Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը Հայ Ընթերցողի Սեղանին Կը Դնէ Եօթն Անուն Նոր Գրքեր

Մշակութային Արձագանգ

Սիրելի ընթերցող, ուրախութեամբ կու գանք տեղեակ պահելու, որ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ՝ արդէն հրատարակուած եւ ընթերցանութեան համար հասանելի դարձած են Արեւմտեան Թեմի 2021 թուականին համար նախատեսուած եօթն անուն գրքերը, որոնց մասին անցեալին յայտնած էինք։ Յիշեալ նոր հրատարակութիւնները իրենց բովանդակութեանց մէջ կը ներառեն հոգեւոր, քարոզխօսական, եկեղեցական եւ պատմական զանազան նիւթեր ու աշխատութիւններ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:  

Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր հրատարակուած գրքերու ցանկն` հակիրճ նկարագրութեամբ.

1. Յովնան Արք. Տէրտէրեան – Փունջ մը քարոզներ, հատոր ԺԶ։

Այն կը պարունակէ Սրբազան Հօր 2020թ.-ի ընթացքին գրի առնուած քարոզները եւ խորհրդածութիւնները: Դրանք կը վերաբերին հոգեւոր կեանքին, դէպի Աստուած մարդ անհատի ընթացքին, Մայր հայրենիքին, մարդկային տագնապներուն, սիրոյ, միասնականութեան ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ թեմաներուն։

2. Archbishop Hovnan Derderian – Walking Out of the Upper Room (Volume II).

Յովնան Արք.-ի բլոգների ժողովածուն է անգլերէն լեզուով, որը կազմուած համավարակի շաբաթներուն ու ամիսներուն գրուած խորհրդածութիւններէ, վերլուծումներէ ու հակիրճ ձեւակերպումներէ։ Առաջին հատորեակը հրատարակուած է 2020-ին:

 

3. Archbishop Hovnan Derderian – Spiritual Reflections.

Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերջին երկու տարիներու ընթացքին տարբեր ձեռնարկներու եւ միջոցառումներու ժամանակ անգլերէն լեզուով արտասանած՝  ելոյթներու եւ հրապարակային խօսքերու ժողովածուն է։

4. Յովհան Ոսկեբերան – Ապաշխարութեան պտուղներ (Քարոզներ եւ ճառեր)։

Համաքրիստոնէական սուրբ հեղինակի քարոզներու ու ճառերու գրաբարէն աշխարհաբար թարգմանութիւններն են։ Այն 1-ին հատորն է Արեւմտեան Թեմի Ոսկեղենիկ մատենաշարի (նախաձեռնող՝ բանասիրական գիտ. թեկնածու, դոցենտ Նորայր Պօղոսեան), եւ պահանջարկը հաշուի առնելով՝ յանձնուած է վերահրատարակութեան։ 

5. Կարապետ Արք. Պալատեցի – Տարեկան Քարոզգիրք (ընտրանի)։ 4-րդ հատորն է Ոսկեղենիկ մատենաշարի։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս պահպանուող ձեռագրի հիման վրայ գրաբարէն աշխարհաբարի են փոխադրուած (Նորայր Պօղոսեան, Գէորգ Սրկ. Կարապետեան) Կ. Պոլսոյ Պատրիարք 1823-31 թթ. Կարապետ Արք. Պալատեցիի քարոզներէ ընտրուած հատուածներ։

      6. Մաղաքիա Արք. Օրմանեան Պատմութեան Դիտանկիւնէն:

Ժողովածուն նուիրուած է Օրմանեան Պատրիարքի մահուան 100-ամեակին, այն բաղկացած է չորս յօդուածներէ, որոնք կը ներկայացնեն անոր կեանքն ու եկեղեցական բեղուն գործունէութիւնը: Ժողովածուի նիւթերը առնուած են 18 Փետրուար, 2019-ին Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցած <<Հայ Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու Ականաւոր Հոգեւորականները>> գիտաժողովէն:

7. Archbishop Hovnan Derderian – The Book Corner։

Այս գեղեցիկ հատորեակին միջոցաւ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ընթերցողներուն կը փոխանցէ համաշխարհային ճանաչում ունեցող  եկեղեցական մեծագոյն հեղինականերու եւ գործիչներու մտքերու վերլուծութիւններ, անոնց հետ կապուած յուշեր եւ մտորումներ անգլերէն լեզուով:

Տպագրութեան ընթացքի մէջ են Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի «Վանական հոգեկանութիւնը Քրիստոնէութեան առաջին Դարերուն» աշխատութիւնը եւ Գրիգոր Նարեկացու «Մատեանի» աշխարհաբար փոխադրութեան ընտրանին, ինչպէս նաեւ այլ աշխատութիւններ, որոնց վերաբերեալ յառաջիկային կը տեղեկացնենք:

Սիրելի ընթերցող, վերոնշեալ այս եւ միւս բոլոր գրքերը կարող էք փնտռել եւ թուային տարբերակով գտնել Արեւմտեան Թեմի կայքէջին վրայ եւ ընթերցել :

Դիւան Առաջնորդարանի

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին