Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Բարեպաշտ՝ Տիկ. Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանի Յիշատակին

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ, իր ընտանիքէն, հարազատներէն, բարեկամներէն եւ ընդհանրապէս անմիջական շրջանակէն, հեռացաւ ազնուահոգի, կենսունակ, գործունեայ եւ նուիրեալ Հայուհի մը, յանձինն՝ Տիկ. Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին, Տիկինը, գաղութիս սիրուած եւ յարգուած ազգային, հայրենասէր ու գործատար՝ Հայկազ Եարտըմեանին:

Ինչպէս հանգուցեալին, նաեւ բազմակողման ծանօթներու համար, Տիկ. Լենային վաղահաս կորուստը խոր ցաւ պատճառեց, նկատի ունենալով անոր ժրաջանութիւնը, պատրաստակամութիւնը ու նուիրուածութիւնը Հայկական կեանքէն ներս, իր գործօն մասնակցութիւններով, աշխատանքով, զոհաբերութիւններով, որոնք մեծապէս կը գնահատուէին բոլորին կողմէ:

Տիկ. Լենան շրջանաւարտ էր Հայ Աւետ. Գոլէճէն իսկ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Կանանց Գոլէճէն (BCW ներկայիս LAU) ետ եւ յետ իր շրջանաւարտութիւնը,  բազմաթիւ տարիներ մաս կազմած էր վարժարանին շրջանաւարտից միութեան, մերթ անդամ, մերթ ատենապետի հանգամանքներով, նախ մաս կազմելով Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի տիկնանց օժանդակ մարմնին, բերելով բարեբեր գործունէութիւն:

Լենային՝ յարանուանական կրթական մարզերէն ներս գործունէութեանց զուգահեռ, ան այնքան ջանադրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, գործած է նաեւ այլ ազգային կառոյցներու մէջ, ինչպէս՝ Ս.Էջմիածնի կրօնասիրաց Տիկնանց համախմբում, բազմամեայ անդամակցութեամբ եւ արժանաւորութեամբ, Ազունիէ Ազգային Բուժարան, դարձեալ երկար ժամանակով եւ աշխոյժ ներկայութեամբ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Լենան, իր դպրոցական տարիներէն սկսեալ, սիրուած էր բոլորին կողմէ, իր կենսունակութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ արդիւնագործութեամբ: Հոն ուր գործ կար, ներդրում պէտք էր կամ  ներուժ կը փնտռուէր, միշտ ինքզինք առաջին գիծի վրայ պահելով, բնաւորութիւն մը որ յետագային ալ  օգտագործելի դարձաւ իր շրջապատէն ներս:

Այս բոլորին մէջ, Տիկ. Լենան միշտ ճանչցուած էր իր ազնուութեամբ, անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ, բայց մանաւանդ՝ իր անվարան անհաշիւ եւ անսահման օգնութիւններով, ջերմապէս հաւատացած ըլլալով իր բերած նպաստին եւ օժանդակութեանց անհրաժեշտութեան, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն Հայ ժողովուրդի կարիքներուն բարելաւման եւ անոր բարօրութեանց:

Հայաստանը եւ Ս.Էջմիածինը իրեն համար հանդիսացած էին սրբութիւններ, ուր յաճախ կ՛այցելէր, ուխտագնացութեան կարգով, հոն եւս գտնելով իր հոգեկան անդորրութիւնը:

Հայկազն ու Լենան բախտաւորուած էին զոյգ զաւակներով՝ Հրաչը ու Գարլան, որոնք իրենց բոյները կազմած են եւ իրենց ասպարէզային կեանքին մէջ յաջողած՝ ու հոգեպէս փարած՝ իրենց ծնողներուն, անհուն սիրով ու պաշտամունքով:

Հայկազը ըլլալով հոգատար ամուսին ու հայր, իսկ Լենան գուրգուրոտ կողակից ու մայր, կրցած էին, իրենց սիրալիրութեամբ օրինակելի կեանք մը ստեղծել, հաւատքի ու հայրենասիրական հոյակապ մթնոլորտով մը, զայն դարձնելով օրհնաբեր եւ իտէալական ընտանեկան հնոց մը:

Այսօր, մեկնած է Լենան, իր սիրեցեալներէն, ակամայ հեռացած, բայց իր ոգին կը սաւառնի ընտանեկան կամարներուն վերեւ ու համայն զինք ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ, որովհետեւ Լենային բոյրն ու շունչը տակաւին ամենուրէք են, իսկ իր բացակայութիւնը անպայմանօրէն զգալի:

Հայկազը, իր զաւակներով եւ թոռնիկներով աւելի քան ինքնագոհութեամբ կը համակուին, ի լուր իրենց սիրոյն, խնամքին ու զօրակցութեան՝ հանդէպ իրենց կնոջ, մօր ու մեծ մօր, շրջապատելով զինք մեծ գուրգուրանքով, ամբողջ հիւանդութեան ընթացքին:

Աստուած հոգին լուսաւորէ Լենային եւ երկնային մխիթարութիւն անոր բոլոր հարազատներուն, զաւակներուն ու մանաւանդ Հայկազին, որ իր սփոփանքը պիտի գտնէ իր սիրեցեալ զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն մօտ, նաեւ այն բոլոր սերտ գործակիցներուն ու մտերիմ բարեկամներուն, որոնք անոր մէջ տեսած են մարդկային առաքինութիւններով ու բարեմասնութիւններով ազգայինը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին