Կիրակի, 28. 04. 2024

spot_img

Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Քաղաքական Լուրջ Դրսեւորում

Շաբաթ մը առաջ Արցախը ապրեցաւ քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւն մը: Այդ դրսեւորուեցաւ հրաժարեալ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի փոխարէն նոր նախագահի մը ընտրութեամբ, յանձին՝ Սամուէլ Շահրամանեանի:

Արդարեւ, ժողովրդավարական լիարժէք կարգով ու գործընթացով Արցախի Խորհրդարանը ընտրական նիստի մը արդիւնքով ընտրեց իր երկրին նոր նախագահը:

Նախագահական հիմնարկի առկայութիւնն ու բարեյաջող գոյերթը քաղաքական կարեւոր դրսեւորումներ են, որ անկախ տուեալ երկրին հանդէպ գոյութիւն ունեցող միջազգային տարբեր մօտեցումներէն ու կեցուածքներէն, կը փաստէ անոր ժողովուրդին վճռակամութիւնը գոյատեւելու, որպէս ժողովրդավար, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

Արցախի ժողովուրդը հակառակ իր դիմագրաւած աներեւակայելի ծանրակշիռ իրավիճակին անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ աւելի քան արժանի է իր անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Հակառակ իր փոքր չափին ու ոմանց կողմէ գուցէ անկարեւոր նկատուելուն, Արցախի նախագահին ընտրութեան անմիջապէս յաջորդող հակազդեցութիւնները ցոյց տուին, որ ան այնքան ալ անտեսուած տարածք մը կամ դիւրին պատառ մը չէ աշխարհարհաքաղաքական տեսանկիւնով՝ յաչս անոր բարօրութիւնը չցանկացողին:

Եւրոպական Միութեան նման միջազգային «հսկայ» կառոյց մը առաջինը եղաւ  հակազդելու, դատապարտելով կատարուած ընտրութիւնը, անշուշտ եւ զարմանալիօրէն ինքզինք դնելով իր իբր թէ ժողովրդավարութիւն քարոզող ու ջատագովող ու նաեւ «արտածող» սկզբունքներուն հակասող կացութեան մը մէջ: Բայց կայ աւելի կարեւորը. անոր գոյութիւնը, չճանչցող կողմ մը երբ այսքան արագ կը հակազդէ տուեալ երկրի մը մէջ կատարուած ինքնիշխանութիւն ցուցաբերող երեւոյթին կամ ընդհանրապէս, ապա այս երեւոյթը կը փաստէ թէ հակառակ ոմանց ժխտական դիրքին, տուեալ երկիրը կայացած պետական տէ ֆաքթօ  էութիւն է: Ի վերջոյ գոյութիւն ունեցող բան մըն է, որ կարելի է ճանչնալ կամ չճանչնալ…:

Գօտեպնդող եւ հպարտառիթ երեւոյթ էր նաեւ Արցախի նոր նախագահի երդման արարողութեան ներկայ՝ Արցախի նախկին նախագահներու անխտիր ներկայութիւնը: Այս պարագան կ՛ուզեմ անպայման լուսարձակի տակ առնել կարեւոր այն պատճառով, որ Արցախէն շատ աւելի կայացած ու հին եւ նաեւ միջազգային ընտանիքի լիարժէք անդամ շատ երկիրներ կան, մանաւանդ արեւելեան կողմն աշխարհի, ներառեալ արաբական աշխարհի հանրապետութիւն կոչուածներուն մեծամասնութիւնը, ուր «նախկին նախագահ կամ նախագահներ» գոյութիւն չունին, անոնք կամ իրենց նախագահական շրջանին սպաննուած կ՛ըլլան, հետեւաբար տապալած, կամ աքսորուած եւ կամ ընդհանրապէս մահացած ու առանց տուեալ պաշտօնին ընտրուելու մրցակից թեկնածուի՝ իրենց զաւակովը փոխարինուած …: Այս իմաստով անգամ մը եւս կարելի է շեշտել, որ մեր փոքրիկ սակայն հզօր Արցախը իր ժողովրդավար սկզբունքներով լիարժէք հանրապետութիւն է:

Այսօր, բաւարարուելով այսքանով, ինծի կը մնայ առանց այլեւայլի սրտանց շնորհաւորել Արցախահայութիւնն ու անոր նորընտիր նախագահը, որուն անձը կամ քաղաքական արեւելումները բացարձակապէս երկրորդական են եւ այդ մասին հայկական տարբեր հարթակներու վրայ անտեղի քննարկումները ազգային դաւաճանութեան համազօր ոճիրներ են:

Կը մնայ յուսալ, որ պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր երկրին գլուխը անցած, Հայաստանի այսօրուայ անհասկնալի իշխանութիւնները, հրաժարելով իրենց «խաղաղութիւն մուրալու» անփառունակ ու նուազագոյնին մէջ մեր դարաւոր ազգին համար անյարիր՝ վախկոտ վարքագիծէն, շտապեն շնորհաւորել ու ձեռք մեկնել Արցախի նորընտիր իշխանութիւններուն, կատարելով իրենց ազգային պարտականութիւնն ու Հայ ժողովուրդին տալով անոր հանդէպ ունեցած իրենց պարտքը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին