Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Առօրեայ Մտորումներ

Տեսանկիւն

Երբ Երիտասարդ թուրքերու հետ եղբայրութիւն հռչակած հայկական ծանօթ կողմ մը, օսմանեան կայսրութեան մէջ այսպէս կոչուած սահմանադրութեան հռչակումին բեմադրութեան ի տես, աւելի խանդավառ կ՛ըլլայ քան ինքնին՝ թուրքը, ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ… Հայոց Ցեղասպանութիւն: Վկայ՝ Գրիգոր Զոհրապը:

Երբ բուն «Էրկրին» իսկական իրավիճակին անծանօթ բարեմիտ եւ ազնիւ սակայն բնութեան օրէնքով նաեւ արկածախնդիր՝ ճահել  յեղափոխականճիներ, կովկասէն անցնին Էրկիր՝ ընկերվարութիւն եւ ինթէրնասիոնալիզմ քարոզելու, տարրական գրաճանաչութիւն իսկ չունեցող հայ գիւղացիին, ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ… աղիտալի: Վկայ՝ Ընկեր Փանջունին:

Երբ անմիտ եւ նեղ-կուսակցական փրոփականտի միտումով անձնուրաց եւ անվեհեր ֆիտայիներու լուսանկարներու հրապարակումը ըլլայ կուսակցական կոմիտէներու բանն ու գործը, արդիւնքը կ՛ըլլայ կարգ մը տեղեր ինքնապաշտպանութեան վեհ գործը իր սաղմին մէջ խեղդուելուն պատճառ եւ շատ մը ֆիտայիներու հետապնդուելուն ու անժամանակ կալանաւորումին ու սպանութեան շարժառիթը:

Երբ հատուածական մենատիրութիւնը ըլլայ կուսակցութեան մը մոլեգին մտասեւեռումը, ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումը: Վկայ՝ նոյնինքն Յովհաննէս Քաջազնունին:

Երբ փետրուարեան արկածախնդրութենէն մինչեւ նացիզմի հետ գործակցութիւնը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ պառակատումին պատճառ հանդիսանալէն մինչեւ եղբայրասպանութիւնը կամ ազգադաւութեան գնով օտար սպասարկութիւններու եւ գործակալութիւններու ծառայելու մարմաջը դառնան Հայ կուսակցութեան մը պատմութիւնը յատկանշող  կարեւոր հանգրուաններ, ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ… պառակտուած եւ անմիաբան սփիւռք:

Երբ կուսակցական անհանդուրժողականութիւնը կը հասնի հոն, ուր յայտարարուի թէ «ան որ իրենց կուսակցութենէն չէ. Հայ չէ» ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ  այլամերժ եւ տգէտ շարքայիններու փաղանգ:

Երբ բանը կը հասնի հոն, ուր տարբեր տեսակէտ ունեցող կամ այլակարծիք ազգային արժէքները ազգայինճիներու կողմէ կը հալածուին ու ծեծուին Բանաստեղծութեան Իշխանն իսկ չխնայելով, ապա արդիւնքը կ՛ըլլայ իր «մէկ հատիկ»ով խմբագրած ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի ծնունդը:

                                                                                                                      Շարունակելի…

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին