Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ոչ Եւս Է Զաւէն Ճանճանեան

            Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն վարժարանիս ուսողութեան երկարամեայ վաստակաշատ նախկին ուսուցիչ՝ Տիար Զաւէն Ճանճանեանի մահը, որ պատահեցաւ  Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին: Ան՝ իր հմուտ ուսուցչական ասպարէզին մէջ դաստիարակեց սերունդներ, որոնք միշտ կը յիշեն ու պիտի յիշեն անոր:

             Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջ՝ Հուրի Ճանճանեանին եւ համայն Ճանճանեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն:

              Հողը թեթեւ գայ վրան:

              Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին