Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն վարժարանիս ուսողութեան երկարամեայ վաստակաշատ նախկին ուսուցիչ՝ Տիար Զաւէն Ճանճանեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին: Ան՝ իր հմուտ ուսուցչական ասպարէզին մէջ դաստիարակեց սերունդներ, որոնք միշտ կը յիշեն ու պիտի յիշեն անոր:
Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջ՝ Հուրի Ճանճանեանին եւ համայն Ճանճանեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրան:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: