15 Դեկտեմբեր 2022
ՀԲԸՄ-ը խորապէս մտահոգ է Արցախի ժողովուրդին սպառնացող մարդասիրական լուրջ տագնապի նախանշաններով, արձանագրելով իր ընդվզումը Ազէրի լկտի միջոցառումներուն նկատմամբ, որոնց արդիւնքն է այդ, նաեւ ապշած, միջազգային հանրութեան կողմէ ցուցաբերուած անբացատրելի կրաւորական կեցուածքին պատճառով:
Ի գործ դնելով ռազմական յանձագործներու յատուկ յայտնի միջոցները, Ալիեւ եւ իր կառավարութիւնը, դաւադրաբար, պարզ քաղաքացիները կը զրկեն ապրելու համար անհրաժեշտ կենցաղային միջոցներէն, դադրեցնելով ուժանիւթի մատակարարումը եւ փակելով հաղորդակցութեան միակ ճանապարհը: Ազէրի վարչակարգը ամէն միջոց ի գործ կը դնէ, Արցախը աշխարհէն արգելափակելու համար: Գոցելով Հայաստան-Արցախ միակ ճանապարհը եւ դադրեցնելով կազի մատակարարումը հայկական հողամասերուն, Ազրպէյճանը 120,000 բնիկ հայ ժողովուրդը զրկած է ուտելիք, ջերմութիւն, վառելանիւթ եւ դեղօրայք ապահովելու միջոցներէն: Արցախ մուտք եւ ելքի ճանապարհը գոց պահելով, Ազրպէյճանը կ’արգիլէ մարդասիրական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին ՀԲԸՄ-ի մուտքը Արցախ, մահացու աքցանի մէջ առնելով Արցախը:
Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միակ միջանցքին արգելափակումը, Ռուսական միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայացած եռակողմ համաձայնութեան բացայայտ խախտում մըն է, որ մարդկային տարրական իրաւունքի ոտնակոխում կը հանդիսանայ: Եթէ տուեալ արգելափակումը շարունակուի, անիկա մահաբեր պիտի ըլլայ յատկապէս մանուկներու եւ տարեցներու համար:
Այս շաբթուան ընթացքին ցուցադրուած լրատուական լուսանկարներէն եւ տեսաերիզներէն ակնյայտ է, որ իբր քաղաքացի բողոքողներ ներկայացող անձիքը, յատուկ ծառայութիւններու եւ զինեալ ծայրայեղական ազգայնամոլներու «Գորշ Գայլեր» անունով ծանօթ խորհրդարանական շարժումի անդամներ են:
Ատենին ապահով նկատուած այս միջանցքի անվտանգութիւնը Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրով վստահուած էր Ռուսական Խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան:
ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան խստիւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի անխիղճ գործելակերպը, որպէս տարածարշրջանի բնիկ հայ ժողովուրդին ուղղուած համայնքային զտման փորձ: «Աշխարհը բազմիցս ականատէս եղած է այս հրէշային ծրագրին: Մենք կոչ կ’ուղղենք աշխարհի տարածքին կշիռ ունեցող քաղաքական ուժերուն, գործնական միջոցներ գործադրել, որպէսզի Ազրպէյճանը դադրեցնէ իր ապօրինի գործողութիւնները, որոնք ակնյայտ բռնարարք կը հանդիսանան եւ խախտում են Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները ապահովող յետ-պատերազմեան եռակողմ համաձայնութեան: Աշխարհի առաջնորդները պէտք չէ կրաւորական դիտողի դերին մէջ գտնուին, ինչպէս անցեալին, հայերու սպառնացող այս ճգնաժամին դիմաց: Դարձեալ անմեղ կեանքեր լրջագոյն վտանգի տակ են, ինչպէս քսաներորդ դարու սկիզբին:»
ՀԲԸՄ-ը, որ աւելի քան երեք տասնամեակներ հաւատարիմ մնացած է Արցախին զօրակցելու իր յանձնառութեան, կոչ կ’ուղղէ աշխարհատարած բոլոր հայութեան, անյապաղ իրազեկելու իրենց տեղական համապատասխան քաղաքական առաջնորդները եւ ներկայացուցիչնրը Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ճգնաժամին մասին: Ժամանակը էական է եւ արագ գործելու անհրաժեշտութիւնը հրամայական է: