Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Վէրքի Վրայ Վիրաւորանք Յաւելելը Ահա Ճիշդ Այսպէս Կ՛ըլլայ

Անգլերէն ասացուածք մը կայ, որ կ՛ըսէ to add insult to injury.

Էրտողանի նախագահական երդմնառութեան արարողութեան Փաշինեանի փութկոտ ներկայութիւնը, վերեւի ասացուածքին լաւագոյն մարմնաւորումն է:

Փաշինեան մեր ժողովուրդին բիւր վէրք ու ցաւ պատճառելէ ետք ահաւասիկ այս քայլով կու գայ վիրաւորանք աւելցնելու վէրքին վրայ:

Չեմ գիտեր ի՞նչը ստիպեց Փաշինեանին նման քայլի դիմել՝ երկրի բարձրագոյն ղեկավարի մակարդակով աճապարանքով ներկայ գտնուելու երկրի մը նախագահին երդման արարողութեան, մինչ իր ներկայացուցած երկիրը տուեալ երկրին հետ նոյնիսկ դիւանագիտական յարաբերութիւն չունի:

Ի դէպ նկարին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչը կը դիմաւորուի Հայ ժողովուրդը ջարդած՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու օսմանեան զինուորներու տարազով կերպարներու ֆոնին վրայ…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին