Մոնթէ Մելքոնեանի սայպըր (cyber) բանակի կայքահէնները, Հայոց բանակի օրուան առիթով յարձակած են Ազրպէյճանի պետական կայքերու վրայ:
Այս մասին գրուած է սայպըր բանակի «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ, ըստ որուն յարձակման պատճառով անհասանելի դարձած են Ազրպէյճանի պետական մարմիններու համացանցային աղբիւրներու կայքը (gov.az), Ազրպէյճանի պետական կառոյցը (e-gov.az) եւ հարկեր վճարելու կայքը (taxes.gov.az):
Հրապարակուած են գաղտնի փաստաթուղթեր Քաղաքացիական ծառայութեան յանձնաժողովի կայքէն (csc.gov.az), 81 հազար ազրպէյճանցիներու ելեկտրոնային հասցէներ, գաղտնաբառեր, անուն-ազգանուններ եւ IP հասցէներ:
Բոլոր տուեալները տեղադրուած են բաց ցանցի մէջ, որ կարելի է ներբեռնել: