Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեանի Աշակերտները՝ Թորոս Ռոսլին Ակադեմիայի Նկարչական Մրցումին

Մեսրոպեանի աշակերտուհի Կալի Աքանճեան տարիքային իր խումբին մէջ դասուեցաւ առաջինը՝ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ամսուն, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով: Նոյն մրցումին, Մեսրոպեանի աշակերտներ Յակոբ Չարըքեան եւ Սէրլի Մուղալեան արժանացան գնահատանքի:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն գնահատեց մրցումին մասնակցած վարժարանի բոլոր աշակերտները եւ կարեւորեց նման միջոցառումներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ գեղագիտական կրթութեան համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին