Վիքթոր Հիւկօ (ֆր.՝ Victor Hugo, 26 Փետրուար 1802 Պեզանսոն — 22 Մայիս 1885, Փարիզ), ֆրանսացի հռչակաւոր գրող, բանաստեղծ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ, ֆրանսական ռամկավարական վիպասանութեան առաջնորդն ու տեսաբանը:
Մանկութիւն
Վիքթոր Հիւկօ եղած է երեք եղբայրներէն կրտսերը (մեծ եղբայրները՝ Աբել (1798-1865) եւ Եւկենի (1800-1837)): Գրողին հայրը՝ Ժոզէֆ Լէօպոլտ Սիկիսպըր Հիւկօ (1773-1828), Նափոլէոնեան բանակի հրամանատար էր, իսկ մայրը՝ Սոֆի Թղէպյուշէն (1772-1821), դաշնակահարուհի էր:
Հիւկոյի մանկութիւնը անցած է Մարսէյի, Քորսիքայի, Իտալիոյ (1807) եւ Մատրիտի (1811) մէջ, ուր ընտանիքը կը տեղափոխուէր հօրը աշխատանքին բերումով եւ կրկին կը վերադառնար Փարիզ: Ճանապարհորդութիւնները խոր տպաւորութիւններ ձգած են գրողին հոգիին մէջ, որոնք կ’արտայայտուին իր ստեղծագործութիւններուն մէջ:
1813 -ին, Հիւկոյի մայրը՝ Սոֆի Թղէպյուշէն, սիրային կապ ունենալով հրամանատար Լակորիին հետ, կ’ամուսնալուծուի եւ զաւկին հետ կը հաստատուի Փարիզ:
Պատանեկութիւնը եւ գրական գործունէութեան սկիզբը
1814-1818 Հիւկօ կ’ուսանի Լիւտովիկոս Մեծ վարժարանին մէջ: 14 տարեկանին ան կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը: Կը գրէ իր չտպագրուած ողբերգութիւնները՝ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine» ողբերգութիւնները եւ «Louis de Castro» թատերախաղը: 15 տարեկանին Ակադեմիոյ մրցոյթին կ’արժանանայ պատուաւոր մեկնաբանութեան «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ 1819 -ին «Jeux Floraux» մրցոյթին «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար կը ստանայ երկու մրցանակ:
1822 Հոկտեմբերին Հիւկօ կ’ամուսնանայ Ատել Ֆուսէի հետ (1803 – 1868): Անոնք կ’ունենան հինգ զաւակ՝
Լէոպոլտ (1823-1823)
Լեոպոլտինա (1824-1843)
Շառլ (1826-1871) Ֆրանսուա-Վիտկոր (1828-1873)
Ատել (1830-1915)
1823-ին կը տպագրուի «Իսլանտացի Հանը» (Han d’Islande) վէպը: Շառլ Նոտյէի հիմնաւորուած քննադատութիւնները հիմք հանդիսացան Հիւկոյի եւ Նոտյէի հետագայ ընկերութեան համար, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1827-1830 : Այս ժամանակահատուածին մէջ Հիւկօ կը վերսկսի իր յարաբերութիւնները հօրը հետ եւ կը գրէ «Գովք Հօրս» (Odes à mon père, 1823), «Երկու Կղզի» (1825) եւ «Պայքարէն Ետք» (Après la bataille) բանաստեղծութիւնները: Հիւկոյի հայրը կը մահանայ 1828-ին:
Հիւկոյի «Քրոմուէլ» (Cromwell) կտորը, որ գրուած է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, տպագրուած է 1827 -ին: Սակայն ստեղծագործութիւնը մեծ վէճեր կը յառաջացնէ: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը հերքէ դասականութեան պայմանականութիւնները՝ յատկապէս տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը՝ ներմուծելով վիպական թատերախաղի նշոյլներ:
1829-ին լոյս կը տեսնեն «Մահուան Դատապարտուածի Վերջին Օրը» (Dernier Jour d’un condamné), իսկ 1834-ին «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux) ստեղծագործութիւնները: Այս երկու կարճ վէպերուն մէջ Հիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական վերաբերմունքը մահապատիժի նկատմամբ:
«Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը» վէպը տպագրուած է 1831-ին:
1830-1843 Վիքթոր Հիւկօ կ’աշխատի գրեթէ միայն թատրոնի համար, այնուամենայնիւ ան կը տպագրէ քանի մը բանաստեղծական ժողովածուներ՝ «Աշնանային Տերեւները» (Les Feuilles d’automne, 1831), «Մթնշաղի Երգերը» (Les Chants du crépuscule, 1835 ), «Ներքին Ձայներ» ( Les Voix intérieures, 1837), «Շողեր Եւ Ստուերներ» (Les Rayons et les Ombres, 1840 ):
Արդէն 1828-ին ան կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղերէն մէկը՝ «Էմի Ղոպսաղը» (Amy Robsart): 1829-ին կը ստեղծուի «Էղնանի» (Hernani) թատերախաղը (առաջին բեմադրութիւնը 1830-ին), որ հին եւ նոր արուեստի ներկայացուցիչերուն միջեւ գրական վէճերու առիթ կը դառնայ: Նոր արուեստի հաւատարիմ պաշտպանը կը դառնայ Թէոֆիլ Կոթյէն, որ ներշնչուած ընդունած էր այս ստեղծագործութիւնը: Այս վէճերը գրականութեան պատմութեան մէջ յայտնի են «ճակատամարտ «Էղնանիի» համար» անուան տակ:
1841-ին, Հիւկօ կ’ընդունուի Ֆրանսական ակադեմիա, իսկ 1845-ին կը ստանայ աւագ իշխանի պաշտօն (pair de France): 1848-ին ընտրուած է Ազգային ժողովին մէջ: Հիւկօ 1851-ին պետական յեղաշրջման հակառակորդ էր: Երբ Նափոլէոն Երրորդ իշխանության գլուխը կ’անցնի, Հիւկօ կ’արտաքսուի: 1870-ին կը վերադառնայ Ֆրանսա, իսկ 1876-ին կ’ընտրուի սենաթոր:
Կեանքին վերջին տարիները
Հյիւկօ մահացած է թոքերու բորբոքումէ՝ 22 Մայիս, 1885-ին, 83 տարեկանին: Թաղման արարողութիւնը տևեւած է 10 օր: Մասնակցած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ: Թաղուած է Պանթէոնին մէջ:
Ստեղծագործութիւններ
Հիւկոյի առաջին ստեղծագործութիւնները իրեն յաջողութիւն եւ յայտնութիւն կը բերեն իր կեանքի առաջին տարիներուն: Իր առաջին բանաստեղծական ժողովածուն՝ «Գովքեր եւ զանազան բանաստեղծութիւններ» (Odes et poésies diverses), տպագրուած է 1822-ին, երբ Հիւկօ 20 տարեկան էր: Լիւտովիկոս ժը. թագաւորը գրողին տարեկան գումար մը կը տրամադրէր: 1826-ին լոյս կը տեսնէ «Գովքեր Եւ Պալլատներ» ժողովածուն:
Վիքթոր Հիւկոյի առաջին հասուն ստեղծագործութիւնը «Մահապատիժի Դատապարտեալին Վերջին Օրը» ( Le Dernier Jour d’un condamné) երկն է, որ գրուած է 1829-ին: Այս ստեղծագործութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգած է Չարլզ Տիքընզի եւ Տոսդոեվսկիի վրայ: «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux)-ն կարճ, իրական հիմք ունեցող վաւերագրական պատմութիւն է մարդասպանի մը մասին, որ Ֆրանսայի մէջ մահապատիժի ենթարկուած է: Անիկա լոյս տեսած է 1834-ին: Սակայն Հիւկոյի առաջին լիարժէք վէպը կը համարուի «Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը» (Notre-Dame de Paris), որ տպագրուած է 1831-ին եւ թարգմանուած է շարք մը լեզուներու:
Հիւժուկ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է: Իր կեանքին ընթացքին հրատարակուած են անոր չափածոյ ստեղծագործութիւնները քսանմէկ ժողովածու, իսկ յետ մահու՝ ութը գործ: