Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին

«Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին»

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Նորագոյն Հատորը Լուսաբանելով Մութ Անցեալը Մտածել Կու Տայ Այսօրուան Մասին

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Ամիսներ առաջ, երբ ծանօթացայ այս հատորին բովանդակութեան, չէի կրնար ընթերցումս պահ մ’իսկ դադրեցնել: Այնտեղ կը տողանցէին ծանօթ-անծանօթ անուններ, ամենատարբեր դիրքաւորումներ, ծածուկ որոշումներ, գաղտնի նամակներ, մեծ պետութիւններու ճղճիմ հաշիւներ, փոքր սեպուող ժողովուրդներու մեծ դէմքեր…: Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան մանկավարժը, դպրոցի տնօրէնը, երկար տարիներու ծառայութեամբ յարգանք պարտադրող անուն է: Պատմաբան Մսըրլեանը նոյնքա՛ն արժանի է մեր խորագոյն ու բարձր գնահատանքին՝ տասնամեակներու վրայ տարածուող պտղանուէր գործով, լոյսին բերելով տասնեակ հատորներ հայոց պատմութեան եւ մանաւանդ Հայ Դատի իրազեկման ճամբուն վրայ:

Ծնած է Լիբանան: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Պատմութեան ճիւղէն ստացած է M.A.-ի տիտղոսը, իսկ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն՝ Պատուոյ Դոկտորի տիտղոս Հայագիտութեան մէջ: Ամբողջ կեանք մը եղած է ուսուցիչ եւ տնօրէն Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի: Որպէս պատմաբան, հեղինակած տասնեակէ աւելի հատորներ, խմբագրած է պատմական այլ գիրքեր եւ հեղինակած է հարիւրի մօտ ուսումնասիրութիւններ՝ լոյս տեսած լիբանանահայ մամուլին մէջ: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, ԹՄՄ-ի, Հայ Աւետ. Գոլէճի եւ լիբանանահայ Ապրիլեան միացեալ մարմիններու մէջ:

«Հայերը Համաշխարհային Բ. պատերազմին» նորագոյն հատորին բովանդակութեան առաջին ծանօթացումս տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմին վաղորդայնին եւ պատերազմի օրերուն. անկարելի էր բաժնուիլ համակարգիչին պաստառիկէն: Էջերը կը յաջորդէին իրարու բերելով հերթական նորութիւնը, յոյսը, ապա՝ յուսախաբութիւնը: Մանրամասնութիւններ, իրավիճակներ, փաստեր, թիւեր, անուններ, պատմական լուսանկարներ, փոքր ազգի մը կրած նուաստացումները, հայութեան երազները, մէկ Արեւմուտքէն, մէկ Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու ապահովութիւնն ու վտանգը, անորոշութիւնը, մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն փոքրիկ յաջողութիւններն ու միամտութիւնները, հայութեան ստորակայութեան բարդոյթը, մեծ պետութիւններու ու Թուրքիոյ գերակայութեան հիւանդագին բարդոյթները…

Բնականաբար, 471 էջ հաշուող այս հատորը կ’անդրադառնայ 1940-ական թուականներու իրադարձութիւններուն, միջազգային մեծ խաղերուն, Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զարգացող պատերազմին, ուր Խորհրդային Հայաստանն ու Խորհրդային Միութեան հայ զինուորականներ, կամաւորներ, սովորական քաղաքացիներ եւ արտասահմանի հայեր, կարեւոր, չըսելու համար շրջադարձային դեր կատարեցին, հասնելով մինչեւ Պերլին:

Կարելի չէ գրախօսականի մը նեղ սիւնակներուն մէջ ամփոփել այս գիրքին բովանդակութիւնը: Սակայն, անհրաժեշտ է ծանօթացնել եւ մղել ընթերցողը, որպէսզի անպայման ձեռք անցընէ այս հատորը եւ ընթերցէ: Նորատիպը Դասագիրք է բոլորիս համար, արտերկրի թէ Հայաստանի մէջ բնակող իւրաքանչիւր հայու միտքը լուսաւորող, մեր, շրջանային թէ միջազգային հարիւրամեայ անցեալի քաղաքական վերիվայրումներուն մասին լուսաբանող գիրքն է ան, որ «պարտադիր գրականութեան» ցանկին վրայ ունենալու է իր տեղը: Այդ իսկ պատճառով, այս հատորը անհրաժեշտ է թարգմանել տալ եւ տպագրել մանաւանդ անգլերէնի եւ ռուսերէնի, որպէսզի շատ աւելի մեծ լսարան ունենայ, որպէսզի լայն հասարակութիւնը փաստերով ծանօթանայ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի միջազգային սակարաններու մէջ հայութեան ու Հայաստանին վերապահուած դերին…: Փաստօրէն, ինչ որ 2020-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, շարունակութիւնն է մեր պատմութեան հերթական «ճակատամարտին», շարունակութիւնն է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն, Ռուսիոյ ու Արեւմուտքի մրցակցային քաղաքականութեան, մեր զգացական պոռթկումներուն եւ որոշումներուն, միամտութեան, տհաս կամ անհաս դիւանագիտութեան, դաւաճաններ փնտռելու ներքին թուլութեան:

Զաւէն Մսըրլեան պատմաբանին երկար տարիներու աշխատանքին արդիւնք է այս բովանդակալից հրատարակութիւնը, որ ափսո՜ս, շատ ափսոս, որ սեղանի գիրքը պէտք է դառնար ո՛չ միայն Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան գործիչներուն, այլ նաեւ երէկուան՝ սերժսարգսեանանական, ռոպերթքոչարեանական եւ լեւոնտէրպետրոսեանական օրերու ղեկավարութիւններուն:

Նորատիպ այս հատորը բաղկացած է նախաբանէ, քսանչորս գլուխներէ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկէ, հեղինակին կենսագրական տուեալներէ: Ներկայացնենք կարգ մը գլուխներու խորագիրները միայն, պատկերացում մը ստանալու համար գիրքին բովանդակութեան մասին.

  • Սփիւռքահայ քաղաքական խմորումներ Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին
  • Նացի ցեղապաշտները եւ հայերը
  • Սփիւռքահայ կուսակցութեանց դիրքը 1941 ԽՍՀՄ-ի եւ Խ. Հայաստանի պատերազմ մուտքէն ետք
  • Նացի Գերմանիոյ եւ Փանթուրանականներու ծրագիրները Կովկասի մէջ (1941-1942)
  • Հայկական Բարձրաւանդակը գրաւելու չգործադրուած առաջադրանքը
  • Համաշխարհային Բ. պատերազմի Հայկական Լեգէոնը
  • Կովկասը ընդդէմ գերմանական նուաճողական ծրագիրներու
  • ԽՍՀՄ-էն անջատողական շարժումներ Կովկասի մէջ (1942)
  • Պերլինի Հայ Ազգային Խորհուրդի «Յայտարարութիւնը»
  • Բ. Աշխարհամարտին Նժդեհի եւ Դրոյի միջեւ պայքարը
  • Ստալինկրատի յաղթանակին ազդեցութիւնը Թուրքիոյ եւ Սփիւռքահայութեան վրայ
  • Համաշխարհային Բ. պատերազմի վախճանը եւ հայերը

Արտասահմանի մէջ գործող ազգային քաղաքական դասական երեք հոսանքները՝ ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՍԴՀԿ, հասարակական կառոյցներէն ՀԲԸՄ-ը, ինչպէս նաեւ ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, բնականաբար անմասն պիտի չմնային այդ տարիներու վճռոորոշ զարգացումներէն: Այս հատորին մէջ յարաբերաբար լայն տեղ գրաւած է ՀՅԴ-ն, տարբեր առիթներով յիշուած են միւս կառոյցները: Փաստը կը մնայ փաստ. Դաշնակցութիւնը մերթ բացայայտ, մերթ ծածուկ, փորձած է գործակցիլ միջազգային մեծ ուժերու հետ, անոնք ըլլան Ռուսիա, Անգլիա, Գերմանիա, թէ այլ: Իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, որ որպէս մէկ օղակը հսկայ Խորհրդային Միութեան, ամբողջ ներուժը տրամադրուած էր պայքարելով նացի Գերմանիոյ դէմ, յանուն խորհրդային պետութեան շահերուն: Մսըրլեան պատմագիտական տուեալներ կը հրամցնէ ընթերցողներուն, որոնք արդիւնքն են երկար տարիներու անոր պրպտումներուն:

Խորանալով մանրամասնութիւններու մէջ, այս գիրքը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց: Վերջապէս, կը կրկնենք՝ Դասագիրք է ան այսօրուան համար: Անցեալը ուսումնասիրել, սայթաքումներու պատճառները իմանալ, չկրկնել նոյն սխալները: Ժողովուրդ մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, պիտի՛ ապրի: Երեսնամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւո՛ր է խորապէս ուսումնասիրել իր դրացի պետութիւնները, շրջանային ուժերը, միջազգային քաղաքական խաղերը եւ վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը հեռու զգացական պոռթկումներէ, հեռու մեծախօսիկութիւններէ: Զաւէն Մսըրլեանի այս հատորը լրջանալու կը հրաւիրէ մեզ բոլորս: Ազգայինն ու անձնականը այնքան կլանած են մեզ, որ չենք տեսներ, չենք ուզեր տեսնել, կամ չենք կրնար տեսնել միջազգային քաղաքականութեան մէջ Հայաստանին վերապահուածը:

Գիրքին Նախաբանին մէջ Մսըրլեանի յիշողութիւնը կ’երթայ մանկութեան տարիներ, 1940-ականներ եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ ականատեսի այնպիսի վկայութիւններ, որոնք միայն ու միայն կը բարձրացնեն այս հսկայական ուսումնասիրութեան արժէքը: Մէջբերում մը հոնկէ. «Սոյն գիրքը գրելով մեր նպատակը, ոչ հերոսներ, ոչ ալ դաւաճաններ փնտռել է, ոչ մէկ կերպով սեւացրէքեան միտումներ ունի մեր ազգային ներկայ իրականութեան մէջ գործող հայ կազմակերպութիւններուն: Մեր նպատակն է պատերազմի աւարտէն երեք քառորդ դար անցնելէ ետք, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի հայկական առնչութիւնները պատմագրել, վաւերաթուղթերու, փաստերու եւ կարեւոր սկզբնաղբիւրներու վրայ, որպէսզի ազգովին սերտուին անցեալի պատահարները, ապագայի մտահոգութիւններով: Պէտք է տեղեկանալ անցեալի մասին ինչպէս որ եղած է եւ ոչ թէ որ կը ցանկայինք որ եղած ըլլար»:

Հեղինակը շնորհակալական իր խօսքը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս հրատարակութեան լոյս ընծայման՝ նիւթեր ուղարկելով, նուիրատուութիւններով թէ այլապէս: Նշենք, թէ գիրքը 2020-ի Դեկտեմբերին լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, հանգուցեալ Արամ Սեփեթճեանի «Սիփան» հրատարակչատունէն եւ հանդիսացաւ Սեփեթճեանի «կարապի երգը»՝ կատարելով նախնական սրբագրութիւններն ու խմբագրումները հեղինակին հետ: Գիրքը ունի լաթակազմ եւ թղթակազմ տարբերակ (կողքի ձեւաւորում՝ Վազգէն Մուղալեանի):

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը նման պատմական լուրջ եւ յանդուգն աշխատանքի համար, ուր անոր գիտնականի բծախնդիր մօտեցումը միա՛յն կը նպաստէ, որպէսզի դասեր քաղենք մեր անցեալէն եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ ու պետական մտածողութեամբ ոտքի պահենք մեր սիրելի հայրենիքը:

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին