Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Փաշինեանն ու Իր Վարչակազմը Կ’ընթանան Ինքնախաբէութեան Եւ Կործանման Ճամբով, Բացի Եթէ…

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Արդէն մօտ մէկ տարի է, որ Փաշինեանի վարչակազմը առանձին սկսեր է իրականացնել մաքոքային դիւանագիտութեան եւ հանդիպումներու միջազգային՝ իրենց իսկ բնութագրմամբ «բազմավեկտոր» քաղաքականութիւն։

Թէեւ յանկարծակի այդպիսի փոփոխութեան ենթարկուած վարքագիծը մարտադաշտի վրայ պարտութեան մատնուած պետութեան համար քննադատելի երեւոյթ է, այսուհանդերձ աշխարհասփիւռ հայութեան գիտակից մեծամասնութիւնը, Հայաստան, Արցախ թէ Սփիւռք, սկզբնական շրջանին հետաքրքրուած էր կատարուած շրջադարձով։ Անոնք ողջունեցին հայկական աւանդական, հիմնականին մէջ՝ արեւելեան կողմնորոշման, զգուշաւոր, գործնականին մէջ միակողմանի ձեւաչափով ընթացող արտաքին քաղաքականութիւն վարելէ հրաժարելու գաղափարը։ Կերպարանափոխութիւնը կը կատարուէր հետեւեալ պայմաններուն տակ։ Մէկ կողմէ մեր անառարկելի դաշնակից Ռուսաստանը բացայայտօրէն ցոյց կուտար իր խորապէս յուսահատեցնող թրքամէտ եւ ազերիամէտ կողմնորոշումը, իսկ միւս կողմէ տեղի կ’ունենար Մ. Նահանգներու Քոնկրէսի խօսնակ Նենսի Փելոսիիի այցելութիւնը Հայաստան։ Վերջինս փաստօրէն կը բանար յաճախ ցանկալի թուացող, բայց երբեք չիրականացած ճամբան դէպի խոստումնալից արեւմտեան աշխարհ։

Ասիկա, անշուշտ, անցեալին էր։ Այժմ, մօտ մէկ տարի յետոյ, առաւել խորունկ դիտարկելով ընթացիկ իրադարձութիւնները, Փաշինեանէն եւ իր գործակիցներէն սկսած մինչեւ վերջին սփիւռքահայը պարտաւոր են աչալրջօրէն գնահատել իրականութիւնը։ Մենք բոլորս պէտք է դասեր քաղենք։ Դասեր՝ զորս պարտաւոր էինք շատոնց քաղած ըլլալ։ Խօսքը, որ, ի դէպ, ինքզինք յարգող ու պատասխանատւութեան զգացում ունեցող որեւէ երկրի կը վերաբերի, քաղաքականութեան մէջ բարեկամներն ու դաշնակիցները արժեւորելու, գնահատելու մասին է, չմոռնալով միաժամանակ միշտ գերակայութիւն տալ սեփական երկրի շահերուն, սեփական ռազմական ու ինքնապաշտպանական կարողութիւններուն։ Հայաստանը, դժբախտաբար, այս առումով պախարակելի վիճակի մէջ է, ուստի անհրաժեշտ է որոշ ուղղիչ միջոցներուն եւ շտկումներուն առաջնահերթութիւն տալ։

Թռուցիկ հայեացք մը Հայաստանի վերջին ամիսներու դիւանագիտական ջանքերուն ցոյց կու տայ, որ Փելոսիի աղմկայարոյց այցին հետեւեցան եւ մինչեւ օրս կը շարունակուին իրարայաջորդ, անհամոզիչ մաքոքային հանդիպումներ, որոնք տեղի կ’ունենան պետութիւններու բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ՝ հեղինակաւոր ոստաններու մէջ, ինչպէս օրինակ` Ուաշինկթըն, Փարիզ, Փրակ, Պրիւքսէլ, Անքարա, Սոչի, Մոսկուա եւ այլ վայրեր։ Այս բոլոր հանդիպումներու մասնակիցները նախապէս անհաւանական էր տեսնել միասին, մէկ սեղանի շուրջ հաւաքուած։ Անոնց շարքին են Փաշինեանը, Վլատիմիր Փուտինը, Իլհամ Ալիեւը, էմանուէլ Մաքրոնը, Շառլ Միշելը եւ Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանը։ Զանոնք երբեմն փոխարինած են իրենց համապատասխան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Անոնց հանդիպումները այնքան յաճախակի դարձած են, որ հազիւ թէ այլեւս կարեւոր իրադարձութիւններ համարուին։

Բնականաբար, ո՛չ այդ երկիրներու բնակչութիւնը, ո՛չ ալ մասնաւորապէս աշխարհասփիւռ հայութիւնը տեղեակ չեն հանդիպումներու մանրամասնութիւններուն։ Սակայն արդար է ակնկալելը, որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն, յատկապէս հայերը, իրաւունք ունենան լրջօրէն տեղեկացուած ըլլալու անոնց՝ ամենայն մանրամասնութեամբ։ Կ’ակնկալուի տեսնել, որ Փաշինեանը եւ իր գործակիցները կրցեր են առնուազն փոքրագոյն յառաջխաղացում արձանագրել Հայաստանի եւ Արցախի պատմական ու մարդասիրական իրաւունքներու պահպանման մարզին մէջ։

Սակայն, դժբախտաբար, երբ կը դիտարկենք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող մեր արտաքին դիւանագիտական աշխուժութիւնը, ականատես կ’ըլլանք, որ Հայաստանը եւ Արցախը այժմ շատ աւելի վատ իրավիճակի մէջ են, քան՝ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին էին։ Երբ հրադադարը կնքուեցաւ նոյեմբերի 9-ին, Արցախէն մնացած փոքր տարածքն ու մայրաքաղաք Ստեփանակերտը Լաչինի ազատ միջանցքով տակաւին ամուր կապուած էին Մայր Հայաստանի հետ։ Այսօր անիկա խլուած է մեզմէ։ Նոյնիսկ բուն ինքնիշխան Հայաստանի որոշ տարածքներ ամբարտաւան ձեւով բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Աւելին, Ալիեւը շատ աւելի յարձակողական դարձած է, քան երբեւիցէ եւ հայկական բոլոր տարածքները, ներառեալ Երեւանն ու Սեւանը, կը յանդգնի անուանել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» բաղկացուցիչ մասեր։

Զարհուրելի այդպիսի պատկերի դիմաց շատերը հաւանաբար յոյսի եւ սփոփանքի նշոյլներ կը գտնեն` տեսնելով բարեացակամ ժպիտներն ու լսելով քաղցր հաճոյախօսութիւնները, զորս Փաշինեանին եւ հայրենի միւս ներկայացուցիչներուն կը շռայլեն Արեւմուտքի երկիրներու ծանօթ գործիչները, ինչպիսիք են Էնթընի Պլինքընը, Շառլ Միշէլը եւ յատկապես մեր մեծագոյն բարեկամը` Էմանուէլ Մաքրոնը։ Դժբախտաբար նոյնիսկ այդ սիրալիր արտայայտութիւններուն ամոքիչ ջերմութիւնն իսկ անհետացած է վերջին շաբաթներու «սառուցեալ ջուրերու մէջ», երբ ցաւալիօրէն պարզ դարձաւ, որ ինչպէս Արեւելքի, այնպէս ալ Արեւմուտքի realpolitik-էն ոչինչ փոխուած է։ Այս պահուն անոնք բոլորն ալ շահագրգռուած են Ատրպէյճանի նաւթով, որպէս այլընտրանքային տարբերակ ուժանիւթ հայթայթելու միջազգային ներկայ բարդ գոյամարտին մէջ։

Տարօրինակը այն է, որ ատրպէյճանական նաւթը ի շահ իրենց օգտագործելու տեսակէտէն նոյնքան մեքենայութիւններ բանեցնելու հնարաւորութիւններ կը տրուին Արեւմուտքին, որքան՝ Ռուսաստանը ուքրանական աղիտալի պատերազմին առթիւ սահմանուած «պատժամիջոցներու acrobatics»-ին մէջ։

Աշխարհասփիւռ հայերը շշմեցան տեսնելով, թէ ինչպէս մեր «արեւմտեան բարեկամները», խորապէս կլանուած ազերի նաւթապաշարներով, կ’ողջունեն Արցախի յանձնումը Ատրպէյճանի բռնատիրական ու ցեղասպան պետութեան։ Ամէն տեսակի մտահոգութիւն` կապուած հայութեան պատմական եւ մարդասիրական կարիքներուն՝ անտեսուեցաւ ու լքուեցաւ։ Ասով անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, որ միջազգային դիւանագիտութիւնը զուրկ է նմանատիպ «պարզամիտ» եւ մշտապէս «ձանձրալի» հասկացութիւններէ։

Սակայն, նոյնիսկ այսպիսի տրամաթիք ձախողումէ յետոյ, Փաշինեանը հերոսականութեամբ կը շարունակէ հետապնդել Ատրպէյճանի հետ «ամենափրկիչ խաղաղութեան պայմանագիրը» կնքելու իր նախասիրած նպատակը։ Իրականութեան մէջ կը թուի, որ ան արդէն գտեր է Հայաստանի սահմանները անձեռնմխելի դարձնելու եւ պահպանելու աւելի քան պարզունակ պատճառաբանութիւնը։ Անիկա կը ձգտի դրացի Ատրպէյճանի մաֆիոզ իշխանութիւններուն հետ կազմել «քատասթրային քարտէս» մը, ենթադրաբար յար եւ նման իր սեփական տունին քատասթրային քարտէսին, զոր քաղաքային իշխանութիւններն են տրամադրէր իրեն։

Փաշինեանն ու իր խմբակիցները լաւ կ’ընեն եթէ գիտակցին, որ այդպիսի փաստաթուղթերու կոյտերը ոչինչով կրնան պաշտպանել մեր պետութիւնը, որ պէտք ունի ռազմական ուժեղ համակարգի, ոլորտ մը՝ զոր ամբողջովին անտեսած են անոնք։

Երբ Ալիեւը իր մէջքին յարատեւօրէն եւ բացայայտօրէն պաշտպան կանգնած մեծ եղբօր՝ Թուրքիայի աջակցութիւնը վայելելով քմահաճօրէն կ’որոշէ ոչնչացնել իրենց պատմական հայրենիքին՝ Արցախի մէջ 120 հազար հայերը եւ կը յանդգնի նաեւ պահանջել փոքր կամ մեծ տարածքներ բուն Հայաստանէն, կարելիութիւն կա՞յ, որ Փաշինեանը կարողանայ անոր նախայարձակ, հրասայլերով եւ drone-երով ներբեռնուած կիրքերը զսպել կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ քատասթրային քարտէսի փաստաթուղթերով։

Եթէ Փաշինեանը կամ անոր խմբակիցներէն ոեւէ մէկը կ’ակնկալէ, որ ազերիներու քարիւղով կաշառուած վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկը կամ մի քանին իրենց բանակները կ’ուղարկեն Հայաստանը փրկելու համար, աւելի լաւ է պատրաստ ըլլան խորունկ հիասթափութիւն ապրելու։

Թանկագին հայրենակիցներ, մենք այժմ կ’ապրինք մեր արդի պատմութեան ամենաճակատագրական ժամանակները։ Մենք բոլորս, որպէս հաւաքական ամբողջութիւն, պատասխանատուութիւն կը զգանք մեր պետութեան ապագայի նկատմամբ։

Ապագայ սերունդները կա՛մ գովաբանելու, կա՛մ ալ անիծելու են մեզ ըստ այն քայլերուն, զորս մենք այսօր պիտի առնենք խափանելու համար ամբողջական վերացումը մեր հայկական պետականութեան։

Փաշինեանն ու անոր վարչակազմը ներկայիս կ’ընթանան ինքնախաբէութեան եւ ամբողջական անձնատուութեան (capitulation) ենթարկուելու աղիտալի ուղիով։ Միայն համայն ազգաբնակչութիւնը եթէ ոտքի կանգնի, կը կարողանայ բացառել պատահելիք ողբերգութիւնը։

Դիւանագիտական «բազմավեկտոր» ջանքերն ու հանդիպումները, անշուշտ, պէտք է շարունակուին, այն պայմանով՝ որ հիմնուած ըլլան ինքնայարգանքի պատուարժան սկզբունքներու վրայ։ Սակայն այդ ջանքերը պէտք է սոսկ բաղադրիչ մասը հանդիսանան բազմակողմանիօրէն եւ բծախնդրօրէն լաւ մշակուած ազգային ռազմավարութեան։

Փաշինեանի պարտուողական եւ մաֆիոզներուն հաճոյանալու կեցուածքը, որ ան կը ցուցաբերէ Էրտողանի եւ Ալիեւի առջեւ, բնաւ չեն կրնար բնորոշել ազգային ու պետական արժանապատւութեան վերոյիշեալ սկզբունքները։ Ընդհակառակն, անոր ներկայ վարքագիծը վստահաբար ա՛լ աւելի կը խրախուսէ այդպիսի բռնակալները, որպէսզի աւելի ստորացուցիչ զիջումներ ձեռք ձգեն մեզմէ, փոխարէնը ոչինչ տալով մեզի։

Երբ Թուրքիան գոցեց իր օդային սահմանը հայկական օդանաւերու առջեւ` պահանջելով, որ Երեւանի մէջ կազմաքանդեն «Նեմեսիս» յուշարձանը, Փաշինեանն անմիջապէս իր լուռ համաձայնութիւնը տուաւ` ըսելով, թէ յուշարձանին տեղադրումը «սխալ» էր, իսկ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը աւելի առաջ երթալով՝ վերջերս խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին ուղղուած մեր ջանքերը արդէն «ժամանակավրէպ» են եւ «պէտք է դադրեցուին»։

Ամբարտաւան Սինանեանը կ’երեւի ոչինչ կը հասկնայ հայկական ազգային սրբազան արժէքներէն։ Ան գաղափար անգամ չունի Սփիւռքի գործերուն մասին։

Փաշինեանը նաեւ աճապարեց Անքարա մեկնիլ՝ շնորհաւորելու համար վերընտիր նախագահ Էրտողանը, արդարացնելով իր արարքը անով, որ հոն մի քանի րոպէ «կը խորհրդակցի» անոր հետ։ Անշուշտ պարզապէս պատրանք էր լոկ եւ պատրանք ալ մնաց։ Այդպիսի վարմունքը յարգարժան եւ արժանապատիւ ըլլալէ շատ հեռու է։ Իրականութեան մէջ, ընդհակառակն, շփոթեցուցիչ է եւ ոչ արդիւնաւէտ հայերուս համար։

Յաջող եւ արժանապատիւ դիւանագիտական բանակցութիւններ վարելու համար հայրենի իշխանութիւնները, Փաշինեանի կամ անոր ժողովրդավարական ձեւով փոխարինող մէկ այլ՝ աւելի ձեռնհաս առաջնորդի մը ղեկավարութեամբ, պարտաւոր են անյապաղ երկու անհրաժեշտ բաղադրիչներ աւելցնել իրենց ներկայի սխալական ռազմավարութեան վրայ։

Առաջին՝ Հայաստանը պէտք է անմիջապէս ստեղծէ արդիւնաւէտ միջազգային լրատուութեան գործակալութիւն մը, որ յարատեւ պարբերականութեամբ եւ ազդեցիկ կերպով պէտք է ձեւաւորէ միջազգային հանրային կարծիքը թարմ հեռասփռումներով հայկական վիճարկումներու, տեսակէտներու, պատմութեան, ինչպէս նաեւ առօրեայ անցուդարձերու վերաբերեալ։

Ներկայիս այս թերացումին գլխաւոր զոհը Արցախն է։

Արցախի՝ իբրեւ հայկական անկախ հանրապետութեան օրինական իրաւունքը նուաճուած էր տակաւին 1990-ին, երբ դեկտեմբեր 10-ին յաջողութեամբ կայացուց համընդհանուր հանրաքուէ, որու արդիւնքով անիկա դուրս եկաւ Խորհրդային Միութեան կազմէն։ Լրատուութեան արդիւնաւէտ միջոցներու բացակայութեան պատճառով այդ անառարկելի փաստը այսօր ամբողջովին մոռցուած է։

Բացի անկէ, նկատի առնելով հայոց նկատմամբ Ատրպէյճանի ակնյայտ ցեղասպանական դիրքորոշումը, Արցախի աներկբայելի իրաւունքը պահանջելու Կոսովոյի մոտէլին կիրարկումը Ատրպէյճանէն անջատուելու հարցին մէջ, երբեք ուժգնօրէն չէ բարձրաձայնուած կամ չէ առաջադրուած միջազգային հարթակներու վրայ։

Երկրորդ եւ իրականութեան մէջ ամենալուրջ թերացումը Հայաստանի դիւանագիտութեան մէջ անդուլ ջանքերու պակասն է՝ կազմելու հզօր բանակ մը, որ ամենէն արդիական զէնքերով կը կարողանար ետ մղել իր սահմաններէն ներս ներխուժումի որեւէ  փորձ։ Այսօր ալ ասիկա պէտք է ըլլայ Հայաստանի ամենահրատապ առաջնահերթութիւնը։ Ներկայ, ինչպէս նաեւ նախորդ բոլոր իշխանութիւնները հաւասարապէս լրջօրէն պատասխանատու եւ մեղաւոր են, որ համապատասխան պատրաստուածութեան եւ 24-ժամեայ զգօնութեան վրայ չեն պահած մեր բանակը։ Այս խնդրին առնչութեամբ բոլոր պատճառաբանութիւններն ու փաստարկները պարզապէս զուրկ են հիմնաւորուածութենէ եւ ճիշդ ատոր համար ալ անընդունելի են։

Հայաստանը ի զօրու էր եւ հիմա իսկ կրնայ ստեղծել թէ՛ իր սեփական ռազմաարդիւնաբերութիւնը, թէ՛ միջոցներ գտնել ձեռք ձգելու զանոնք ուրիշ երկիրներէ։ Երբ կամքը կայ, ուղիներ կը գտնուին։ Առանց իրազեկ ըլլալու որեւէ առանձնաշնորհեալ լրատուական տուեալներու՝ կրնամ անվերապահօրէն հաստատել իմ վերոնշեալ պնդումներս։ Հարցը, որ ներկայ պահուն պատասխան կը պահանջէ, այն է, թե ի՞նչ բան կը խանգարէ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց անմիջապէս իրականացնելու մատնանշուած թերացումները շտկելու լրջօրէն մշակուած արտակարգ միջոցառումներու ծրագիր մը։

Հասկնալի է, որ անշուշտ կան որոշ դժուարութիւններ։ Բայց ամենակարեւոր եւ ամենաակնյայտ պատճառը, մեր կարծիքով, ներկայ իշխանութեանց ձախողութիւնն է ստեղծելու ինչպէս բարոյական, այնպէս ալ կառուցուածքային, institutional, իրական եւ համակարգուած գործակցութիւն հայկական պետութեան երեք անբաժանելի բաղադրիչներուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ։

Վերադառնալով անցյալին՝ նախ Հայաստանի, յետոյ նաեւ Արցախի անկախութեան հռչակումին եւ 1990-ականներու յաղթական պատերազմի տարիները, ընդգծենք, որ Արցախը անբաժանելի մասն էր Հայաստանի, եւ Սփիւռքն ալ խանդավառօրէն լծուած էր աջակցելու իր զոյգ հայրենիքներուն։ Այդ կապն է, որ խզուած է այժմ։ Անիկա, դժբախտաբար, զերոյական աստիճանի յուսահատ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Բաղադրիչ երեք մասերէն իւրաքանչիւրը ներկայիս զգացական մեկուսացման մէջ կը գտնուի։

Երեւանի մէջ գործող հայկական կառավարութիւնը միակ կառոյցն է, որ հնարաւորութիւն եւ բարոյական պարտականութիւն ունի այդ երեք բաղադրամասերը դարձեալ միաւորելու…։

Բայց պէտք է գործել անմիջապէս, ընդունելով, որ ատիկա ազգային արտակարգ կարեւորութեան խնդիր է։ Այդ խնդիրը պէտք է իրականութիւն դառնայ իրարու հետ հանգիստ եւ լրջագոյն մթնոլորտի մէջ աշխատող մասնակիցներու կողմէ։

Խոհեմ ծրագիրներն ու ճիշդ թիրախաւորուած յստակ նպատակները պէտք է գերակայեն ցուցամոլական դատարկաբանութիւններուն եւ show-ի վերածուած գործողութիւններուն։ Յաջողութեամբ պսակուելու համար՝ ներդրուած ջանքերը պէտք է ըլլան շրջահայեաց ու յարատեւ։ Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ցոյց տան, որ կարողութիւնը ունին դիմակայելու ազգային չափանիշով այդպիսի մարտահրաւէր մը, հաւատած ենք, որ անհրաժեշտ մարդկային ու ֆինանսական միջոցները կամ աղբիւրները կը գտնուին, հասանելի կ’ըլլան, եւ Հայաստանի պետութիւնը իրապէս պատրաստ կ’ըլլայ վարելու յարգանքի արժանի դիւանագիտական միջազգային բանակցութիւններ։ Միայն այդ պարագային բանակցութիւնները  յաջողութեամբ կ’ընթանան, քանի որ պաշտպանուած կ’ըլլան նաեւ արդիւնաւէտօրէն եւ յարատեւօրէն աշխատող միջազգային կարծիքը ձեւաւորող լրատուամիջոցներու ստոյգ հաղորդումներով եւ արդիականացուած ու անխոցելի պաշտպանական համակարգով, որ կը բացառէ որեւէ ներխուժման հնարաւորութիւնը հայկական տարածքներու դէմ։

Մենք պարտաւոր ենք ցոյց տալ մեր համազգային, համապետական կամքի ուժը։

Միայն այդ պարագային Ալիեւը արագօրէն կը վերադառնայ իր մասնաւոր գործունէութեան` պիզնեսին եւ կը մոռնայ Արցախի եւ անոր՝ արեւմտեան կողմը գտնուող նոր տարածքներու նկատմամբ չիրականացած իր երազները։

Մոնրէալ, Քանատա

Անգլ. բնագրէ թարգմանեց`

ՅԱԿՈԲ ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին