Կիրակի, 28. 04. 2024

spot_img

Անկեալ Իշխանութիւն

Ստեփանակերտը կը ռմբակոծուի այսօր: Արցախի մեր հոգեհարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգուած է:

Խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները, անկախ Արցախի կարգավիճակին հանդէպ իրենց դասալիք ու, խոստումնադրուժ ընթացքէն, պէտք է յիշեն, որ այնտեղ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները, հայորդիներ ըլլալէ բացի, նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԵՆ: Հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը, թէկուզ փոխադարձաբար Պաքուն ռմբակոծելու սպառնալիքով եւ ինչու չէ ի պահանջեալ հարկին՝ գործադրութեամբ, ազգային պարտք է:

Բացի իր օրերուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը ագուցող, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստանձնած օրհնաբեր դերէն, պատմութեան համար այստեղ կարեւոր է յիշատակել, որ Խորհրդային Հայաստանի հովանաւորութեան տակ գործող «Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»ն, իր օրերուն, իր մշակութային առաքելութեան առընթեր, կը վարէր նաեւ քաղաքական ոչ անպայմանօրէն բացայայտ, սակայն ազդու գործունէութիւն յօգուտ սփիւռքահայութեան:

Կրնամ անձնապէս վկայել, որ վերոյիշեալ կոմիտէն նաեւ ուր, որ պէտք է կը միջամտէր նաեւ լիբանանահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան ի խնդիր: Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի տարիներուն, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, առաջիններէն էր պարենային եւ այլ պիտանի արտադրութիւններ փութացնելու պատերազմական պայմաններու արհաւիրքին տակ տուայտող լիբանանահայութեան:

Ուրեմն Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը այդ օրերուն, իր գերազանցօրէն ազգային գործունէութեամբ, պահուածքով ու ազգային առաքելութեան գիտակցութեամբ, ի հեճուկս ոմանց, ամենայն հայոց կառավարութիւն էր, մինչ Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները, օր ցերեկով, ո՛չ միայն մեր Հայրենիքին զինանշանին վրայէն Արարատի նկարը ջնջել կը քննարկեն (բան մը, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները պարտադրած էին Սովետական Միութեան վերին մարմիններուն վրայ), այլ գերազանցապէս կը զլանան պաշտպանել Արցախի մէջ ապրող իրենց քաղաքացիները: 

Իր քաղաքացիները պաշտպանել զլացող կամ անոնց ֆիզիքական գոյութիւնը երաշխաւորել չկրցող Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները իրենց պարագլուխով հանդերձ, ոչ միայն ամենայն հայոց իշխանութիւն չեն, այլ անկեալ են բառին բուն իմաստով:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին