Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան Սաղիմահայութեան Դիմագրաւած Ոտնձգութիւններուն Առնչութեամբ Հարցադրումներով Դիմած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարին եւ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարին

Ինչպէս յայտնի է միջազգային լրատուութեանց եւ տեղւոյն հայերուն տեղեկատուութեամբ, Երուսաղէմի մէջ զինուած անձերու կողմէ ատենէ մի ի վեր տեղւոյն հայկական պատմական թաղամասին վրայ յարձակումներ տեղի կ՛ունենան: Ըստ տեղեկութիւններու, այս վիճակին ուշացումով կը միջամտէ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը, սակայն բացայայտ կողմնակալութեամբ: Կողմնակալութեան հարցը հետաքննութեանց ենթակայ հարց ըլլալով հանդերձ, փաստը այն է, որ կը ձերբակալուին հայ տղաք, որոնք դէմ դնելու համար պետութեան կողմէ համապատասխան կերպով չվերահսկուող խուլիկանութեան, ակամայ ձեռնարկած են հայկական թաղամասին ինքնուրոյն պաշտպանութեան ու պահպանութեան:

Այս տագնապալի իրավիճակին ի տես, ընկ. Սեւակ Յակոբեան հարցադրումներով դիմած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին եւ  Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին:

Իր դիմումին մէջ, ընկ. Յակոբեան պարոն Միրզոյեանին յիշեցուցած է, որ Երուսաղէմը կը գտնուի միջազգային շահերու եւ հաշուարկներու խաչմերուկին վրայ, որուն պատճառով բնականաբար Հայաստանի պետութիւնն ալ շահագրգռուած պէտք է ըլլայ այնտեղի խաղաղ համակեցութեամբ, նամանաւանդ որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի համայնքին մէջ քիչ չէ թիւը Հայաստանի քաղաքացիներուն, ընդ որում նաեւ այս պահուս գուցէ ձերբակալեալներ:

Հիմնուելով վերոնշեալին վրայ ընկ. Յակոբեան պարոն Միրզոյեանին ներկայացուցած է  երկու հարցումներ.

1. Իսրայէլի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկած է այս հարցին վերաբերեալ:

2. ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըստ ընդունուած կարգին, ձեռնարկա՞ծ է իր մօտ կանչել Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչը հարցադրումներ կատարելու անոր:

Իսկ պարոն Սինանեանին իր դիմումին մէջ, ընկ. Յակոբեան պարոն յանձնակատարին յիշեցուցած է, որ Երուսաղէմի մէջ ունինք հայկական Սփիւռք (որոնց մէջ ի դէպ քիչ չէ թիւը Հայաստանի քաղաքացիներուն), ունինք հայկական թաղամաս  եւ սփիւռքահայ կալուածներ ու ազգային արժէքներ, աւելցնելով, որ սաղիմահայ հայորդիներէն այսօր կան ձերբակալեալներ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ ընկ. Յակոբեան պարոն Սինանեանին առջեւ դրած է  հետեւեալ երկու հարցումները.

1. Ձեր գրասենեակի կեցուածքը ի՞նչ է սփիւռքահայ կալուած նկատուող Երուսաղէմի Հայոց Վանքի սեփականութիւնը եղող՝ «կովերու պարտէզի» խնդրայարոյց վարձակալութեան նկատմամբ:

2. Ի՞նչ միջոցառումներու կը ձեռնարկէք մօտէն հետեւելու Երուսաղէմի մէջ այս դժուարին պահերը ապրող մեր հայրենակիցներուն իրավիճակով:

Սպասելով խնդրոյ առարկայ պատասխանատու անձերուն պատասխաններուն եւ ի պաշտօնէ պատշաճ միջամտութեան, սաղիմահայութեան կը մաղթենք ուժ եւ կորով՝ միակամութեան բարձր գիտակցութեամբ դիմագրաւելու համար իրենց եւ մեր ազգային արժէքներուն սպառնացող ամէն վտանգ:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին