Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Պէ՛տք Է Յիշել Որ Չկրկնուի

Այսօր մեր թերթին` ԶԱՐԹՕՆՔին էջ 6ին վրայ տեղ տուինք մեր պաշտօնակից՝ Կիպրոսի մէջ կենսագործող, «Ազատ Խօսք» պարբերականի խմբագիր Երան Գույումճեանի սրտցաւ գրութեան, որ մեզի կը յիշեցնէ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ցաւալի ու արիւնալի էջ մը, որ ցաւօք տակաւին զայն ապրողներուն հոգիներուն մէջ հանգիստ գտած չէ, որովհետեւ անոր հեղինակներն ու դերակատարները, որպէս թապու վերաբերած են անոր հետ:

Արդարեւ մեր թուականէն 65 տարիներ առաջ, Լիբանանահայութիւնը եւ ոչ միայն, զոհը դարձաւ «պաղ պատերազմով» պայմանաւորուած ցաւալի դէպքերու: Արեւմուտք ընդդէմ Սովետական Միութիւն «մեծերուն» խաղին մէջ փոքր դերակատարներ հանդիսացան  հայկական սփիւռքը տնօրինելու լծակները ունեցող հայկական իրարամերժ կուսակցութիւններ, առանց վարանելու Եկեղեցին ալ միջամուխ դարձնելով այն անհեթեթ խաղին, որուն մէջ ակամայ ինկանք ազգովին:

Խնդիրը ունենալով իր արմատները անցեալին մէջ, գոյն եւ մարմին ստացաւ 1956ի Կիլիկեան Աթոռի գահակալ ընտրութեան ընթացքին կատարուած օրինազանցութիւններով ու շարունակուեցաւ, որպէս «Անթիլիասամէտ» – «Էջմիածնամէտ» մրցակցութիւն ու պայքար ապա «հայաստանամէտ» ընդդէմ «դաշնակցականամէտ» ճակատ կամ հակառակը, մինչեւ որ 1958-ին ընդհանուր լարուածութեան որպէս արդիւնք պատահեցաւ անխուսափելին: Եղբայրասպան ոճիրներ, որուն զոհ գացին շատ մը անմեղ հայորդիներ փոխադարձ վրէժի ազգակործան շրջանակի մէջ:

Նոյն եղբայրասպանութիւնը, սակայն տարբեր ենթահողի վրայ շարունակուեցաւ 1980ական թուականներուն, երբ ազգային գերագոյն նպատակի մը նուիրուած մարտիկներ զիրար հաշուեյարդարի ենթարկեցին, թուրքին ուղղուելիք զէնքը ուղղելով իրար դէմ: Նոյն անհեթեթ մրցակցութիւնը, նոյն «ան, որ մեզմէ չէ Հայ չէ» տրամաբանութիւնը, այդ տարիներուն «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի»ին զուգահեռ ու մրցակից, հիմնած էր, «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» շարժումը, որ իր ազգանուէր շնորհակալ առաքելութիւնը տակաւին իր լռումին չհասցուցած ինկաւ անտեղի մրցակցութեան մը մէջ, ի վերջոյ հակադրուելով ու փորձել ոչնչացնելով իրեն «մրցակից» կարծածը եւ այս բանը փոխադարձաբար եւ մինչեւ վերջ…:

Ամէն խնդիր ունի իր նախաձեռնողը, նախայարձակը կամ հրահրողը, որ այս պարագային յստակօրէն չբացայայտուեցաւ ու անաչառ վերլուծումներու չարժանացաւ: Փոխարէնը, հայոց նորագոյն պատմութեան այս արիւնալի էջը, որպէս թապու շարունակուեցաւ փակ թեմա մնալ առանց ապաշխարանքի առաջնորդելու օրուայ դերակատարները կամ անոր ժառանգորդները:

Մեր նպատակը բնաւ ալ «հին տեֆթերներ» բանալը չէ այսօ՛ր, այստեղ, այլ՝ եղելութիւնները հաւաքաբար յիշելն է, որպէսզի չկրկնենք: Մինչ այդ, օրին, դէպքերը թաւագլոր առաջնորդող կողմերն ու Եկեղեցին մեծ դեր ունին կատարելիք տակաւին խռոված հոգիներուն հանգիստ պարգեւելու համար, որ սակայն դժբախտաբար կ՛ուշանայ:

Սոյն դէպքերուն ծալքերուն ու մանրամասնութիւններուն լաւապէս ծանօթ չէ, հայրենի ժողովուրդը, ներառեալ գուցէ մտաւորականութիւնը: Հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է զայն բարձրաձայնել այսօր, որովհետեւ մեր հայրենիքին մէջ երեւոյթի վերածուած իրարամերժ սեւն ու սպիտակը, ռուսամէտն ու արեւմտամէտը, իշխանականն ու հակաիշխանականը, մեր ժողովուրդին համար օրհասական այս պահուն կրնայ իյնալ նմանօրինակ յորձանուտի մը մէջ, որ յայտնի է ինչպէ՜ս կը սկսի, սակայն շատերու երեւակայութենէն շա՜տ անդին կրնայ ըլլալ անոր արիւնալի հետեւանքները:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին