Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Շնորհաւորագիր. Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահին

Տիար Սամուէլ Շահրամանեան

Վսեմաշուք Նորընտիր Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան

Ստեփանակերտ – ԱՀ

Վսեմաշուք Պրն. Շահրամանեան,

            Յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի  համախմբումին,  սրտանց կը շնորհաւորենք  Ձեզ, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ ընտրուելուն հպարտառիթ պատեհութեան համար: Առ այս Ձեզի կը մաղթենք ուժ, կարողութիւն եւ կամք՝ յաղթահարելու համար հերոսական Արցախին, իր նորագոյն պատմութեան այս շրջանին դիմագրաւած ճգնաժամային մարտահրաւէրները:

            Նոյն առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը եւ բովանդակ արցախահայութիւնը, իմաստութեամբ, պետականամէտ պահուածքով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ տնօրինելու ինքնաղեկավարման, ինքնիշխանութեան եւ ինքնապահպանման դժուարագոյն սակայն մարդկային արդարացի իրաւունքները հետապնդելը:

            Զօրակցութիւն յայտնելով Ձեր գլխաւորութեամբ գործող Արցախի իշխանութեան եւ հերոսական արցախահայութեան, կը վստահեցնենք Ձեզի, Պարոն Նախագահ, որ Ռամկավար Ազատական աշխարհասփիւռ   մամուլի մեր օրգանները, իրենց խմբագրակազմերով, աշխատակիցներով եւ բազմահազար ընթերցողներու լայն շրջանակներով շարունակական թափով յառաջ պիտի մղեն  իրենց զօրակցական քարոզչական աշխատանքները, ի խնդիր Արցախի պետականութեան ամրապնդումին ու իր քաջարի ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ բարեյաջող գոյերթին:

            Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր ազգանուէր դժուարին առաքելութեան, կը խնդրենք ընդունիլ մեր յարգանաց հաւաստիքն ու ամբողջական նեցուկի երաշխիքը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ  ՄԱՄՈՒԼԻ  ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին