spot_img

«Հզօր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Հզօր Սփիւռք»

Մեր պաշտօնակից՝ Արժանթինի «Սարտարապատ»-ի կայքէն կ՛արտատպենք այնտեղ հրապարակուած՝ Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Կազմակերպութիւններուն (ԻԱՌԱ) յայտարարութիւնը:

Անվերապահօրէն համամիտ ենք այնտեղ արտայայտուած իւրաքանչիւր մտքին հետ, որոնք մեր կարգին անպայմանօրէն կ՛երկրորդենք ու մեր հերթին կը ստորագրենք անոր տակ:

Խմբ.


Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կազմակերպութիւնները կը պահանջեն յարգանքի, երկխօսութեան եւ համատեղ կառուցման վրայ հիմնուած յարաբերութիւն:

 Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կազմակերպութիւնները (ԻԱՌԱ) անհրաժեշտ կը նկատեն հրապարակաւ յայտնել իրենց դիրքորոշումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն միջեւ կապերուն վերաբերեալ՝ «Հայաստան 2026» համաշխարհային գագաթաժողովի հրաւէրին առընչութեամբ եւ, մասնաւորաբար, Հայաստանի Ազգային ժողովէն իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեանի վերջին յայտարարութիւններուն առիթով։ Ան պնդած էր, թէ «եթէ Սփիւռքը հզօրանայ, Հայաստանը կը տկարանայ», թէ «Սփիւռքը պէտք է տկարանայ, որպէսզի Հայաստանը հզօրանայ», եւ թէ արտերկրի հայկական համայնքները պէտք է «ընեն այն, ինչ Հայաստանը կը պահանջէ իրենցմէ»։

Այս յայտարարութիւնները, ըլլալով իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչի կողմէ կատարուած եւ խորհրդարանական հարթակէ հնչած, չեն կրնար դիտուիլ իբրեւ երկրորդական հարց կամ պարզապէս անձնական կարծիք, որովհետեւ անոնք կ՛առաջարկեն Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան այնպիսի ընկալում մը, որ հիմնուած է ենթակայութեան վրայ։

ԻԱՌԱ-ն անհրաժեշտ կը նկատէ յստակ կերպով շեշտել, թէ Սփիւռքը հայկական պետութեան ծառայող կառոյց մը չէ եւ ոչ ալ հրահանգներ ստացող մարմին, այլ Հայ ազգի էական մասը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական դաշնակիցը, որուն փորձառութիւնը, կառոյցային կարողութիւնը, միջազգային կապերը եւ կարծիքը պէտք է լսուին, յարգուին եւ նկատի առնըւին ընդհանուր նպատակներու կառուցման ընթացքին։

ԻԱՌԱ-ն կը պնդէ ճիշդ հակառակը. Հայաստանը հզօրացնելու համար անհրաժեշտ չէ տկարացնել Սփիւռքը։ Հզօր Հայաստանին անհրաժեշտ է հզօր, գործուն, նուիրուած եւ նպաստելու կարողութիւն ունեցող Սփիւռք։ Սփիւռքը արգելք չէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդման եւ հզօրացման ճանապարհին, ոչ ալ ազգային ծրագրէն դուրս գործող ուժ։ Ան Հայ ազգի հիմնարար մէկ մասն է՝ կառուցուած սերունդներու աշխատանքով, այն համայնքներուն կողմէ, որոնք բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ յաճախ աւելի քան մէկ դար շարունակ պահպանած են հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, մշակոյթը, յիշողութիւնը, հաստատութիւններն ու արժէքները։

Սփիւռքի տկարացումը կը նշանակէ տկարացնել Հայաստանի հիմնական ուժերէն մէկը։ Աշխարհով մէկ գործող հայկական հաստատութիւններու, մասնագէտներու, գործարարներու, ակադեմականներու եւ ղեկավարներու լայն ցանցը կը կազմէ Ազգին համար մեծ արժէք ներկայացնող մարդկային, կառոյցային, մշակութային եւ յարաբերական հաւաքական ներուժ մը։ Հետեւաբար, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ենթակայութեան, հրահանգման կամ միակողմանի հետեւելու տրամաբանութեամբ։

Սփիւռքը չի կրնար դիտուիլ որպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած որոշումներու պարզ ընդունող մը, որուն միայն կը փոխանցուին այդ որոշումները։ Աշխարհի հայկական համայնքները պէտք է ճանչցուին որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական դաշնակիցներ, որոնք ունին ներդնելու գիտելիք, փորձ, միջոցներ, միջազգային կապեր եւ խոր նուիրուածութիւն Ազգի ապագային նկատմամբ։ Այս հաւաքական ներուժը պէտք չէ տկարանայ, այլ պէտք է հրաւիրուի, լսուի եւ արժեւորուի։

Արժանթինի պարագային հայկական համայնքը աւելի քան մէկ դար շարունակ կառուցած է հաստատութիւններ եւ զարգացուցած հասարակութեան մէջ խորապէս ներգրաւուած ներկայութիւն՝ քաղաքական, ակադեմական, տընտեսական, մշակութային, կրթական եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ։ Այս ուղին ժառանգութիւն մըն է, որ կը պատկանի թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ ամբողջ Հայ ազգին։ «Հայաստան 2026» համաշխարհային գագաթաժողովը այս իմաստով կարելիութիւն մըն է՝ առաջ շարժելու դէպի Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր փուլ մը։

ԻԱՌԱ-ն կը կարեւորէ մասնակցութիւնը, սակայն անհրաժեշտ կը նկատէ, որ այդ մասնակցութիւնը դուրս գայ զուտ ծիսակարգային կամ խորհրդատուական սահմաններէն եւ վերածուի իրական երկխօսութեան տարածքի, ուր համայնքները կրնան արտայայտել իրենց դիրքորոշումները, ներկայացնել իրենց փորձը եւ մասնակցիլ ընդհանուր նպատակներու սահմանման։

ԻԱՌԱ-ն կը հասկնայ, որ ազգային քաղաքականութեան կառուցումը կը պահանջէ լսել նաեւ այն ձայները, որոնք աշխարհի տարբեր ծայրերէն սերունդներ շարունակ պահպանած են հայկական ինքնութիւնը, պաշտպանած են յիշողութիւնը եւ նպաստած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։ Սփիւռքը պէտք չէ տկարանայ, որպէսզի Հայաստանը հզօրանայ։ Ընդհակառակը՝ Սփիւռքը պէտք է հզօրանայ, որպէսզի Հայաստանը եւս հզօրանայ։ Հզօր Հայաստանը եւ հզօր Սփիւռքը հակասական ծրագրեր չեն։ Ընդհակառակը՝ անոնք կարիք ունին իրարու։

Ազգային շահերու պաշտպանութիւնը, ինքնութեան պահպանումը եւ Հայաստանի միջազգային ներկայութիւնը աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլան, որքան աւելի սերտ ըլլայ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Այս համատեքստին մէջ ԻԱՌԱ-ն Սփիւռքի հարցերով Բարձր յանձնակատարին ներկայացուցած է առաջնահերթութիւններու շարք մը՝ «Հայաստան 2026» գագաթաժողովի քննարկման համար։

ԻԱՌԱ-ն կը վերահաստատէ իր կամքը՝ աշխատելու հզօր, ինքնիշխան եւ միջազգայինօրէն յարգուած Հայ ազգի համար, համոզուած ըլլալով, որ այս նպատակը կարելի է իրականացնել ոչ թէ Սփիւռքը սահմանափակելով, այլ անոր կարողութիւնները համախմբելով եւ համատեղ ռազմավարութիւն կառուցելով։

Հայաստանն ու Սփիւռքը մրցակիցներ չեն նոյն տարածքին համար. անոնք մէկ եւ նոյն Ազգի երկու անբաժանելի բաժիններն են։

ԻԱՌԱ – Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններ

Պուէնոս Այրէս, 2026 թուականի Օգոստոս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին