Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

100,000 Տոլարի Օժանդակութիւն Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապալի կացութեան մէջ։

Լիբանանի հայկական դպրոցները վերջերս ստացան 100,000 տոլար` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինի կազմակերպած՝ հեռաձայնային վերջին դրամահաւաքին ընթացքին հաւաքուած գումարներէն։ Լիբանանահայ 16 կրթական հաստատութիւններ, որոնք ընդհանուրը ունին մօտ 4800 աշակերտ եւ 744 ուսուցիչ ու աշխատակից, օգտուեցան այս աջակցութենէն։

Գումարի բաժանումը կատարուեցաւ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թիւին համեմատ, հիմնուած՝ ստուգուած եւ ամէն տարի թարմացուող վիճակագրութիւններու վրայ, որոնք պատրաստուած են «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինին կողմէ։ Փոխանցումները կատարուած են Երեւանէն՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին միջոցով։

2013-էն ի վեր, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը շարունակաբար աջակցած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն, որոնք կրած են պատերազմի, ընկերային-տնտեսական ճգնաժամերու, համավարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Սուրիոյ կործանարար երկրաշարժի ծանր հետեւանքները։ Այդպիսով, Հիմնադրամը անգամ մը եւս հաստատեց իր լիակատար աջակցութիւնը Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն։ Ընդհանուր առմամբ, 3 միլիոն տոլար տրամադրուած է այս օգնութեանց համար, որուն 2,265,000 տոլարը ուղղուած է Լիբանանի հայկական համայնքին։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հիմնադրամին, անոր Ֆրանսայի մարմինին եւ վերոնշեալ հեռաձայնային դրամահաւաքի բոլոր նուիրատուներուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ այս ծրագիրը կը շարունակուի ամէն տարի։

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի

Լիբանանի Գործադիր Մարմին


Յանուն արդարութեան, այստեղ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինին բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց ժրաջան եւ լիբանանահայութեան հանդէպ յատուկ հոգածութիւն ու ներդրում  ունեցող Թէրզեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակ՝ Պրն. Պետրոս Թէրզեանին գլխաւորութեամբ, իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն հասնելու նաեւ լիբանանահայութեան պէտքերուն, հիմնադրամին միջոցով օգնութեան ձեռք մեկնելով դժուարին կացութեան մատնուած համայնքին:

Շնորհակալութիւն նաեւ ֆրանսահայութեան, որոնք իրենց լուման չեն խնայեր հասնելու իրենց հոգեհարազատ համայնքին պէտքերուն:

Ֆրանսահայ համայնքը իր ազգային պարտականութեան հաւատարիմ, միշտ նեցուկ է նաեւ Մայր Հայրենիքին, Հայաստանի մէջ զանազան ծրագիրներ իրագործելու ազնիւ առաքելութեամբ, որուն մասին այստեղ կը տեղադրենք նաեւ վերջերս հրապարակուած յատուկ հաղորդագրութիւնը.

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին