Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Իր Ձեւին Մէջ Իբր Թէ Սիրուն Մինչ Խորքով Աւելի Քան Տգեղ Իրավիճակ

Վերի նկարին մէջ կը տեսնենք Հայաստանի ներկայ անհասկանալի իշխանութեան վերջին օրերու «իրագործումներէն» հանդիսացող Հանրապետութեան հրապարակի տօնական զարդարումը: Արդիւնքը՝ ըստ ոմանց սիրուն, սակայն իրականին մէջ աժան, մակերեսային, ազգային ինքնութեան տարրեր չպարունակող, հայկական ամանորեան մշակոյթին հետ ընդհանրապէս կապ չունեցող «գեղեցկութիւն» մը, ի գին պատմամշակութային կառոյցներու վանտալիզմի ենթարկուելուն:

Կատարուածէն, որպէս նմոյշ ներկայացուող հետեւեալ նկարներուն մէջ ակներեւ է, թէ աւերի ինչ գինով կատարուած է սոյն «զարդարումը»:

Մարդ որքա՞ն բարբարոս պէտք է ըլլայ, որ մի քանի օրուայ համար նախատեսուած լուսային զարդարանքի համար փճացնէ յուշարձան շէնքերու զարդաքանդակները: Տես ներքեւի նկարը.

Այս բարբարոսական աշխատանքները ոգի ի բռին կատարուած պահուն հրապարակուած Հայաստանի ճարտարապետներու պալատի հետեւեալ յայտարարութիւնն ալ, ցաւօք նկատի չառնուեցաւ.

«Հանրապետութեան հրապարակում 2022 թուականի ամանորեայ լուսազարդարման աշխատանքների իրականացման հետեւանքով էական վնաս է հասցւում Հայաստանի Խորհրդային ճարտարապետական ժառանգութեան ամենախորհրդանշանակական անսամպլի մաս կազմող շէնքերին, որոնք ունեն հանրապետական նշանակութեան յուշարձանի կարգավիճակ։

Հայաստանի ճարտարապետների պալատն իր մտահոգութիւնն է յայտնում եւ պարզաբանում է պահանջում գործընթացը նախաձեռնած Երեւանի քաղաքապետարանից, ինչպէս նաեւ ժառանգութեան պահպանութեան պատասխանատու լիազօր մարմնից՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութիւնից, մասնաւորապէս՝ առկա՞յ է արդեօք նախարարութեան խորհրդակցական մարմին հանդիսացող գիտամեթոտական խորհրդի դրական կարծիքը իրականացուող լուսազարդման նախագծի վերաբերեալ։

Համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է գնահատել, արժեւորել եւ պահպանել ոչ միայն մայրաքաղաքի թամանեանական կառոյցների ճարտարապետութիւնը, այլեւ հայ քարագործ վարպետների ձեռակերտ աշխատանքը։

Հայաստանի ճարտարապետների պալատը պահանջում է անյապաղ դադարեցնել աշխատանքները եւ քայլեր ձեռնարկել բացառիկ արժէք ներկայացնող պահպանուող շէնքերի նախնական տեսքի վերականգնման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ համապատասխան պատասխանատուութեան միջոցներ կիրառել յուշարձան շէնքերը վնասողների նկատմամբ»։

Ի դէպ, հետեւեալ նկարը կը ներկայացնէ Լեհաստանի մայրաքաղաքի տօնական կեդրոնը: Լեհերն ալ բնականաբար մօտալուտ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առիթով ուզած են զարդարել իրենց գլխաւոր հրապարակին հարակից շէնքերուն պատերը: Սակայն սրտցաւ փութկոտութեամբ իրենք այս բանը իրագործած են առանց վայրենի վանտալիզմ գործադրելով կամ մեխեր գամելով իրենց պատմական շինութիւններու պատերուն վրայ: Անոնք իրենց պետական պիւտճէէն միլիոններ չեն մսխած: Ընդամէնը օգտագործած են  արհեստագիտութեան բարիքները եւ լէյզրային արտաքին լուսարձակումի համեմատաբար շատ աւելի նուազ ծախսով սարքեր տեղադրած են, որոնք նոյնքան եւ աւելի գեղեցիկ եւ ամենակարեւորը՝ անվնաս կերպով լոյսերու խաղերու երեւոյթ ստեղծած են պատերուն վրայ: Այս բանն ալ ուզեցի նշել այստեղ ի գիտութիւն մեր քաղքենի պատասխանատուներուն:

Ո՞վ  պատասխան պիտի տայ արագ ու անյագուրդ գումարներ աշխատելու արդիւնքով թոյլ տրուած այս եւ նմանօրինակ յանցագործութիւններուն  համար։

Ե՞րբ պիտի ստեղծուին յատուկ յանձնախումբեր կատարուած բացայայտ յանցագործութիւններու հետեւանքներուն լիարժէք ուսումնասիրութիւն, առարկայական եւ արդար զեկոյց-հաշուետուութեան պատրաստութիւն կատարելու եւ հետազօտութեան արդիւնքներուն հիման վրայ մեղաւորներուն յայտնաբերելու ու անոնց արժանի պատիժ պահանջելու համար:

Կը մնայ շեշտել, որ եթէ Հայրենիքին սահմանները ու մեր աննման տղոց խրամատներն ու դիրքերը Երեւանի հրապարակին նման կամ փոխարէնը չակերտաւոր զարդարուին, մենք վերջապէս կ՛ունենանք մեր երազած Հայրենիքը:

Մինչ այդ ո՜վ իշխանաւորներ  որոճացէք ձեզի բաժին ինկած խոտը, մինչեւ բացուի առաւօտը։

Վերջապէս, ըստ մասնագէտներու, պատճառուած վնասը շատ մը տեղեր անվերականգնելի է, ինչպէս անվերականգնելի են 5000 լոյս տղաներու մատղաշ կեանքերը: Մինչ պէտք է փորձուի վերականգնել անվերականգնելին, նողկալի է տեսնել այն գզվռտոցը, երբ պետական մարմինները ինչպէս մէկը միւսին վրայ կը բարդէ Հանրապետութեան հրապարակի շէնքերուն նկատմամբ կատարուած այլանդակութիւնը: Արդէն աւելի քան պարզ է, թէ նոյն մարդիկը ինչպիսի անպատասխանատու ու անխնամ վերաբերմունք կը դրսեւորեն Հայաստանի գերիշխանութեան եւ  Արցախի նկատմամբ:

Ան յոյսով, որ սոյն իրավիճակին պատասխանատու, իր էութեամբ  պատմական թիւրիմացութիւն մը հանդիսացող մեր Հայրենիքին այսօրուայ իշխանութիւնները մինչեւ յաջորդ տօնական եղանակը չքացած կ՛ըլլան, շնորհաւոր մօտալուտ Ամանոր մեր տառապեալ ազգին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՅԳ Հետեւեալ տեսերիզին մէջ կարելի է զգալ բարբարոսութեան չափն ու ի գործ դրուած կիրքը.

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին