․․․Ես շատ կը չարչարուէի Շառլը կերակրելու համար, կ’ուզէի, որ շուտ մեծնար, ուժեղ դառնար, յորդորներով, ծամածռութիւններով կը ստիպէի կուլ տալու այն ամէնը, ինչ կը դնէի բերանը․
— Կե՛ր, ափարիկս, կե՛ր…
Եւ այնպէս եղաւ, որ մեր հարեւանը սկսաւ կասկածիլ իմ թափած ջանքերուս վրայ, եւ երբ օր մը եղբօրս ոտքերէն բռնած գանձանակի պէս գլխիվայր թափ տուաւ, բերանէն թռան կոճակներ, մետաղադրամ, թղթի կտորտանք, բայց… նաեւ պատառ մը միս։ Պէտք չէ, անշուշտ, մոռնալ, որ ես Շառլէն ընդամէնը տասնվեց ամիս մեծ էի, իրեն նկատմամբ նման «հոգատարութիւն» ցուցաբերելու ատեն երեք տարեկան նոյնիսկ չկայի։
Ընդհանրապէս, ինծի միշտ այնպէս թուած է, թէ մենք հասակակիցներ ենք, նոյնիսկ երկուորեակներ, իրարու հետ խաղալու ժամանակ երբեք չէ պատահած, որ մայրը դարձած ըլլամ, ես գոնէ այդպիսի դէպք չեմ յիշեր, հակառակ անոր մինչեւ հիմա ալ աչքիս առջեւ է, թէ ի՛նչպէս ամիսներ շարունակ յափշտակուած անթել հեռախօս կը խաղայինք…:
Այտա Ազնաւուր