Երէկ Հայաստանեան մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ հրապարակած էին ցաւալի լուր մը, որ կը վերաբերի Ազրպէյճանի մէջ յերիւրածոյ ամբաստանութեամբ մը գերի պահուող լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքճեանին:
Արդարեւ լուրը վերնագրուած էր «Պաքուի բանտում խոշտանգելով սպանել են լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքճեանին»: Լրատուամիջոցները, որպէս աղբիւր նշած էին mediahub-ը, որ իր կարգին յայտարարած էր, որ «Լուրը յայտնել է դրսում ապրող Վիգէնի ընկերներից մէկը, այս պահին պաշտօնական հաստատում չկայ»:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, մեր թերթին խմբագիրը հետեւեալ երկու հարցումներով պաշտօնապէս դիմած է ՀՀ ԱԳՆ Արարատ Միրզոյեանին.
1. Նկատի ունենալով, որ Վիգէն Իւլճեքճեան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, արդեօ՞ք ՀՀ ԱԳՆի մօտ վերոյիշեալ լուրը հաստատող կամ հերքող տեղեկութիւն կայ:
2. Վերոյիշեալ անձին կապակցութեամբ եւ ի պաշտօնէ դուք, մինչեւ օրս ինչպէ՞ս կը հետապնդէիք իր հարցը, որ բնականաբար չի տարբերիր տակաւին եւս գերի հանդիսացող միւս հայորդիներուն պարագայէն:
Սպասելով նախարարութեան պատասխանին, ձեռնարկած ենք համապատասխան զուգահեռ աշխատանքներու վերահասու ըլլալու համար ճշմարտութեան: Վստահ ենք, որ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը անմասն չմնար իր միջոցներով հետապնդելու այս նուրբ հարցը:
Մինչ այդ համբերութիւն կը մաղթենք այս լուրով մտահոգ՝ դժուարին պահեր ապրող Վիգէնին ընտանեկան պարագաներուն, նոյն ժամանակ ազնուօրէն կը յորդորենք լրատուական միջոցներուն, աւելի փափկանկատ ու բծախնդրութեամբ հաղորդել նման տեղեկութիւններ մինչեւ այն ատեն, որ լուր մը ստոյգ չէ:
«Զ.»