Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

«Տիարպեքիրսփոր»-ը Իր Նոր Տարբերանշանը Հայաստանի Զինանշա՞Նը Կ՝ուզէ Ընտրել

Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած է Տիրարպեքիրի «Տիարպեքիրսփոր» մարզական ակումբի անուան եւ տարբերանշանին փոփոխութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական  «Ենի Շաֆաք»ը:

Աղբիւրին համաձայն՝ «Տիարպեքիրսփոր»-ը դիմած է համապատասխան մարմիններուն՝ անունի եւ տարբերանշանի փոփոխութեան համար։

Կայքը ներկայացուցած է դիմումին օրինակը, ուր առկայ եղած է նոր տարբերանշանը եւ նոր անունը։ Նոր անունը հանդիսացած է «Մեզոփոթեմիա» (Միջագետք): Ուշադրութեան արժանացած է նաեւ այն հանգամանքը, որ նշեալ ակումբին նոր տարբերանշանը շատ նման է Հայաստանի զինանշանին։

Մինչ վերջին օրերուն ֆէյսպուքահայութիւնը մեծ թափով քննարկեց այս լուրը, եղան  օգտատէրերու գրառումներ, օրինակ հարց տալով, թէ. «ՀՀ զինանշանը հեղինակային իրաւունքներով պաշտպանուած չէ՞…»:

Ի տես այն ամէն ինչին, որ «թաւշեայ» այս թիւրիմացութիւնը բերաւ մեր ազգին գլխուն, ինծի կը մնայ ցաւով հաստատել, որ երբ ՀՀ զինանշանը հրապարակաւ ծաղրի կ՛ենթարկուի նոյնինքն Հայաստանի վարչապետին կողմէ, ապա հաւանականութիւնը մեծ է, որ ան վաղու՜ց հրաժարած ըլլայ ինչպէս Արցախէն եւ մեր երկրին ինքնիշխանութենէն, նաեւ մեր հայրենիքին զինանշանէն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին