Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

ՀՀ Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ Եռագոյնը Տեղադրելու Հերթական Հանգրուանը Հանդիսացաւ Արծնի Գիւղը

«Վասն Հայրենեաց» ազգային համախմբման շարժման «Սահմանք Քաջաց Դրօշն Իւրեանց» Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ՀՀ դրօշի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի:

Նախաձեռնութեան երրորդ միջոցառման ծիրէն ներս Հայոց եռագոյնի տեղադրման հերթը Լոռիի մարզի Արծնի սահմանամերձ գիւղինն էր:

Ազնիւ համագործակցութեամբը գիւղին վարչական ղեկավար պարոն Խաչիկ Էգնատոսեանին, եւ օրհնութեամբը Տաշիր համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Հայր Ներսէս Գալստեանի, մեր Հայրենիքի դրօշը բարձրացաւ գիւղի մուտքին, Արցախեան ազատամարտերուն ընթացքին զոհուած քաջարի հայորդիներուն յիշատակը յաւերժացնող Յուշարձան-Խաչքարի հարեւանութեամբ:

Դրօշի տեղադրման արարողութիւնը, նախատեսուած էր կատարել Ապրիլի 30-ին, սակայն կլիմայական անբարենպաստ պայմաններու բերումով յետաձգուած էր մէկ շաբաթով: Վերջապէս ան տեղի ունեցաւ Մայիսի 7-ի ժամը 13։00-ին:

Միջոցառումը ուղեկցուեցաւ մշակութային բաժնով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ արուեստագէտ՝ Վարուժան Գալտակեանը եւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Շուշան Պետրոսեանը: Արարողութեան սիրով հրաւիրուած էին իւրաքանչիւր հայրենատէր հայորդի, որոնց առջեւ «Վասն Հայրենեաց» շարժումին անունով ելոյթ ունեցաւ Վահագն Չախալեանը:

Պարոն Չախալեանը ներկաներուն առջեւ անգամ մը եւս շեշտեց շարժումին «ՍԱՀՄԱՆՔ ՔԱՋԱՑ ԴՐՕՇՆ ԻՒՐԵԱՆՑ» նախաձեռնութեան նպատակները.

  1. Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ՝ բարձունքի վրայ, տեսանելի վայրով Հայոց Եռագոյնը տեղադրել:
  2. ՀՀ անձեռնմխելի սահմանները հայոց պետական դրօշով խորհրդանշականօրէն ուրուագծել:
  3. Հայորդիներու մօտ եռագոյնի հանդէպ յարգանքը ամրապնդելը:
  4. Հրապարակային միջոցառումներու միջոցով Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն հանդէպ ուշադրութիւն հրաւիրել:
  5. Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն ազգօգուտ նպատակներու շուրջ համախմբել։ 

Ներկաներէն, սրտաբուխ խօսքով  ելոյթ ունեցաւ Արսէն Միրիջանեանը:

Պէտք է նշել, որ Արծնի գիւղին մէջ ՀՀ դրօշը տեղադրուեցաւ ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգէն, Ալեքս և Տորալիսիա Նահապետեաններու հովանաւորութեամբ։

Յիշեցնենք, որ սոյն նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, առաջին դրօշը տեղադրուած էր սոյն թուականի Մարտի 5-ին Շիրակի մարզի սահմանամերձ Անիպեմզա գիւղին, իսկ երկրորդը՝ Մարտի 25ին Գեղարքունիքի մարզի Արտանիշ սահմանամերձ գիւղին մէջ։

«Վասն Հայրենեաց» Ազգային Համախմբման Շարժում

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին