Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

«Ձեր Կարծիքը Կարեվոր Է»

Well-Tempered Armenia

Հայրենիքը Ներսէն Դիտած

«Ոդիսական» 4

Մարզ Լոռի, Մեր Օրեր

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իւրաքանչիւր քաղաքակրթուած երկրի պետական, թէ սեփական հաստատութիւններուն մօտ կայ գնահատելի երեւոյթ մը, որ կը վերաբերի տուեալ հաստատութեան ծառայութիւններէն օգտուող անհատներուն կարծիքը ունենալ այնտեղ մատուցուած աշխատանքին կամ ծառայութեան որակին մասին:

Առ այս, շատ մը հաստատութիւններուն դրան մօտ կամ տարածքին ամենահասանելի մէկ տեղը, սովորութիւն կայ տեղադրելու տուփիկ մը, որուն մէջ այցելուն հնարաւորութիւնը ունի թուղթ մը նետելու, որուն վրայ նշած կ՛ըլլայ իր գնահատականը կամ քննադատութիւնը տուեալ հաստատութեան գործունէութեան մասին:

Նշեալ երեւոյթը, եթէ անշուշտ լուրջի առնուի տուեալ հաստատութեան տնօրէնութեան կողմէ, ապա այս մեծապէս կրնայ ծառայել նշեալ հաստատութեան գործունէութեան որակի զարգացման:

Բայց եկուր տես, որ  Հայաստանի մէջ ինչպէս շատ մը պիզնես (եւ ոչ միայն) հասկացողութիւններ, սխալ ըմբռնուած են եւ կը կիրառուին, ոչ այնքան բովանդակային առումով, այլ՝ միայն ձեւին համար…:

Այստեղ տեղադրուած նկարը ինքնաբացատրողական է: Վերջերս, համայնքային հաստատութեան մը մէջ, հանդիպեցայ այս տեսարանին: Նկատողութիւններու համար յատկացուած տուփիկ մը, որ երեւի միայն ձեւի համար տեղադրուած է հաստատութեան ամենադժուար հասանելի մէկ պատին վրայ (աշխատողներու գրասեղանին ետեւի կողմ): Նման տեղ միայն բնական է, որ անշուշտ տուփը դատարկ մնայ: Ամեն մեղքիս տուփին վրայ ալ փառաւոր կերպով գրուած է «ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԸ ԿԱՐԵՎՈՐ Է»…:

Կը մնայ եզրակացնել, որ նման տեղ, նման տուփ դնող կողմին համար, իրականին մէջ քաղաքացիին կարծիքը ՀԵՉ ԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ՉԷ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին