Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

108 Տարիներ ու Մեր Պահանջատիրութիւնը Կը Շարունակուի Տակաւին

Թուրքիոյ մէջ հայկական ջարդերն ու կոտորածները Իթթիհատով չէին սկսած: Թրքական իշխանութեան ժամանակ միշտ տեղի ունեցած են ջարդեր եւ կոտորածներ, երբ Օսմանեան թուրքերը գրաւեցին Մերձաւոր Ասիան, Պալքանեան երկիրները, Հայաստանը եւ ամբողջ Անդրկովկասը սկսելով 14-րդ դարէն  եւ հասնելով մինչեւ օրերս:

          Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան, բայց ոճրագործը տակաւին կ’ուրանայ  իր արարքը եւ աշխարհի բոլոր ամպիոններէն կը փորձէ տանիլ հակահայ քարոզչութիւն ու կը փորձէ խեղաթիւրել հանրային կարծիքը, որովհետեւ այդ ոճիրի ճանաչումով, թուրքին պատմութիւնը պիտի աղաւաղուի ամօթաբեր կնիքով մը:

           Հայ ժողովուրդը կը շարունակէ  աշխարհի չորս ծագերուն  հնչեցնել իր պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ  ան չէ հրաժարած իր իրաւունքներէն: Արդարեւ, Չորեքշաբթի 26 Ապրիլ 2023-ին,  Նախ. Ե.-էն Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները՝ վարժարանիս  Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի  եւ ուսուցչական կազմին հետ այցելեցին Ժպէյլի Արամ Պէզիքեան թանգարան: Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին որբերու մայր՝ Տէնմարքցի Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին վրայ, որմէ ետք մտան թանգարան, ուր թանգարանի տնօրէն՝ Տիար Գրիգոր Ալոզեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր աշակերտներուն, որոնք  յուզումով ունկնդրեցին ու  դիտեցին հոն տեղադրուած վաւերագրական պատկերներն ու  արձանագրութիւնները: Ապա, ուղղուելով դէպի թանգարանին պատմական պարտէզը՝  մեր աշակերտները ներկայացան պատշաճ յայտագիրով մը՝ յարգելու համար Մեծ Եղեռնի սրբադասուած  նահատակներուն յիշատակը: Յայտագրի աւարտին վարժարանիս Տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Ապրիլ 24-ը՝ 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է, որ կը մնայ ամէնէն արիւնալի օրերէն մին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:  108 տարիներ անցան հայկական եղեռնէն եւ տակաւին ամէն տարի Ապրիլ ամսուն կրօնական եւ ազգային արարողութիւններով կը յիշենք այս յուշատօնը, յարգելու համար  մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով.«Հակառակ երկրիս մէջ տիրող տնտեսական զանազան տագնապներուն, Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքը փափաքեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը նշել իւրայատուկ ձեւով, Արամ Պէզիքեան թանգարանի պատմական պարտէզէն ներս, պարզելու համար հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան դրօշը: Պահանջատիրութիւնը մեր արեան հոսանքն է, որուն դադրեցումով կը դադրի հայ կեանքը: Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ մեր աշակերտները իրենց դպրոցական ծրագրի ընդմէջէն, տէր ու պաշտպան պիտի կանգնին մեր դարաւոր պատմութեան, եւ արդէն այսօր բարձրաձայն կ’ըսենք, թէ թուրքը չյաջողեցաւ բնաջնջել մեզ եւ  ահաւասիկ հայ նոր սերունդը կայ ու կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը իր ազգային ժառանգութեանց ոգիով»:

          Վերջապէս ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.«Եկէ՛ք բոլորս ուխտենք, հաւատարիմ մնալ մեր պահանջատիրութեան, տէր ու պաշտպան կանգնիլ մեր պատմութեան եւ հայ մշակոյթին՝ վառ պահելով մեր նահատակներուն անթառամ յիշատակը»:

          Հուսկ, ան յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Գրիգոր Ալոզեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց վարժարանիս խնդրանքին, առիթը ընծայելով մեր աշակերտութեան եւ ուսուցչակազմին յիշարժան պահեր անցընելու թանգարանէն ներս:

          Մենք անապատներէն յարութիւն առած սերունդներն ենք մեր ժողովուրդին եւ կը խոստանանք տէր կանգնիլ մեր պապերու աւանդին: Այդ աւանդը մեզի կը հրամայէ՝ դիմադրել բոլոր մարտահրաւէրները, չհրաժարիլ եւ պայքարիլ մինչեւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը:

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին