահ», «Թարթիւֆ» եւ այլ փիեսներով։ Խաղցած է Սարա Պեռնարի խումբին՝ կատարելով գլխաւոր դերեր, շրջագայիլ Եւրոպա, Ամերիկա (1911)։

1912-1949 թուականներուն նկարահանուած է մի քանի տասնեակ շարժապատկեներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին