Կիրակի, 28. 04. 2024

spot_img

Հանգուցեալ Տիկ. Վարդուհի Աղազարեան-Նաճարեանի Յիշատակին

Ժամանակի հոլովոյթի ընթացքին, որոշ շրջանակներէ ներս, ի յայտ կու գան դէմքեր, որոնք տեղւոյն գործունէութեանց պատմութեան էջերուն կ՛անցնին, որպէս ներգործող ուժ եւ պատուաստող արմատ: Այդպիսիներէն էր հանգուցեալ Տիկ. Վարդուհի Նաճարեանը՝ որ Դամասկոսի հայ համայնքին կրթամշակութային հարթակին վրայ՝ անջնջելի հետքեր թողուց իր որոշադրիչ դերով:

Մօտաւորապէս յիսուն տարիներու վրայ երկարող իր շօշափելի վաստակը՝ Դամասկոսի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կիւլլապի Կիւլպէնկեան (նախկին Սահակեան) Վարժարանէն ներս, հիմնական ներկայութիւն հանդիսացաւ իրերայաջորդ  սերունդներու կեանքին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի եւ երաժշտութեան դասատու:

Անոր ծառայութեան անդաստանը լայն էր, վարակիչ կենսունակութեամբ առլցուն: Հանգուցեալ Տիկ. Նաճարեանին համար ուսուցչական ասպարէզը գործ չէր, այլ կոչում եւ նուիրում. Իր կեանքի ամենադժնդակ պայմաններուն իսկ չէր բացակայէր իր թանկագին դասապահերէն, յարատեւութեամբ եւ յանձնառութեամբ շարունակելով իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Հանգուցեալը հայեցի դաստիարակութեան եւ երաժշտութեան ամբողջանուէր յառաջապահներէն էր, յատկանշուած կատարեալին ձգտումով, որուն սիրտը միշտ բաբախեց հայկական կշռոյթով:

Տարիներ շարունակ, ամբողջ օրուայ տեւողութեան, վարժարանին շէնքը կը լեցուէր աշակերտներուն երգերուն քաղցրիկ հնչիւններով: Անոնցմէ շատերը տակաւին պահած են անմոռանալի այդ երգերուն տետրակը:

Հայերէն լեզուն իրեն համար սրբութիւն սրբոց էր եւ կը տքնէր նոյն զգացումը փոխանցել մատղաշ սերունդի զաւակներուն՝ կատարեալ անձնուիրութեամբ, անհոգութեան դիմաց մեծապէս տանջուելով, աներեր մնալով խստապահանջի իր դիրքին վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի էր անտեսել մեր ինքնութիւնը…:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Յառաջապահ Վարժարանը՝ հայ լեզուին եւ ինքնութեան աւանդապահ դարբնոցը, իր նուիրական յարկէն ներս, բոլոր ազգային եւ եկեղեցական մինչեւ օրս, կը նշուին պատշաճ կերպով: Հանգուցեալ Տիկ. Նաճարեանին մեղուաջան աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ այդ բոլոր առիթներուն, յայտագիրը կը ճոխանար օրուայ խորհուրդը ներկայացնող երգերով: Իսկ ամավերջի հանդէսներուն բաժին եղող երգացանկը կ՛ոգեւորէր ներկաները եւ կ՛արժանանար բարձր գնահատանքի:

Ան միշտ պրպտուքի մէջ էր: Նորագոյն երգեր, մանկական բառախաղեր եւ ժամանակակից մեթոտներով պատրաստուած քերականական թերթիկներ ու շատ մը ուրիշ ձեւեր կ՛որդեգրէր, համաշխարհայնացումի եւ համացանցի այս դարուն՝ դասաւանդած նիւթը աւելի հետաքրքրական դարձնելու ձգտումով: Իր պայուսակը միշտ լեցուն էր քաղցրաւենիքով ու գրենական պիտոյքներով՝ մայրական գորովով վարձատրելու աշխատասէր աշակերտները:

Հանգուցեալ Տիկ. Նաճարեանին համար, բացակայ ուսուցչուհիի մը դասապահը հիանալի առիթ էր անմիջապէս տուեալ դասարանը փութալու եւ նորութիւն մը սորվեցնելու: Պատահած է, որ տարիներ առաջ, ամառնային արձակուրդը օգտագործելով, շաբաթը քանի մը անգամ, փոքրիկները իր տան մէջ հաւաքելով՝ անոնց հայերէն երգեր սորվեցուցած է, անկախ դպրոցական ծրագիրներէն:

Հանգուցեալ Տիկ. Նաճարեան եղած է նաեւ դաշնակի վաստակաւոր ուսուցչուհի: Անոր բծախնդիր ջանքերուն շնորհիւ, իր աշակերտներէն շատերը ընդունուած են Դամասկոսի Երաժշտական Բարձրագոյն Ուսումնարանը եւ մեծ յաջողութեամբ աւարտած: Անոնցմէ ոմանք այսօր դարձած են երաժշտութեան ուսուցչուհիներ:

Հանգուցեալ Տիկ. Վարդուհի Նաճարեան կռանեց իրերայաջորդ սերունդները մայրենիի եւ հայ երաժշտութեան դալարագեղ անդաստաններէն ներս: Այս վաստակաշատ, համեստ մշակին աշակերտները երախտագիտութեամբ եւ ակնածանքով պիտի յիշեն իրենց երբեմնի ուսուցչուհին:

Դամասկոսի հայ համայնքը եւ ՀԲԸՄ-ի Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Յառաջապահ Վարժարանի խնամակալութիւնն ու ընտանիքը կը սգան հանգուցեալ Տիկ. Վարդուհի Նաճարեանին կորուստը եւ իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն անոր որդւոյն՝ Տիար Արթօ Նաճարեանին եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Վարձքդ կատար՝ վաստակդ արդար

Հողը թեթեւ եւ յիշատակը անթառամ

                                                            Կ.Կ. Յառաջապահ Վարժարանի Խնամակալութիւն



«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ,

ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» 

Բ. Տիմոթէոս 4:7

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր հերթին դառն կսկիծով կը գուժէ շուրջ կէս դար Հայ դպրոցին ու մեր մատղաշ սերունդին ծառայած,  դամասկոսահայ կրթական վաստակաւոր մշակ՝ Տիկ. Վարդուհի Աղազարեան-Նաճարեանի մահը:

Իր արժանաւոր  սերնդակիցներու տերեւաթափի այս ժամանակին, հերթական մեկնողը հանդիսացաւ Տիկ. Նաճարեանը, կերպով մը որբացնելով աշխարհասփիւռ իր հազարաւոր նախկին աշակերտները:

Խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակին եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կիւլլապի Կիւլպէնկեան (նախկին Սահակեան) Վարժարանի, խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին