Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

«Կեանքը Ընտրէ»

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ, որպէսզի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ»։ Երկրորդ Օրինաց 30:19

Այս հատուածը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին հիմնական պատգամը, որ  կը բացատրէ բայց նաեւ կը դրսեւորէ մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հաւատամքը։ Եթէ հատուածը առնուած է Հին Կտակարանէն, բայց անոր պատգամը կ՚ամբողջանայ Նոր Կտակարանին մէջ, որպէս նոյն պատգամին գործնական ամբողջացումը եւ իրականացումը։

Այսպէս.

Աստուած ուխտ մը կ՚առաջարկէ Իսրայէլի ժողովուրդին։ Ան յստակ կերպով յառաջ կը դնէ բոլոր տուեալները եւ կը մատնանշէ հետեւանքները. «Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէք, որպէսզի ամէն գործի մէջ յաջողութիւն գտնէք» (Երկրորդ Օրինաց 29:9)։ Ի՞նչ բանն է, որ Աստուած պիտի շնորհէ այս ուխտին մէջէն։

Ուխտը խոստում է, որ Աստուած կուտայ իր ժողովուրդին։ Այս ուխտին որպէս հետեւանք կայ շնորհքը, որ Աստուած կուտայ ժողովուրդին, պայմանաւ որ անոնք իրեն հետեւին։ Ահա թէ ինչու Աստուած կուտայ Իսրայէլի եւ մեզի՝ իր ժողովուրդին, նոյն խոստումը եւ շնորհքը։ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին կը շնորհէ «կեանքն ու մահը» այս ուխտին մէջէն։ Կեանքի ու մահուան իրականութիւններուն մէջ կայ «օրհնութիւնն ու անէծքը»։ Աստուած կը դնէ Իսրայէլի ժողովուրդին դիմաց այս ուխտի երկու ճամբաները, որպէսզի անոնք ընտրեն։ Բայց Ան նոյնպէս ցոյց կուտայ իւրաքանչիւր ուղիին արդիւնքը։

Այս ուխտը միայն Իսրայէլի ժողովուրդին համար չէ։ Ուխտը կը սկսի Հին Կտակարանին մէջ, որպէս խոստում  եւ յոյսի պատգամ, եւ որ կ՚իրականանայ Նոր Կտակարանին պատգամին մէջէն։ Այս ուխտը իրականացաւ երբ Աստուած՝ Եհովան, մարմնացաւ, որպէսզի մարդկութեան բաշխէ այս ուխտը. «Աստուած կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմոթէոս 2:4)։

Այս ուխտը հիմնուած է սիրոյ եւ հոգածութեան վրայ՝ «քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի», Երկրորդ Օրինաց 30:3, «վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով  որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի», Աւետարան ըստ Յովհաննու 3:16։ Երկու հատուածներուն մէջէն յստակ կը դառնայ, թէ Աստուծոյ ուխտը կամովին է եւ ոչ պարտադիր։ Այս ուխտը սիրոյ արտայայտութիւն է եւ կրնաս միայն ընդունիլ զայն։

Իսկ ուխտը։

Աստուած կը դնէ կեանքն ու մահը որպէս ընտրութիւն։

Մահուան բառացի հասկացողութիւնը ֆիզիքական կեանքի վերջաւորութիւնն է, որը անխուսափելի է։ Իսկ վերջաւորութիւնը մահն է։ Բայց կայ խորքային հասկացողութիւնը՝ «անէծք»ը։ Հոն, ուր մարդը կ՚ապրի իր կեանքը մեղքի մէջ։ Կեանքի խորքային տարողութիւնը, Աստուած կը բնորոշէ զայն որպէս «օրհնութիւն»։

Հոսկէ կու գայ հաւատքի հասկացողութիւնը։ Օրհնութիւնը, որ մարդը կ՚առնէ Աստուծմէ, հաւատքին մէջէն, կը դառնայ արժէք, ուր մարդը կը փրկուի «մահուան» ճիրաններէն՝ իմմա անէծքէն, եւ կ՚ապրի զայն ստեղծելով նոր կեանքեր։ Աստուած այս ուխտն է, որ կը դնէ Իսրայէլի ժողովուրդին համար եւ որուն շարունակութիւնը, հաստատումը, եւ իրականացումը կու գայ Նոր Կտակարանին մէջէն, երբ Աստուած մարմնացաւ, աշխարհ եկաւ, եւ այս ուխտը շնորհեց համայն մարդկութեան։ Աստուած կը յորդորէ որ Իսրայէլի ժողովուրդը եւ ապա համայն մարդկութիւնը ընտրէ կեանքի ուխտը։ Այս կեանքի ուխտն է, որ մարդը եւ հաւաքականութիւնը պիտի օրհնէ։

Տարի մը եւս անցաւ մեր կեանքէն։ Արդէն կը մօտենան ամանորի եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը ոգեկոչելու օրերը։ Եթէ պիտի մտածենք մեր անցած տարուան մասին, բայց նոյնքան նաեւ եկող տարիին մասին։ Մեր առջեւ անպայմանօրէն ունինք ուխտը եւ անոր ընտրութիւնը։ «Ո՞րն է մեր ընտրութիւնը։ Կեանքը թէ՞ մահը»։

Հայկական իրականութեան մէջ, 2022 տարին եղաւ դժուար։ Ունինք հարցեր, մտահոգութիւններ, եւ դժուարութիւններ, որոնք կը կուտակուին մեր անձնական, հաւաքական, սփիւռքեան, հայաստանեան, եւ արցախեան կեանքերուն մէջ։ Եթէ «մահուան» ընտրութիւնը մէկ կողմէ պարտադրուած էր մեր հայկական կեանքերուն համար՝ շրջանային եւ համաշխարհային իրավիճակներէն մեկնելով, բայց նոյնքան կայ կամովինը։ Չի կրցանք մինչեւ օրս ընտրել համերաշխութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, հասկացողութիւնը եւ հաւաքական ու ստեղծագործական միտքով մեր կեանքերը կերտելու գրաւականը։

Կեանքի եւ մահուան ուխտը ընտրելու-չընտրելու կամքը մեզի ձգուած է։ Չընտրեցինք եւ կամ չի կրցանք ու չուզեցինք ընտրել կեանքը։ Բայց տակաւին ի զօրու է Աստուծոյ ուխտը։

Ան տակաւին դրած է մեր առջեւ կեանքի եւ օրհնութեան ուխտը։ Այս ուխտն է, որ մեր հաւատքը պիտի ամրապնդէ։ Հաւատքը Քրիստոսի, եւ որուն մէջէն կ՚առնենք իրմէ խոստացուած շնորհք-օրհնութիւնը։

Այս շնորհք-օրհնութեան մէջէն կը ստանանք նոր կեանքը։ Այս նոր կեանքի  օրհնութիւնն է, որ կը բաշխենք ազգին, Հայաստանին, եւ Արցախին։

Այս հաւատք-օրհնութիւնն է, որ պիտի շինէ մեր անձերը, շրջապատը, եւ մեր հայրենիքները։

Այս հաւատքն է, որ մեզ պիտի գօտեպնդէ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր շատ մը կուտակուած շրջանային ու ներ-ազգային հարցերը։

Այս կեանքի ու օրհնութեան ուխտը եթէ ընտրենք, պիտի վերապրեցնէ մեզ բոլորս։

Աստուծոյ ուխտը։

Մեր առջեւ կայ կեանքի եւ մահուան ընտրութիւնը։ Օրհնութեան եւ անէծքի ճամբաները։ Ընտրութիւնը մերն է։

Կայ յորդորը եւ փափաքը, որ կու գայ Քրիստոսի անսահման սիրոյն մէջէն։ Ան բոլոր հայութեան համար է եւ անխտիր։ Հայաստան, Արցախ, եւ սփիւռք։

«Կեանքը ընտրէ որպէսզի ապրիք»։ Բայց նաեւ ապրինք բոլորս։ Այս կարելի է երբ բոլորս՝ Հայաստան, Արցախ, եւ Սփիւռք ընտրենք միասին։

«Կեանքը»։

Ապրող եւ ապրեցնող կեանքը։ Օրհնութեան կեանքը։

Քուէյթ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին