Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Մահացած է Տիկին Անի Պէզիկեանը

Սրտի դառն կսկիծով իմացանք. որ 28 Մարտ 2024-ին իր մահկանացուն կնքած է տիկին  Անի Պէզիկեանը։ Ան կողակիցն էր հանրայայտ լիբանանահայ բարերար՝ Ալեքքօ Պէզիկեանին:

Պէզիկեան ամոլը մեծ նուիրատուութիւններ կատարած են, թէ Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ յօգուտ մեծ թիւով կարիքաւոր հայորդիներու եւ ազգային հաստատութիւններու: Անոնց իշխանական նուիրաբերումով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ կանգնած են ազգօգուտ կեդրոններ:

Տիկին Պէզիկեանի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի այսօր՝ Զուիցերիոյ մէջ:

Այս առիթով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք պարոն Ալեքքօ Պէզիկեանին, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն եւ  հարազատներուն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին