Տեսակէտ
ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԹԱԵԱՆ
Սոյն գրութեան հեղինակը կը բարձրաձայնէ շատերուս կողմէ, կոյր-խուլ-համր ձեւանալով յաճախ շրջանցուող երեւոյթ մը, որն է. «կոր» մասնիկը:
Արդարեւ, Հայերէնի «կոր» մասնիկը յատուկ է արեւմտահայերէնին ու կը գործածուի բայի սահմանական եղանակի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակաձեւերուն մէջ՝ գործողութեան շարունակականութիւնը (կատարման ընթացքը – present continuous) շեշտելու համար:
Ահա՛ «կոր» մասնիկին հիմնական յատկանիշները.
Իմաստը. Անիկա ցոյց կու տայ, որ գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ խօսելու պահուն (ներկայ շարունակական): Օրինակ՝ «կը գրեմ» կրնայ նշանակել թէ՛ սովորաբար գրել, թէ՛ ապառնի գործողութիւն, իսկ «կը գրեմ կոր» կը նշանակէ՝ հէնց հիմա կը գրեմ:
Գործածութիւնը. Կը գործածուի հիմնականին մէջ խօսակցական լեզուին մէջ եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ՝ կերպարներուն խօսքը բնութագրելու համար: Պաշտօնական գրաւոր արեւմտահայերէնի մէջ անկէ յաճախ կը խուսափին գործածելէ:
Կազմութիւնը. Կը դրուի խոնարհուած բայէն ետք (յետադաս): Բաղաձայնով սկսող բայերու պարագային երբեմն «կը» նախամասնիկը կրնայ ջնջուիլ (օրինակ՝ «գրեմ կոր»):

Ծագումը. Լեզուաբաններուն մէկ մասը (օրինակ՝ Հ. Աճառեան) զայն նկատած է փոխառութիւն թրքերէնի -yor մասնիկէն: Սակայն կան տեսակէտներ, որ անիկա ունի զտարիւն հայկական ծագում՝ յառաջացած ըլլալով միջին հայերէնի «կոյ» (կայ) մասնիկէն:
Իր վերջաբանին մէջ հեղինակը կը շեշտէ, թէ «կոր» օգտագործող Հայը սխալ հայերէն չէ, որ կը խօսի, այլ՝ (իր կարծիքով) ուրիշ հայերէն: Մեր կողմէ աւելցնենք, որ Գիւմրեցի Հայն ալ օրինակի համար ունի հայերէն «կը» մասնիկը օգտագործելու իր իւրայատուկ եւ համով ձեւը:
Գիւմրիի (կամ՝ Կիւմրիի) բարբառին մէջ, բայի մը ետեւէն «գը» մասնիկին գործածութիւնը յատուկ է ներկայ անկատարին կամ ապառնի ժամանակին կազմութեան, որ գրական հայերէնի «կը» (կամ՝ որոշ բարբառներուն մէջ՝ «գը») մասնիկին տարբերակն է։ Գիւմրիի բարբառին մէջ ան սովորաբար կը դրուի բայէն ետք (յետադաս), ցոյց տալով գործողութեան սովորական կամ շարունակական բնոյթը։ Օրինակներ՝ «Կ՚երթամ» – «Կ՚երթամ գը», «Կ՚ուտեմ» -«Կ՚ուտեմ գը», «Կ՚ըսեմ» -«Կ՚ըսեմ գը», «Կը սիրեմ» -> «Կը սիրեմ գը»։
Այս ձեւը Կիւմրիի խօսուածքին մէջ շատ բնորոշ է եւ կ՚ընդգծէ գործողութեան ընթացքը կամ վստահութիւնը։
Ա՞յս ալ սխալ հայերէն է, թէ պարզապէս «տարբեր» կամ ինչո՞ւ չէ՝ համով հայերէն:
Խմբ.
Կարեւոր հարց մը կայ, որուն նկատմամբ արեւմտահայերէն խօսող համայնքը չէ կրցած համաձայնիլ։
Ի՞նչ է այս կարեւոր հարցը։
Արեւմտահայերէն լեզուին մէջ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար բայի եղանակ չկայ, կամ գոնէ այդպէս
կ’ըսեն քերականութեան գիրքերը եւ «մաքուր հայերէն» գիտցողները։ Չկայ անգլերէն “I am writing”-ի նման կամ սպաներէն “estoy escribiendo”-ի նման կառուցուածք մը, որ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտէ։
Հետեւաբար, շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար կը գործածուի «կոր»ը։ Այլապէս, բարդօրէն կառուցուած ստորադասական կամ յարադիր նախադասութիւններ պէտք է օգտագործել։
«Այս ինչ բանը կ’ընեմ» շարունակական գործողութեան մը գաղաբարը չի տար, այլ կու տայ սովորական գործողութեան գաղաբարը։
Շարունակական գործողութեան իմաստը տալու համար կ’աւելցնենք «կոր» ու կ’ըսենք «այս ինչ բանը կ’ընեմ կոր»։ Ասիկա շատ ընդհանրացած երեւոյթ մըն է ամբողջ սփիւռքի մէջ, ամէն տեղ ուր արեւմտահայերէն կը խօսուի։
Ամէն մէկ գաւառ, ամէն մէկ բարբառ, իր յատուկ ձեւով կը գործածէ այս «կոր»ը։ Ամէնահասարակ գործածութիւնը վերը յիշուած կերպն է, այսինքն՝
«կ’ընեմ կոր», «կ’ընես կոր», «կ’ընէ կոր», «կ’ընենք կոր», «կ’ընէք կոր», «կ’ընեն կոր»։ Գաւառաբարբառներ կան, որ կ’ըսեն «կո», ուրիշներ, որ կ’ըսեն «կա» եւ ուրիշներ, որ բային հետ կը խոնարհեն, ըսելով՝ «կ’ընեմ կամ», «կ’ընես կաս», «կ’ընէ կա», «կ’ընենք կանք», «կ’ընէք կաք», «կ’ընեն կան»։
Մեր արեւմտահայերէնի սահմանական եղանակի ներկան գործածելը եւ ակնկալելը, որ շարունակական գործողութիւն մը հասկցուի, շիտակ չէ։
Երկմտութեան եւ երկիմաստի աղբիւր մըն է։
Չկայ արեւմտահայերէն բարբառ մը որ այս «կոր»ը չունենայ։ Ասով հանդերձ, ո՛չ մէկը կը համարձակի այս «կոր»ը գրի առնելու, բացի երբ ուղղակի խօսակցութիւն մը կը նկարագրուի։ Ո՛չ մէկ քերականութեան գիրք, ո՛չ մէկ բառարան, ո՛չ մէկ լուրջ հատոր այս «կոր»ին գոյութիւնը նոյնիսկ կ’ուզէ ճանչնալ։ Բոլորը կ’ըսեն, թէ հայերէնի մէջ այդպէս բան գոյութիւն չունի։
Բոլոր անոնք, որ կ’ըսեն, թէ քերականութիւնը հրահանգագրական չէ՛, այլ միայն նկարագրական, կը մոռնան, թէ ասկէ աւելի նկարագրական բան մըչկայ։ Այդպիսիները կ’ըսեն, թէ քերականութիւնը արտօնութիւն չունի օրէնք դնելու, այլ միայն ժողովուրդին սովորական գործածութիւնը նկարագրելու։
Ահաւասիկ ժողովուրդին սովորական գործածութիւնը. մենք այսպէս կը խօսինք, եւ այսպէս խօսած ենք արեւմատահայերէնին առաջին օրէն սկսեալ։ Երկու հարիւր տարիէ ի վեր, թերեւս աւելի, ամբողջ արեւմտահայերէն խօսող հայութիւնը այսպէս խօսած է։
Շատերու հանդիպած եմ, որ երբ լեզուական սխալներ կ’ընեն, ըլլայ բառերու սխալ գործածութեան կամ շարահիւսութեան, այսինքն՝
նախադասութեանց քերականական կառուցուածքի սխալներ, եւ իրենց կը մատնանշենք այդ սխալները, կ’ըսեն, թէ իրենց խօսածը
սխալ չէ, որովհետեւ իրենց քաղաքին, գիւղին կամ թաղին մէջ այդպէս կը գործածուի, եւ եթէ քերականութիւնը կ’ըսէ թէ սխալ է, այդ քերականութիւնն է սխալը։ Բայց երբ նիւթը «կոր»ին կու գայ, այդ բոլոր սկզբունքները կը մոռնան, եւ կ’ուզեն սուրով ու հրացանով
«կոր»-ը մէջտեղէն վերցնել։
Սակայն՝ սուրը եւ հրացանը պիտի չկարենան «կոր»ը մէջտեղէն վերցնել: Նոյնիսկ եթէ «մաքուր հայերէն» խօսողները չի հաւնին, եթէ հայագէտներու կողմէ չընդունուի, նոյնիսկ եթէ բոլորովին արգիլուի, «կոր»-ը հոս է։ Կայ ու կը մնայ։ «Կոր»ը տեղ մը չերթար կոր։
Իմ տեսակէտովս՝ այս «կոր»-ը, «կո»-ն, «կա»ն, կամ «կամ, կաս, կա»ն պէտք է վերջնականօրէն ընդունուի եւ համարուի «մաքուր հայերէն», օրինաւոր, վաւերական, գրական հայերէն։
Այս յօդուածով կ’ուզեմ հռչակել, մի անգամ ընդ միշտ, որ «կոր» ըսելը սխալ չէ։ Ոչ ալ սխալ են «կո», «կա», կամ խոնարհուած կերպը, «կամ, կաս, կա, կանք, կաք, կան», եւ անցեալ անկատարի շարունակականը «կ’ընէի կոր/կո/կա», կամ խոնարհուած կերպը «կ’ընէիմ կամ, կ’ընէիս կաս, կ’ընէր կար», եւայլն։
Ինծի կ’ըսեն, թէ «կոր»-ը թրքերէնէն առնուած է, թէ ան թրքերէն «եոր»էն
կու գայ։ Ես թրքերէն չեմ գիտեր, բայց ըսածնին տրամաբանական կը հնչէ եւ հաւատալի է։ Սակայն՝ որո՞ւ հոգ, եթէ այդպէս է։ Բոլոր
լեզուները օտար բառերով լեցուն են։ Բոլոր լեզուները օտար բառեր ներմուծելով եւ որդեգրելով կը հարստանան։ Ասիկա բոլոր լեզուներու պատմութեան բնական երեւոյթ մըն է։
Հայորդիներ, կոչ կ’ուղղեմ ձեզի. անվախօրէն գործածեցէ՛ք «կոր»ը, ըլլայ խօսակցական հայերէնի մէջ, ըլլայ գրաւոր։ «Կոր»ը մեր
հարստութիւնն ու մեր պարծանքն է ։ Կեցցէ՛ «կոր»-ը։
Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ողջ ըլլար, պիտի ըսէր՝ «Կեցցէ՛ սփիւռքի քաջ եւ անվախ հայերը, որ մեր լեզուն կը զարգացնեն եւ անոր արտայայտման միջոցները կը ճոխացնեն»։
Մենք` որ «կոր» կ’ըսենք, սխալ հայերէն չենք խօսիր, այլ ուրիշ հայերէն կը խօսինք՝ աւելի արտայայտիչ, աւելի ճոխ, աւելի հարուստ,աւելի կատարելագործուած։






