Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Յոյսի Պատրոյգներ

Յոյսի Պատրոյգներ

Հակառակ տագնապալի օրերուն,

Զուարթնոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

2019էն այսօր տագնապալի օրեր կ’ապրինք բոլորս:

Հակառակ սաստկացող դժուարութեանց, Տիրոջը կամքով Զուարթնոց Կեդրոնը շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ տագնապին պատշաճեցուած միջոցներով մինչեւ օրս յաջողեցանք իրականացնել մեզի վստահուած աշխատանքը:

Ա) Կրթական

Հետեւելով կրթական նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ նկատի ունենալով Քորոնա ժահրին հետեւանքով պարտադրուած կացութեան 2020 Մարտէն սկսեալ նախաձեռնեցինք առցանց դասերու կազմակերպման եւ գործադրման: Ամէնօրեայ դրութեամբ եւ ուսուցիչ-աշակերտ անհատական կապով փոխանցուեցան անհրաժեշտ այն գիտելիքները որոնք բնական պայմաններու մէջ կը դասաւանդուէին Զուարթնոց Կեդրոնի մէջ աշակերտի ներկայութեամբ:

Ուրախ ենք յայտնելու որ անհատական կրթական ծրագիրը (IEP) լաւագոյն ձեւով կարելի եղաւ կիրարկել, միաժամանակ ապահովելով աշակերտներուն հոգեկան մտային ու հոգեշարժողական առողջութիւնը եւ հմտութիւնները :

Բ) Աշխատանոցային

Կրթականի կողքին, մեր ուսուցիչները յաջողեցան առցանց կապով կազմակերպել աշխատանոցային վարժութիւնները, խմբային դրութեամբ, զարգացնելու համար աշխատանքային հմտութիւնները:

Գ) Նախազգուշացման Դաստիարակութիւն

Նկատի ունենալով Քորոնա ժահրի վտանգը, Զուարթնոց Կեդրոնը մասնագիտական ձեւով եւ առցանց դրութեամբ ծնողներուն ներկայացուց ժահրին ստեղծած վտանգը, վարակուելու դէմ կանգնելու նախազգուշական միջոցները եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքները: Ստեղծելով տեսողալսողական կարելիութիւններ, Զուարթնոց Կեդրոնը հասաւ իր ծնողներուն, զիրենք տեղեակ եւ արթուն պահելով վարակի տարածման դէմ:

Դ) Խորհրդատուական

Մեր մասնագետները շարունակեցին թէ առցանց թէ ներկայութեամբ անհրաժեշտ խորհրդատուութիւնները փոխանցել մեր ծնողներուն դժուարին այս օրերուն ստեղծած խնդիրները լուծելու համար:

Բոլոր այս աշխատանքները յաջողութեամբ կը շարունակուին շնորհիւ Զուարթնոց, ծնողք աշակերտ եւ ուսուցիչ նեցուկային խմբակին:

Ե) Նոր կեդրոն եւ նորոգութիւններ

Զուարթնոց Կեդրոնը Սեպտեմբեր 2019 թուականին փոխադրուեցաւ նախկին Աքսոր Գասարճեան ազգային վարժարանի շէնքը: Կատարուեցան շինարարական եւ բարենորոգման աշխատանքներ, որոնց նիւթական ծախսերը ապահովուեցան հաստատութեանց, կառոյցներու, միութեանց թէ անհատ հայ եւ օտար բարերարներու միջոցաւ: Դժբախտաբար երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառաւ կարելի չեղաւ հանդիսաւոր բացում կատարել, սակայն Զուարթնոցը գործեց իր նոր կեդրոնին մէջ: իր յարմարութիւններով այսօր մեր կեդրոնը օրինակելի կառոյց մը դարձած է:

Օգոստոս 4-ի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով՝ Զուարթնոցը եւս կրեց մեծ վնասներ, որոնք շնորհիւ բարերար ձեռքերու նորոգուեցան եւ կեդրոնը վերադարձաւ իր նախկին վիճակին:

Զ) Օժանդակութիւններ

Զուարթնոց Կեդրոնը ինք, հասութաբեր ձեռնարկ չէ, այլ կը գործէ շնորհիւ ազնիւ բարերարներու աջակցութեան: Տարիներու վրայ իրենց օժանդակութիւնը շարունակած մեր բարերարներուն վրայ եկան աւելնալ նորեր, որոնք ստեղծուած նոր տագնապներուն դիմաց սիրով ընդառաջեցին մեր դիմումներուն: Երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն որոնք կը շարունակեն կանգուն պահել Զուարթնոցը եւ հասնիլ մեր աշակերտներուն:

Անցնող ամիսներուն մեզի հասած օժանդակութիւններէն անմասն չմնացին ծնողները: Արդարեւ կարելի եղաւ յատկացնել 51միլիոն լ.ո. ընտանեկան պարագաներուն, 350 սննդեղէնի ծրար, 50 հականեխիչ դեղերու ծրար, բրդեղէն եւ տօնական օրերու նուէրներ ինչպէս նաեւ այլ կարիքներ: Զուարթնոց նաեւ ստացաւ մեծ քանակութեամբ հականեխիչ դեղեր որոնք կը գործածուին ամէնօրեայ դրութեամբ կեդրոնի հականեխման համար:

Զուարթնոցը կ’ապրի հաւաքական ճիգով: Բարերարներ, վարչութիւն, ընկերային ծառայողներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն, ծնողք, աշակերտ եւ ազգային կառոյցներ, միասնաբար կը սատարեն Զուարթնոցի առաքելութեան իրականացման:

Հաւաքական ճիգով նաեւ մենք կը ձգտինք տեւաբար ստեղծել դրական եւ յուսատու մթնոլորտ:

Մեր ծնողներուն կը մաղթենք յաւելեալ կորով, ուժ, համբերութիւն, առողջութիւն եւ անվտանգ օրեր:

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր բարերարներուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

Տնօրէնութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին