Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուած է 10 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ օսմանեան կառավարութեան եւ 1914-18 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեքոսլովաքիա, Սերպերու, խրուաթներու եւ Սլովեններու թագաւորութիւն, Հիժազ) միջեւ։ Հայաստանի հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը։ Ան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքերու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

Սեւրի Դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան բաժանման դաշնագիրն է։

Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը (1916)՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Մուտրոսի Դաշնագիրը (1918 Հոկտեմբեր 30)՝ Թուրքերուն եւ Դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան դաշնագիր, որմով թուրքերը ապազինման կը պարտադրուին եւ Տարտանելն ու Վոսպորը կ՛ապառազմականացուին եւ կը հաստատուի դէպի Սեւ Ծով եւ փոխադարձ, նաւերու ազատ շրջագայութիւնը, 1919 Յունուար 18 Փարիզին մէջ սկսած Խաղաղութեան եւ 1920 Ապրիլի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովները Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրին հիմքը կը հանդիսանան։

Պայմանագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային եւ քաղաքական, փոքրամասնութիններու պաշտպանութեան, ռազմական, ծովային եւ օդային, գերիներու եւ պատիժներու, տնտեսական եւ նիւթական, օդային նաւագնացութեան, ջրային եւ երկաթուղային ճանապարհներու, աշխատուժի հարցերուն։

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք։ Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ։ Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ օսմանեան կառավարութիւնը։ Քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ։

Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, քեմալական Թուրքիան օգտուելով միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, կը փորձէ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը փոխարինել կամ անորմէ հրաժարիլ, հետեւեալ համաձայնագրերով որոնք սակայն զուրկ են որեւէ իրաւականութենէ նշուած պատճառներով․․-

Ալեքսանդրaպոլի դաշնագիր (1920 Դեկտեմբեր 3 լուսաբացին), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին միջեւ, սակայն մէկ օր առաջ՝ Դեկտ․ 2 կ․ե․ ժամը 5-ին Հայաստանի պետական լիազօրութիւնը ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։

Մոսկուայի համաձայնագիր (1921 Մարտ 16), Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ․ Հայաստանի վերաբերող տրամադրութիւններ առանց Հայաստանի ներկայութեան։

Կարսի դաշնագիր (1921 Հոկտեմբեր 13), Թուրքիոյ՝ Քեմալի ներկայացուցիչին որ սակայն լիազօրուած չէր օսմանեան կառավարութեան կողմէն եւ Խորհրդային Հայաստանի (ո՛չ ազատ, այլ Մոսկուայի հովանին տակ) միջեւ։

Լոզանի դաշնագիր (1923 Յուլիս 24), առանձին համաձայնագիր մըն է, տարբեր նիւթով․ անոր 16-րդ յօդուածը կ՛ըսէ թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմէր Լօզանի Դաշնագրի քննարկման (Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի հողատարածքի սահմանները Լօզանի դաշնագրին քննարկման նիւթ չէին կազմեր)։

Դաշնակիցները կը ճանչնան Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի (Զմիւռնիա), Կիլիկիոյ նկատմամբ, բոլոր այն տարածքները, որոնք անցած էին Հայաստանի, Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։ Սակայն, Սեւրի Դաշնագիրը կամ Պայմանագիրը մինչեւ այսօր ի զօրու է, որովհետեւ Սեւրի Պայմանագիրը ստորագրող պետութիւնները Դաշնագիրը չներկայացուցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն (որ պարտաւոր էին ըստ միջազգային իրաւական եւ «բարոյական» օրէնքներով), առաւել Սեւրի Դաշնագիրը որեւէ Միջազգային համաձայնագրով չէ փոխարինուած։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին