Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Կորսնցուցինք Արցախը «Ժամանակաւորապէս» Ուշքի Պէտք է Գանք Չկորսնցնելու Համար Հայաստանը Ներքին Խաղաղութիւն և Գործակցութիւն Պարտի Ստեղծել Օրուան Իշխանութիւնը Եթէ Ոչ Հեռանայ

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

        Այս օրերուն ծանր է մթնոլորտը Հայոց աշխարհի ամբողջ տարածքին: Ծանրագոյնը Արցախի մէջ է, ոչ շատ պակաս ծանր է նաեւ կացութիւնը Հայաստանի մէջ: Անխուսափելիօրէն սփիւռքահայութիւնը եւս շշմած է վերջին շրջանին՝ յատկապէս վերջին օրերուն՝ հայոց աշխարհին մէջ կատարուած եւ տակաւին ալ կատարուող քաղաքական և ռազմական ցնցիչ զարգացումներուն իբրեւ անզօր ականատես:

            Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամենածանր շրջաններէն մէկն է որ կ’ապրինք այս օրերուն: Մեծագոյն մարտահրաւէրը բոլորիս համար կը կայանայ ջանալ ազգովին ստեղծելը, կացութեան լրջութեան համազօր հասուն եւ հանդարտ տրամադրութիւն գործածելով, կարճ եւ երկար ժամանակի համար ազգային փրկութեան խելօք ռազմավարական ծրագիրներ։ Պէտք է առաւելագոյն չափով դաս առնել վերջին տարիներուն այդ ռազմավարութեան չգոյութեան հետեւանքով ազգովին կրած մեր ծանր կորուստներէն:

            Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ամէն գնով կանխել հայ ժողովուրդի տարբեր մասնիկներու ուժերուն վատնումը, տեղի տալով դժուար լուծելի ներքին հակամարտութիւններ հրահրելու այսօրուան ակնյայտ փորձութեանց:

            Ուրիշ խօսքով պէտք է հասունութիւն ցուցաբերել բոլորին կողմէ, իսկապէս հաւատալով եւ ամէն գնով դրապէս իրագործելով, այնքան գործածուած եւ գրեթէ երբեք չիրագործուած, Ազգային Միասնականութիւնը:

            Իշխանութիւնը՝ ըսել կ’ուզեմ որեւէ իշխանութիւն, յատկապէս օրուան իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը՝ ըսել կ’ուզեմ որեւէ ընդդիմութիւն, կուսակցութիւններ՝ ըսել կ’ուզեմ որեւէ կուսակցութիւն, եւ սփիւռքահայութիւնը իր տարբեր կառոյցներով, ըսել կ’ուզեմ որեւէ մէկը այդ կառոյցներէն, ստիպողաբար պարտին մասնակից ըլլալ եւ իրենց բոլոր միջոցներով օժանդակել այդ Ազգային Միասնականութեան կայացման: Ստեղծուած այս միասնականութեան ալ առաջնահերթ նպատակը պարտի ըլլալ ծրագրել եւ գործադրել Ազգային Փրկութեան Ռազմավարական ծրագիր մը, որուն պարտին իրենց օժանդակութիւնը բերել հայ ժողովուրդին վերոյիշեալ բոլոր գործօն մասնիկները: Այս հանգրուանին, որեւէ մէկուն կողմէ խախտելը այս գործելակերպին, իսկապէս համազօր է ազգային դաւաճանութեան:

            Ազգային Փրկութեան Ռազմավարութեան հիմնական տուեալներուն մասին արդէն իսկ կարելի է առաջարկներ կատարել, պաղարիւնութեամբ վերլուծելով մեր մօտաւոր անցեալի պատմութիւնը: Այդ պատմութեան սկիզբն է Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումը 1990-ական առաջին տարիներուն եւ անոր վերջաւորութիւնն ալ այս օրն է:

            Կարելի չէ եւ արդար ալ չէ այսօր, այս քանի մը տողերու սահմաններուն մէջ երկար կամ մանրամասն վերլուծումներ կատարել անդրադառնալով այդ երեք տասնամեակներու պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, ներառեալ մանաւանդ 2018 թուականին այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» անկիւնադարձային դրուագը:

            Այդ տարիներուն «մեծ պատկեր»ը միայն նկատի առնելով, որոշ կերպով կրնանք մատնանշել հետեւեալ հիմնական իրականութիւնները եւ առաջքը առնել այդ իրականութեանց նկատմամբ, հայկական շահերը պաշտպանելու պատասխանատուութիւն ունեցող տարբեր ժամանակներու պատասխանատուներուն, ակնյայտ բաց թողումներուն:

            Առաջին եւ մեծագոյն բացթողումը եղած է Հայաստան-Արցախ սահմանները լրջօրէն պաշտպանելու կարող ռազմական լրջագոյն մակարդակով եւ քանակով ոյժեր ապահովելու ջանքերու բացակայութիւնը: Այս բացթողումը որուն համար պատասխանատու են երեք տասնամեակներու իշխանութիւնները, ազգային յանցագործութեան համազօր է: Ուրեմն այսօրուընէ իսկ սկսելով, ազգային գերագոյն պահանջ պէտք է նկատուի, այս կամ այն ուղղակի թէ անուղղակի տեղական թէ արտաքին միջոցներ գործածելով երկիրը ապահովել իր պաշտպանութեան՝ ՍԵՓԱԿԱՆ մարդկային եւ ռազմական հզօր համակարգով:

            Երկրորդ մեծ բացթողումը սրբագրելու համար, անհրաժեշտ է Հայաստանի առկայ իշխանութեանց եւ սփիւռքի ամբողջ ուժականութիւնը գործածելով, ջանալ եւ յաջողիլ ստեղծել միջազգային հանրային կարծիք՝ թէ Հայաստանն իսկ ենթակայ է ուշ կամ կանուխ ջնջուելու աշխարհի քարտէզէն, իր Ազերի եւ թուրք դրացիներու համատեղ գործակցութեամբը։ Արդարև, այս հանգրուանին արդէն իսկ փաստուած է թէ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան Համաձայնագիր» ներ այս դրացի երկիրներուն հետ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

            Այս օրերու դառն փորձառութեամբ փաստուած այս իրականութեան ոյժին տակ Հայաստան պէտք է յաջողի պահանջել ՄԱԿ-էն, իր այդ երկիրներու սահմաններուն վրայ զետեղել «Միջազգային խաղաղապահ ոյժեր» եւ ոչ թէ միայն մէկ կամ միւս յատուկ երկրի պատկանող զինուորական ներկայութիւն:

            Երրորդ մեծ բացթողումը որ պէտք է անյապաղ սրբագրուի, Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ (ով որ ըլլայ այդ իշխանութեան գլուխ գտնուողը), մասնաւոր կարեւորութեամբ ստեղծելն է Հայաստան-Սփիւռք միասնական գործակցական վարչամեքենայի մը: Մինչեւ այսօր աժան հրետորախօսութեամբ կ’ըսուի թէ, եթէ Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Հայաստանն ալ ունի Սփիւռքը․․․: Նոյն ժամանակ, մանաւանդ վերջին իշխանութիւնները ոչ մէկ ջանք կատարած են կազմակերպուած ձևով այդ «հարստութիւն»ը ի շահ Հայաստանի գերագոյն պահանջներուն օգտագործելու: Արդարեւ Սփիւռքը ունի մարդկային եւ նիւթական շատ մեծ կարողութիւններ որոնք սակայն համադրուած չեն եւ չեն ալ կրնար իրենք իրենց համադրուիլ օգնելու համար հայրենիքին: Այդ աշխատանքին պատասխանատուութիւնը ամբողջովին կը պատկանի Հայաստանի իշխանութեանց :

            Ահա այսօրերու խորապէս տագնապալից մթնոլորտին մէջ այն խորհրդածութիւնները որոնք կ’առաջարկենք որպէս, ապագայի նկատմամբ յոյս ստեղծելու նպատակով, աշխատանքի ուղղութիւններ: Բնականաբար խորհրդածութեանց այս դաշտը ոչ մէկուն առանձնաշնորհումն է: Եթէ կան համոզիչ յաւելուածական կամ տարբեր առաջարկներ հիմա ժամանակն է բոլոր անոնց համար որ մտահոգ են մեր ազգի ապագայով, բացայայտուելու:

            Պէտք չէ մոռնալ թէ ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ միակ պարագան որ, յարգելով հանդերձ բոլոր չափանիշներու մակարդակի տարբերութիւնը, նման է հայ ժողովուրդի պատմութեան, հրեաներու եւ Իսրայէլի պատմութիւնն է:

            Գրեցի անցեալին թէ պէտք է ջանանք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օրինակ առնել եւ ջանալ ստեղծել Մինի-Իսրայէլի համազօր Հայաստան մը:

            Արժամապէս կորսնցուցինք Արցախը, սակայն անցնող դարերուն ունեցած ենք աւելի եւս դաժան շրջաններ: Կարեւորը սթափիլն է այսօր եւ որդեգրել համազգային խելացի քաղաքականութիւն մը որպէսզի վաղուընէ սկսեալ սկսինք, նախ փոքր եւ հետզհետէ մեծ քայլերով երթալ առաջ:

            Եթէ ձախողինք պատճառը մենք ենք:

            Եկէք միացնենք մեր ունեցած մտաւորական թէ նիւթական բոլոր կարողութիւնները ի պաշտպանութիւն եւ ի հզօրացում մեր հայրենիքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին