Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

«Յիշում Ենք Ու Պահանջում»

«Յիշում Ենք Ու Պահանջում» –

Համազգային Զօրակոչ Համազգային Վտանգին Ընդառաջ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

«Յիշում ենք ու Պահանջում», Աւելի քան 800 էջաթիւ ստուար հրատարակութիւն մը որ կը կրէ Հրանուշ Հրանդի Յակոբեան ստորագրութիւնը։ Գիրքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Համահայկական յանձնաժողովի քաղաքական աշխատանքներուն, պետական նիստերուն, միջազգային եւ համահայկական գիտաժողովներուն, եւ այլ առիթներով, Սփիւռքի Նախարար Տիկին Յակոբեանի հրապարակային ելոյթներն են Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ գործադրուած ձեռնարկներուն։

Տիկին Յակոբեան հարուստ մտաւորական պաշարով, իրաւաբանական գիտութիւններու մասնագիտութեամբ, Ազգային ժողովի մէջ բազմաթիւ յանձնաժողովներու պետական բարձր պաշտօններ վարած, դիւանագիտական ճկուն յարաբերութիւններով հարստացած, առանձնայատուկ դէմք մըն է մեր ազգային քաղաքական բեմին վրայ։

2008-ին հաստատուած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան առաջին եւ միակ նախարարուհին եղաւ որ տասը տարիներու, անստգիւտ վարքով, հմուտ՝ հանրային յարաբերութիւններու մէջ, գիտակ՝ կազմակերպչական ռազմավարութիւններով ու ճարտասանական տաղանդով հմայեց իր լսարանները լծուելով խոհեմութեամբ երկու անջրպետները՝ Հայրենիքն ու Սփիւռքը կամրջելու դժուարին գործին։

Գիրքը կ՚ընդգրկէ չորս ստուար գլուխ, իւրաքանչիւրը՝

37, 27, 8 եւ 12 հատուածով։ Առաջին մասը համապարփակ կը ներկայացնէ իր ելոյթները, զեկոյցները՝ միջազգային, համահայկական եւ այլ գիտաժողովներու ընթացքին արտասանուած։ Երկրորդ մասով կ՚անդրադառնայ Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կազմակերպող յանձնաժողովներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ունեցած ելոյթներուն։ Երրորդ մասով Տիկին Յակոբեանի «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» իր գրքէն առնուած հատուածէն «Հայոց Ցեղասպանութիւնից Հարիւր Տարի Անց» մասով, կ՚անդրադառնայ Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ առկայ հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, համապատասխան լուծումներ առաջարկելով։ Վերջին եւ չորրորդ գլուխով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Միջոցառումները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի վեց նիստերուն ներկայացուցած զեկոյցներն են 2011-2015 տարիներուն։

Ընթերցողը հեւքով կը հետեւի Տիկին Յակոբեանի սրարշաւ այցելութիւններուն՝ Եւրոպական ոստաններէն, Ամերիկայի ՝արեւելեան ափ, արեւմուտք, Միջին Արեւելեան գաղութներ՝ Սուրիա, Լիբանան, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, հովանաւորելու եւ քաջալերելու հայ համայնքներու կազմակերպած ձեռնակները։ Իր բոլոր ելոյթներուն կրկներգն է Հայաստան- Արցախ -Սփիւռք, եռեակի ամբողջականութեան համար մղուելիք պայքարի միասնականութեան հրաւէրը, խանդավառելով եւ խրախուսելով հայրենակարօտ զանգուածները հայրենիքի բառով ու բոյրով։ Իբրեւ Սփիւռքի նախարար դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներու գլխաւոր լծակը, միաւորելով Հայրենի պետութիւնն ու հայկական Սփիւռքի եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային պատասխանատուները։

Միջազգային եւ Համահայկական գիտաժողովներուն Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ իր ելոյթները կը կրեն իրաւական բնոյթ։ Ըլլալով իրաւաբան, իրաւաբանական գիտութիւններու տիրապետումը հնարաւորութիւնն ու դիւրութիւնը կուտայ իրեն իրաւական լեզուով խօսելու հայոց պահանջատիրութեան թղթածրարը բանաձեւող աշխատանքներուն մասին։ Երեւանի մէջ կայացած իրաւաբաններու համահայկական միջազգային 3-րդ համաժողովին 2015-ին, իր կատարած հարցադրումներն ու ներկայացուցած առաջարկները տարբեր խումբերով եռնահետազօտութիւններ կատարելու եւ խորանալու առանձին -առանձին Լոզանի դաշնագրի, Սեւրի պայմանագրի, Ուիլսընի իրաւարարի վճռին մէջ (էջ 344), ձեւակերպելու համար հիմնաւորուած իրաւական պահանջներ, կը վկայեն իր հմտութիւնն ու գիտական մօտեցումը հարցերը վերլուծելու եւ ըստ այնմ առաջարկներ ներկայացնելու։

Իսկ աշխարհի բոլոր համայնքներուն, պետական, միջազգային եւ համազգային համագումարներուն, իր ելոյթները մէյ մէկ ուղեցոյց են ՝ կազմակերպութիւններուն, հայ դատի մարմիններուն, հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան թղթածրարը պատրաստելու։ Կը թելադրէ զիրար լրացնող աշխատանքներով ՝ պատրաստել միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ստեղծել Ցեղասպանութեան հետազօտական կեդրոններ, աշխուժացնել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ձեւաւորել ազգային ռազմավարութիւն մը իրաւական հիմքերով առաջադրուած, ունենալու համար Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան համապարփակ ու ամբողջական թղթածրար, ամուր իրաւական հիմքերով։

Իսկ սփիւռքի համայնքներուն տրուած այցելութիւններն ու ունեցած ելոյթները կը վկայեն Տիկին Յակոբեանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւնները՝ սփիւռքի ստեղծման, կազմաւորման եւ զարգացման մասին, եւ ուրեմն լաւ ճանաչողութիւնը սփիւռքի համայնքի իւրայատկութիւններուն մասին իր աշխատանքներուն կիզակէտը եղած է տիրապետելով սփիւռքի պատմութեան, բան մը որ շատերուն կը պակսէր երբ սփիւռքի մէջ աշխատելու պաշտօններ ստանձնած էին։ Լաւապէս իւրացուցած է Սփիւռքի ստեղծման պայմանները, կազմաւորման փուլերը, ազգային պահանջատիրութեան վերազարթօնքի ՝ 50 -ամեակ, 60-ամեակ 90-ամեակ եւ Հայ Դատի համար թափուած ճիգերը եւ «միայնակ» տարած պայքարը Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ։ Շատ բարձր կը գնահատէ բոլոր փորձերն ու կուտակուած աշխատանքը, վկայակոչելով օտար միջազգային մամուլի մէջ արձագանգ գտած կարեւոր յայտարարութիւններ, քաղաքական, դիւանագիտական պատասխանատու անձերու կողմէ։ Կը հասնի թուրք ազերիական քարոզչամեքենայի համակարգուած ժխտողական քաղաքականութեան, ուր կեղծարարութիւններով, պատմութիւնը եղծելով մարդկութիւնը մոլորեցնելու պետականօրէն հսկայ աշխատանք կը տարուի եւ որուն դէմ պայքարելու համար կը թելադրէ անյետաձգելի կերպով լրագրողական եւ հետազօտական աշխատանքներու լծուիլ օգտագործելով թուրք պատմաբաններու վկայութիւնները հակադարձելու եղծումներուն։ Այս աշխատանքին համար հրամայական կը նկատէ թէ՛ հայրենի պետութեան եւ թէ՛սփիւռքի լրագրողական քաղաքական պատասխանատուներուն պարտաւորութիւնը։

Տիկին Յակոբեան, իր բոլոր ելոյթներուն մէջ աշխարհի որ համայնքի մէջ ալ որ գտնուած է ՝Պրիւքսէլ, Լիբանան, Ֆրանսա, Ամերիկա, բոլորին մէջ անխտիր կ՚արտայայտեն, խելացի եւ կանխամտածուած կազմակերպուած գործունէութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը, մշակելով նորանոր կրթական, իրաւական, գեղարուեստական եւ պետական ծրագիրներ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերածելու արդիւնաւէտ աշխատանքի։

Սփիւռքի ելոյթները համեմուած են վերապրողներու սրտառուչ դրուագներով որոնք ելոյթներուն կու տան սփիւռքահայու կրած խոցին մեծութիւնն ու խորքը եւ անոր ցաւը բաժնած ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ թելադրելով Տիկին Յակոբեանին պատասխանատու եւ բծախնդիր վերաբերմունքը իր յանձնառութիւններուն մէջ՝ լաւապէս ճանչնալու Սփիւռքը։ Արդիւնքը եղաւ՝ արդարամտօրէն եւ ճշմարտապէս սփիւռքը ներկայացնել Հայաստանի պետական գործընթացին մէջ։

Կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի, 2011-2015 տարիները ընգրկող վեց նիստերուն։ Տիկին Յակոբեան համապարփակ ու խտացուած կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ տարածաշրջանային յանձնաժողովներու գործունէութիւնը, անդրադառնալով իւրաքանչիւր շրջանի իրագործումներուն, անոնց ունեցած քաղաքական անդրադարձին ու արձանագրած քարոզչական նշանակութեան։ Տարածաշրջաններու գործունէութիւնը բաժնած է եօթը ուղղութիւններու ՝ քաղաքական, քարոզչական, գիտաժողովներ, համաժողովներ, գիտահետազօտական հրատարակչական աշխատանքներ, համայնքային ձեռնարկներ, թանգարաններ, հրապարակներու, յուշարձաններու յուշահամալիրներու, խաչքարերու, տեղադրում որոնք բոլորը կը պսակուին հայ եկեղեցւոյ սրտառուչ արարողութիւններով։ Երախտագիտութեամբ եւ հիացումով կը գնահատէ տարածաշրջանի յանձնաժողովներու տարած աշխատանքը, հայրենասիրական ոգին, անսակարկ նուիրումն ու անչափելի ճիգով ձեռքբերուած իրագործումները անցնող հարիւրամեակի ընթացքին եւ այսօր հարիւրամեակի առթիւ։

Տիկին Յակոբեան իր այս երկով պատմութեան կը յանձնէ մեր ժամանակներու Հայաստան – Սփիւռք համագործակցութեան ոսկեդարը, սերունդներուն փաստացի կը հրամցնէ համահայկական գործակցութեան հսկայածաւալ եւ անչափելի ձեռքբերումներ ու յաջողութիւնները։ Կը խօսի աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւններուն մէջ ծուարող հայուն մասնակցութեան ու արեան կանչին անսալու պատրաստակամութեան մասին։ Մեր ժողովուրդի անսպառ խանդին ու կենսագործելու տենդին, կամարուած հայրենիքը կառուցելու տեսիլքով։

Տիկին Յակոբեան ժամանակից պատմութեան մէջ կ՚անցնի որպէս մեր ժամանակի շունչն ու ճշմարտութեան քաջարի խօսնակը, ազգային միաւորման հաշտարարը, Հայաստան – Սփիւռք հրասայլի լծակը։

Կարելի է անվերջ խօսիլ գրքին մէջ արծարծուած նիւթերուն, այնտեղ սաւառնող ոգիին, հոգիէն ժայթքող հայրենաշունչ խօսքերուն մասին, որոնք կ՚ընդգծեն ինքնութեան պահպանման անարարկելիութիւնը, ազգային միասնականութեան ոգիին պահպանումը, հայ ժողովուրդի ապագայի հանդէպ անխախտ հաւատքն ու յոյսը անմար պահելու էական պայմաններուն մասին ։ Ա՛յս է գրքին կարմիր թելը որ կ՚անցնի բոլոր ելոյթներէն հասնելու համար վերջին յաւելուածին ուր այլեւս Սփիւռքի նախարարը չէ խօսողը, այլ՝ Հայը, Արցախի դէմ Թուրք ազերիական սանձազերծուած պատերազմին իր յօդուածներով զայրացած ու խորապէս ընդվզած հայը։ Դարերու խորերէն եկող Հայը որուն մէջ կը փոթորկի հայրենիքի սէրն ու կուտակուած ցասումը, հանդէպ՝ անպատասխանատու պետական անձնաւորութիւններուն որոնք ինչպիսի՜ անհոգութեամբ եւ անտարբերութեամբ հայրենիքն ու պետութիւն ղեկավարելու գործը ստանձնած են։

Եւ հանգիտաբար հասնելու համար վերնագրին։

Ինչո՞ւ այս վերնագիրը գրքին։

Նախ անոր համար որ Հարիւր տարուան զրկանքներուն, մաքառումներուն եւ ճիգին պոռթկումն է խտացուած «Յիշում եմ ու Պահանջում» լոզունգին մէջ։ Նաեւ Հարիւրամեակի համահայկական, համազգային աշխատանքներու համագումարն է պսակուած , Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասումովը Հայ եկեղեցւոյ ։

Առաւել, այս կոչը աշխարհով մէկ համախմբեց հայութիւնն ամբողջ՝ երկրագունդի բոլոր ոստաններու մէջ, բռունցք դարձած ողողեց պողոտաները արդարութիւն եւ իրաւունք պահանջելով ցեղասպան թուրքէն։ Ահա ա՛յս միաւորուած ու բնռցքաւորուած զանգուածներն էին, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր ափերը երկրագունդի որ ցեղասպան թուրքին մէջ կրկին արթնցուցին գազանի բնազդը՝ հայը բնաջնջելու …. կը կարծէր ճզմած ու ոչնչացուցած ըլլալ հայը, բայց ահա գլխացաւանքը կրկին հրապարակ կու գար։

Ու քանի մը տարի չանցած անցաւ գրոհի կորզելով այս անգամ Արցախը, Հայաստանի վահանն ու անառիկ բերդը։

Եւ այստե՛ղ է որ «Յիշում եմ ու Պահանջում» -ը վերածուած է «Յիշում Ենք ու Պահանջում ենք»-իփոխելով սկզբնական կոչը յոգնակի լոզունգի ։ Որովհետեւ վտանգը համազգային է ու Տիկին Յակոբեանի կանչը այստեղ եւ այլեւս հրաւէր մը չէ հայ անհատին ուղղուած միայն, այլ համազգային զօրակոչ մը հաւաքականօրէն, Հայաստան–Արցախ-Սփիւռք միաւորուած ուժերով, համահայկական մտածողութեամբ եւ մէկ տեսիլքով առաջնորդուած, համազգային պահանջատիրութեան պայքար մղելու։ Համայն ազգին սպառնացող վտանգը դիմագրաւելու որ յստակ կ՚արտացոլայ իր ուղերձին մէջ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելից. Արդարութեան հաստատման Սահմանագիծ» միջազգային համաժողով-»ին ուր կ՚ըսէ ՝«Ելնելով այն իրողութիւնից որ՝

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ դրա հետեւանքների յաղթահարման հարցերում բեկումնային փոփոխութիւններ հնարաւոր են միայն համայն հայութեան ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւնների , կուսակցութիւնների ու անհատների համախմբման եւ նրանց ջանքերի մէկտեղման միջոցով», (Էջ 806)։

Եւ կը յանգի «Արցախեան Հերոսամարտի օրերին» յաւելուած յօդուածներով (էջ 651)։

Տասնամեակներու բաժանարար եւ հիւծող պայքարներէն հազիւ յառնած, հայութիւնն ամբողջ հոյակապ գործակցութիւն ցուցաբերեց Հայաստան-Սփիւռք շղթային ամրապնդման գործնական մարմնաւորում տալով նիւթական թէ բարոյական մասնակցութեամբ հայրենիքի վերականգնումի ճիգերուն, երբ եկաւ 2018-ի այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, հին համակարգը տապալելու եւ նորը ստեղծելու կարգախօսով։ Ամէնքս համաձայն էինք նորի ստեղծման, առողջ ու մաքուր հիմերու վրայ վերսկսելու պետականաշինութեան նոր փուլ մը որ վերջ պիտի տար նեխածութեան եւ փտածութեան։ Սակայն պետական կառոյցներու կաղացող ու անբան նախարարութիւններուն փոխարէն Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ պորտալարը Հայաստան-Սփիւռքին, եղաւ առաջինը գլխատուելու։ Այսօր դէպքերու տխուր հոլովոյթին հետ կը հաստատենք թէ այդպէս եւ այնքան ալ անմեղ ու կազմակերպչական հեռանկարներով չէ որ առնուեցաւ այդ քայլը։ Առաջին հերթին Սփիւռքն էր որ կ՚անջատուէր ՀՀ պետական գործունէութիւնէն, գործնական դերակատարութիւն ունենալու հեռանկարէն։ Այս մասին տակաւին կ՚անդրադառնանք այլ առիթով։ Սակայն կարեւոր է ի մտի ունենալ թէ ինչո՞ւ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր ամբողջական համակարգով կազմաքանդուեցաւ երբ ուրիշ նախարարութիւններ հիմնական փոփոխութիւններու կարիքը ունէին եւ հոն տեղի չունեցաւ այն ինչ անյետաձգելի կերպով պէտք էր ըլլար։

Ահա եւ այստե՛ղ է Տիկին Յակոբեանի կոչին հրամայական ազդանշան մը տալու տողատակի ահազանգը՝ Յիշում Ենք ու Պահանջում, պատահական կերպով չէ որ յոգնակիի վերածուած է այսօ՛ր երբ մեր կորուսեալ հողատարածքներուն կ՚աւելնան նոր տարածքներ Արցախեան պատերազմի տխուր ու ցաւալի աւարտով, բանալով նոր վէրք մը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին վրայ եւ ուրեմն պահանջատիրութեան պայքարը կը դառնայ աւելի ստիպողական ու անյետաձգելի։

Յիշում Ենք ու Պահանջում, գիրքը մարտակոչ մըն է որ սովետական ժամանակակարգերու բոլոր արգելքներն ու սահմանափակումները շրջանցելէ ետք, համահայկական զօրակոչի կը հրաւիրէ հայութիւնը ի հայրենիք եւ ի սփիւռք։

Մարտակոչ որ այսօր հրամայական կերպով կը հնչէ հայրենիքին սպառնացող վտանգը կանխելու, չ՚ընկրկելու մեզի պարտադրուած դժուարին պայմաններուն առջեւ այս անհաւասար մարտին մէջ։ Եթէ իր խօսքերը երէկ համակ սիրոյ յորդորներ էին հասնող սերունդները հայրենիքի վերադարձի եւ համախմբումի, «Արի Տուն» կանչը այսօր ահազանգ մըն է Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը հաւաքականօրէն ապահովելու, «Ի՞նչ ես անում Արցախի համար»ը՝բարկութեան ցասում է զգաստութեան հրաւիրելով անմասն ու անտարբեր չմնալու, հայրենիքի փրկութեան մահու կենաց կռիւէն։

Բայց երբ հայը միաւորուած մէկ ամբողջութիւն է, ինչպէս հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն մէջ, Հայաստանէն Ալասքա Յիշում ենք ու Պահանջում ենք-ը կը դառնայ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող պողպատեայ շղթային անքակտելի օղակը, թշնամին պարտութեան մատնող անընկճելի զէնքն ու ինքնապաշտպանութեան վահանը, եւ այն ատեն մեր անառիկ լեռներուն նոյնի՛սկ անօդաչու սարքերը չեն համարձակիր պղծել հայրենական երկինքը մեր։

Այն ատեն միայն պիտի ունենանք անպարտելի ազգ բանակ, պիտի ունենանք անխորտակելի ռազմաարդիւնաբերութիւն, պիտի ունենանք պետութիւն որ յաղթահարած է ստրկամտութեան բարդոյթը՝ չզիջելու հայրենիքը «տժգոյն» անուանելով ու ցաւ չզգալով կորսնցուցած ըլլալուն համար։ Այն ատեն պիտի ունենանք պետութիւն որ իր երկրի բնական հարստութիւնները շահագործելով պիտի ստեղծէ անկախ տնտեսութիւն չմտածելով արագ հարստանալու համար զիջումներ կատարել թշնամիին, այն ատեն պիտի ունենանք պետութիւն որ իր զաւակներու միջեւ խտիր պիտի չդնէ արդարադատութիւնը գերադասելով ամէն ինչէ վեր եւ

պիտի զգետնէ հայրենիքը աճուրդի հանող վարձկանները։ Եւ վերջապէս այն ատեն պիտի ունենաք մեր նահատակներուն արժանի զաւակներ որոնք հայրենի պետութիւնը պիտի կերտեն՝ հզօր ու նոր, հաւատալով որ Աստուծմէ ետք Հայրենիքն է գերագոյնը։

Ահա՛ տեսիլքը Տիկին Յակոբեանին երբ կը գրէ ՝ «Յիշում ենք ու Պահանջում»։

Պէյրութ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին