Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը ուրբաթ, 23 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ապրիլ 24-ի նախօրէին, ժամը 11:00 ին ընդունեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեանս Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ-անդամուհիներ, Միութեան Ենթակառոյցներու՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յանձնախումբի, Վեթերաններու Համախմբման, Ասպետներու Վարչութեան եւ Տիկնանց Համախմբումբի ատենապետներ եւ վարչական-վարչականուհիներ:
Հանդիպման ընթացքին խօսք առնելով ՀԲԸՄ-ի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեան յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը՝ Ապրիլ 24-ի նախօրէին, փափաքելով, որ ներկայ հանգրուանին երբ հայութիւնը կը բոլորէ տագնապալի լուրջ ժամանակաշրջան, եւ ընդհանրապէս ազգային կարեւոր թուականներ յիշատակուին միասնական կեցուածքով, գաղութահայ մասնակցութեամբ եւ վեհափառ հօր հովանաւորութեան տակ, միաժամանակ թուելով Բարեգործականի եկեղեցանուէր ու ազգանուէր դերը աշխարհի եւ մասնաւորաբար լիբանանահայ իրականութենէն ներս, ի մասնաւորի վերջին հանգրուանին, երբ Միութիւնը հասաւ բազմահազար կարօտեալ ընտանիքներուն, սատար հանդիսանալով հազարաւորներու կարիքներուն, սննդեղէնով, պարենէղէնով, դեղորայքով եւ շինարարութեամբ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով հայ իրականութեան այսօրուան պարզած պատկերին, բարձր գնահատեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կատարած ազգօգուտ ծառայութիւնները եւ այս ուղղութեամբ ալ մատնանշեց Միութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշային ունեցած ազգանուէր բազմակողմանի հոգատար ծառայութեանց, հիմնադիր նախագահին ու անոր յաջորդող նախագահներուն ծառայասիրական անշեղ ուղիին ու ոգիին, միշտ առանց խտրականութեան՝ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Հայաստանէ, Արցախէ եւ Սփիւռքէ ներս, մեծ բծախնդրութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը շարունակելով իր անդրադարձը Միութեան բազմաբովանդակ գործունէութեանց մասին, ըսաւ, թէ ինք մօտէն կը հետեւի ՀԲԸՄ-ի կեանքին, եւ մասնաւորաբար Լիբանանէ ներս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կատարած ծաւալուն աշխատանքներուն, եւ թէ Միութեան մամուլէն վերահասու կը դառնայ շատ մը բնագաւառներէ ներս կատարուող ու մեր գաղութի զաւակներուն հանդէպ տարուող ծառայութեանց, յայտնելով իր արժանի գնահատականը:
Իսկ ակնարկելով հայ աշխարհի այսօրուան ոչ բաղձալի եւ տխուր վիճակին, Վեհափառը յայտնեց իր խոր մտահոգութիւնը մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի մասին, ու ներկայ իրավիճակէն դուրս գալու միակ լուծումը «Ազգային միասնական առողջ կեցուածք որդեգրելու մէջ է», -ըսաւ Վեհափառ Տէրը:
Օգտաշատ համդիպման աւարտին, առնուեցաւ յիշատակի նկար մը: Ապա ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտներու մասնակցութեամբ, Միութեան անունով Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Վիգէն Չէրչեան ծաղկեպսակ զետեղեցին Մեծ Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ, յարգելով Միութեան աւանդական կարգը եւ մատուցելով յարգանքի տուրք՝ մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ հայրենակիցներուն:
ՀԲԸՄ ԼՐԱՏՈՒ