Երեքշաբթի, 19. 03. 2024

spot_img

Լիբանանահայութեան Ապահովութիւնն ու Բարօրութիւնը Վեր Պահել Անհատական Եւ Հատուածական Ամէն Հաշիւներէ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր վերջին ժողովին քննարկեց Լիբանանը, Հայաստանը, լիբանանահայութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցեր:

Քննարկումներուն շարքին յատուկ անդրադարձ եղաւ,  Լիբանանի Նախարարաց Խորհուրդի վիճելի վերջին նիստին կայացումին մանրամասնութիւններուն եւ ի միջի այլոց ՀՅԴն ներկայացնող նախարար՝ երեսփոխան Ժորժ Պուչիկեանին տուեալ նիստին «ինքնագլուխ» եւ հակառակ իր ներկայացուցած կուսակցութեան որոշումին, ժողովին մասնակցելու պարագան, ինչպէս նաեւ, այս պատճառով  նշեալ կուսակցութեան կողմէ իրենց երեսփոխանին, այսպէս կոչուած «Հայկական Պլոք»էն դուրս բերելու որոշումին:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ժողովականներուն կողմէ առաջին հերթին, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դրուեցաւ ՀՅԴ-ի երեսփոխանական խմբակցութեան անուան հետ առնչուած խնդիրը եւ որոշուեցաւ կոչ ուղղել նշեալ կուսակցութեան հրաժարիլ «Հայկական Պլոք» անունը օգտագործելէ, որովհետեւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ չկայ խմբակցութիւն, որ կը կրէ ազգութեան մը անունը: Նման անուն մը նախ գործնականին մէջ ու նաեւ բառացիօրէն իրականութեան չի համապատասխաներ երբ նկատի ունենանք, որ Լիբանանի Խորհրդարանին մէջ հայութեան վերապահուած երեսփոխանական 6 աթոռներէն միայն երկուն այսօր այդ խմբակցութեան անդամ են: Ապա պէտք է հասկնալ, որ նման անունով հանդէս գալը շփոթ կը ստեղծէ Լիբանանի հասարակութեան մօտ եւ հաչս իրենց, լիբանանահայ ամբողջ համայնքը պատասխանատուութեան տակ կը դնէ նշեալ խմբակցութեան վերաբերող կամ անոնց գործած իւրաքանչիւր ճիշդ կամ սխալ ընթացքին  համար:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի որոշումին նախարարաց խորհուրդին վիճելի վերջին նիստին չմասնակցելու, ապա ՌԱԿ զայն գնահատելի կը գտնէ այն առումով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ խմբակցութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն մեծամասնութեան կեցուածքին հետ համահունչ է մինչ մենք կը հաւատանք, որ համայնքային դրութեամբ երկրի մը մէջ լիբանանահայութիւնը պէտք է կառչած մնայ համակրօն համաքաղաքացիները ներկայացնող քաղաքական կողմերուն հետ, որոնք ի վերջոյ մեր բնական դաշնակիցներն են: Հոս տեղին է յիշեցնել, որ ճիշդ այս պատճառով էր, որ 1992-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ը, հակառակ իր քաղաքական վերապահութեան առնուած քայլին պիտանելիութեան մասին, Լիբանանի մէջ հայկական միակ կուսակցութիւնն էր, որ որոշեց սկզբունքային կերպով կողքին ըլլալ Լիբանանի քրիստոնեայ կողմերուն, որոնք յարմար տեսած էին պոյքոթել նշեալ ընտրութիւնները:

Վերջապէս, թերահաւատութեամբ մօտենալով հանդերձ ՀՅԴ-Պուչիկեան այսպէս կոչուած տարակարծութեան իրականութեան հետ առնչուածութեան եւ զայն համարելով կողմերու միջեւ բեմադրուած, դերերու բաժանում մը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ նշեալ կուսակցութեան այսօրուայ ղեկավարութեան, Լիբանանահայ համայնքին ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը վեր պահել անհատական եւ հատուածական ամէն հաշիւներէ: Պահը բաւականին լուրջ է եւ զգօնութիւնն ու պատասխանատու գործելաձեւը՝ աւելի քան կենսական:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

8 Դեկտեմբեր 2022

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին