Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Հայ Մշակոյթը Ամուր Պահած Խմբագիրը

«Զարթօնք»ին մէջ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի մահուան գոյժը լոյս տեսնելէն վայրկեաններ ետք էր, երբ Գահիրէէն, Սարուխանի դուստրը՝ մեր ու մեր թերթին սիրելի բարեկամ Սեդա Սարուխան ինծի այստեղ երեւցող լուսանկարը փոխանցեց: Մեծը՝ մեծին կողքին կանգնած ընկերներ՝ Երուանդ Ազատեանն ու Ալեքսանդր Սարուխանն են:  Լուսանկարին ֆոնին երեւցող թերթերու տրցակներուն տեսարանին  վրայ հիմնուելով, ենթադրաբար «Յաւերժի ճամբորդ» երկու Մեծերը լուսանկարուած են Եգիպտոսի «Արեւ»ին խմբագրատան մէջ:

Իր համալսարանական տարիներուն՝ 1954 – 1958, Լիբանանի «Զարթօնք»ին մէջ, Գերսամ Ահարոնեանին շունչով, լրագրութեան ասպարէզի մէջ թրծուելէ  ետք, ընկեր Ազատեան գործուղուած է Գահիրէ ստանձնելու համար Եգիպտոսի «Արեւ»ին խմբագրապետի թափուր պաշտօնը, ուր ան իր պաշտամունքի առարկայ Վահան Թէքէեանի, Միհրան Տամատեանի եւ երախտաւոր այլ ընկերներու բացած լուսաւոր ուղիին վրայ կենսագործած է 1959 – 1967: Այդ տարիներուն Ազատեան սերտօրէն գործակցած ու բարեկամութիւնը վայելած  է Սարուխանի ու եգիպտահայ շատ մը գործիչներուն: Խնդրոյ առարկայ լուսանկարին վրայ թուական չունենալուն, ուրեմն դարձեալ ենթադրութեան վրայ հիմնուելով, կարելի է ըսել, որ առնուած է 1960ականներու առաջին կէսին ընթացքին:

Մտաբերելով, որ Սարուխանը նաեւ հեղինակ է ազգային գործիչներու երգիծանկարներու մեծ հաւաքածոյի մը, ընկերուհի Սեդային հարցուցի, որ արդեօ՞ք իր տրամադրութեան տակ ունի Սարուխանի գծած Երուանդ Ազատեանին երգիծանկարը: Պատասխանը չուշացաւ, այս անգամ Սարուխանի թոռնուհիէն, դարձեալ մեր ազնիւ բարեկամուհի՝ Սիլվա Նըրտեան – Փլատեանէն, որ միշտ խնամքով պահպանած է իր մեծ հօր աշխատանքները կամ անոնց կրկնօրինակները: Սիլվան ինծի փոխանցեց սոյն արժէքաւոր երգիծանկարին պատճէնը:

Երգիծանկարին մէջ Սարուխան, երիտասարդ լրագրող Երուանդ Ազատեանը կը ներկայացնէ տաւիղը ձեռքին: Վերլուծելով երգիծանկարը, կարելի է ըսել, որ Ազատեանի ձեռքով ամուր բռնուած հինաւուրց տաւիղը կը խորհրդանշէ Հայ մշակոյթի մոռցուած աւանդոյթները: Ան կը յիշեցնէ, որ մենք քնար ունինք, որ շատոնց չէ օգտագործուած, որուն լարերն իսկ խճճուած նետուած է մարանին մէջ, ուր «մկնիկները» իրենց սեփականութիւնը դարձուցած են զայն: Երգիծանկարին մէջ գծագրուած մկնիկը շատ հաւանաբար կը ներկայացնէ այդ օրերուն հայ մշակոյթը կրծողները, որոնք իրենք ալ զարմացած կը նային այս նորելուկ խմբագիրին, որ եկած է տէր կանգնելու Հայ մշակոյթին:

Մեր օրերու մեծ երգիծանկարիչ եւ Սարուխանագէտ մեր անզուգական ընկեր՝ Սուքիաս Թորոսեանին (Թօթօ) դիմելով հասկցանք, որ Սարուխանը լաւագոյնս ներկայացուցած է, նման պահերուն ընկեր Ազատեանին դէմքին վրայ ուրուագծուող հեգնական (sarcastic) ժպիտը, որ այս պարագային շատ հաւանաբար կը ներկայացնէ «Իսկ ո՞վ է մեղաւորը այս վիճակին համար» արտայայտութիւնը: «Գերազանց նկար է» վկայեց Սարուխանագէտը:

Շնորհակալութիւն ընկերուհի Սեդային եւ Սիլվային, մեզի այս արժէքաւոր նկարները տրամադրելուն համար, որ առիթը կու տայ մեզի մեր ընթերցողներուն ներկայացնել մեր երկու յաւերժացած Մեծերուն կեանքին ու գործին մասին սոյն համեստ դրուագը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին