Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Խմբագիրներու եւ Լրագրողներու Սենտիքաներու Նախագահներուն Բարձրաձայնել Արցախի Շրջափակման Հարցը

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի Խմբագիրներու եւ Լրագրողներու Սենտիքաներու նախագահներուն՝ Աունի Քաաքիին եւ Ժոզէֆ Քուսէյֆիին ու իրենց միջոցով նաեւ Լիբանանի մամլոյ աշխատակից բոլոր գործընկերներուն, արաբական աշխարհին մէջ բարձրաձայնել Արցախի շրջափակման Հարցը:

Ան իր կոչին մէջ ի միջի այլոց, շեշտեց, որ Լիբանանցին  իր հաւաքական յիշողութեան մէջ լաւ գիտէ «պաշարում» բառին ահաւոր իմաստը: Բերձորի ճանապարհի փակումը արցախահայութեան կեանքի ճանապարհը փակել կը նշանակէ, եւ ան նոյն այն բանն է, ինչ որ ազրպէյճանցիներու ցեղակից օսմանցի թուրքերը, անցեալ դարասկիզբին Ժամալ փաշայի գլխաւորութեամբ գործադրեցին Լեռնալիբանանի բնակչութեան հանդէպ: Անոնք, դէպի Լեռնալիբանան պարէնի մուտքը արգիլելով,  սովամահ սպանեցին 200 հազար լիբանանցիներ, որ նաեւ ցեղասպանական արարք մըն էր խաղաղ ժողովուրդի մը հանդէպ բառին բուն իմաստով:

Ընկեր Յակոբեան իր կոչը եզրափակեց խնդրելով իր արաբ գործընկերներէն տարածել այս տեղեկատուութիւնը ինչպէս նաեւ իրենց հաւաքական թէ անձնական ձայնը բարձրացնել ի պաշտպանութիւն 120000 արցախցի հայ պաշարեալներուն, որոնք մարդկային պատանդներն են այսօր ազրպէյճանի հակամարդկային վարքագծին:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին