Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

«Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ը Կրկնակիօրէն Հրամայական Պահանջք Է

2020-2021 կրթական տարեշրջանը ամէն իմաստով եղաւ արտասովոր։ Առցանց դասաւանդութիւնները, քորոնա համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական կեանքի դժուար պայմանները, Ազգային վարժարանները դէմ յանդիման դրին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց յաղթահարումը պահանջեց հաւաքական ճիգ եւ կամք։ 

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային իշխանութեան մարմիններու հոգատար հսկողութեամբ, հաւաքական այդ ճիգին մասնակից դարձան Ազգային Առաջնորդարանին միջոցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին հաւատաւոր ջատագովները՝ Ազգային վարժարաններու բարեկամներն ու բարերարները, որոնք հայ աշակերտը հայ վարժարանին մէջ պահելու եւ հայ վարժարանն ալ իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ տեսնելու համար, նիւթական իրենց միջոցներն ու կարելիութիւնները  չխնայեցին։ 

Անկասկած, տարուան ընթացքին կատարուեցաւ գնահատելի աշխատանք, սակայն Լիբանանի տնտեսութեան թաւալգլոր անկումը, սղաճը եւ համատարած անգործութիւնը ստեղծեցին ծանրակշիռ նոր պայմաններ, որոնց շրջանցումը բոլորէս կը պահանջէ աւելի ազդու միջոցներ, որպէսզի ներկան դիմագրաւելով, պատրաստուիլ նաեւ վաղուան անորոշ ժամանակներուն։

Առ այդ, Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդս կու գայ իր շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնելու անցնող 19 տարիներուն «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին աջակցող հին ու նոր բոլոր բարերարներուն եւ այս առթիւ կոչ կ’ուղղէ առաւել եւս ընդարձակելու հովանաւորողներու շրջանակը ու նաեւ աւելցնելու ծրագրին ի նպաստ կատարուող օժանդակութիւններուն գումարը, որպէսզի հայ աշակերտը, ուսուցիչը, տնօրէնն ու խնամակալութիւնները զգան, որ միշտ իրենց կողքին ունին իրենց տարած աշխատանքը գնահատողներ եւ հայ դպրոցը պատուանդանի վրայ պահող հաւատաւոր բարեկամներ։

Վստահաբար, բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ 20-ամեակի հանգրուանին ու տուեալ տնտեսական եւ ընկերային դժուարին պայմաններուն մէջ, պէտք է նախատեսենք, պատրաստուինք ու մեծ ճիգով նաեւ նոր միջոցներ ապահովենք, որպէսզի ամուր եւ անխախտ հիմերու վրայ պահենք հայ դպրոցն ու հայեցի կրթութեան սրբազան գործը։  

Հետեւաբար, որպէս կրկնակիօրէն անհրաժեշտութիւն եւ հրամայական պահանջք, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, խնդրելով, որ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին ընդմէջէն, իւրաքանչիւրը իր լումայով, աջակից ըլլանք հայ դպրոցին, զայն պահելու համար կենսունակ, արժանապատիւ ու բարգաւաճ վիճակի մէջ: 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին