«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սիմոն Երեմեան (30 Հոկտեմբեր 1871, Տրապիզոն – 1936, Միլան), հայ բնագէտ, գրող, բանասէր, Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն մին։
Ուսանած է իր ծննդավայրին մէջ, ապա Վենետիկի Մխիթարեաններու մօտ: 1895 թուականին դարձած է միաբանութեան անդամ։ 1899-1905 թուականներուն խմբագրած է «Բազմավէպ»ը, 1901 թուականին՝ «Գեղունի» հանդէսը։ 1896 թուականին Վենետիկի մէջ հրատարակած է «Նոր կենդանաբանութիւն եւ մարդակազմութիւն: Պատմական եւ նկարագրական», 1898 թուականին՝ «Տարվինականութիւն կամ տեսակաց եւ մարդուս ծագման խնդիրը», 1901 թուականին՝ «Հայ բժշկարանը» աշխատութիւնները: Սիմոն Երեմեան զանազան պարբերականներու մէջ յաճախ հանդէս եկած է «Ատրուշան» կեղծանուամբ։
Աշխատութիւններ
Ուշագրաւ է «Պատկերազարդ բառգիրք գործնական գիտութեանց» (1900) աշխատութիւն-հանրագիտարանը։ Հրատարակած է գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ՝ «Տուրկին» (1903), «Տագնապը» (1904) վիպակները, «Անէծք» (1903), «Սաթենիկ» (1904), «Ուխտը» (1905) ողբերգութիւնները, արձակ բանաստեղծութիւններ, յուշեր։ Լոյս ընծայած է գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ՝
«Կենսագրութիւն Ղեւոնդ Ալիշանի» (1902),
«Գրական պատմութիւն եւ գեղեցիկը» (1915),
«Գրագէտ հայեր» 10 հատորնոց աշխատութիւնը (1913-1933), ուր տրուած են հայ մշակութային գործիչներու (Ղեւոնդ Ալիշան, Ղազարոս Աղայեան, Մատթէոս Մամուրեան, Յակոբ Պարոնեան, Տիգրան Կամսարական) դիմանկար-բնութագրականները։