Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Միջեկեղեցական Աղօթքի Երեկոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ – Պըրպենք

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022 երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջեկեղեցական Աղօթքի արարողութիւն մը: Միասնական Աղօթքի այս աւանդութիւնը, որ տասներկու տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, սկսած է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք․ Տէրտէրեան նախաձեռնութեամբ:

Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականներու կողքին՝ ներկայ էին Քրիստոնեայ ոչ-Հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, առաջնորդներ եւ Եպիսկոպոսներ.- Հռոմէադաւան, Յոյն, Ասորի, Մելքիդ, Հայ եւ Ամերիկացի Բողոքական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ,  ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Rt. Rev. John Harvey Taylor Առաջնորդ Եպիսկոպոսը:

Առանձին աղօթքներով եւ հակիրճ պատգամներով մասնակցեցան իւրաքանչիւր Համայնքի ներկայացուցիչները: Օրուան Հոգեւոր Պատգամը փոխանցեց Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Rt. Rev. John Harvey Taylor:

Շարականներու եւ Հոգեւոր Երգերու կատարումները տեղի ունեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ «Շնորհալի» եւ Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ  «Coventy Quartet» Երգչախումբերուն կողմէ:

Եզրափակիչ խորհրդածութեամբ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, որ անդրադարձաւ «Աղօթքի» եւ «Միասնաբար Աղօթքի» նշանակութեան եւ Քրիստոնէական Արժէքի մասին: Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն եւ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ յարգանք ցուցաբերեց «Եպիսկոպոսական» Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Եպիսկոպոս՝ Rt. Rev. John Harvey Taylorին՝ անոր նուիրելով Հայկական Սրբապատկեր մը, իբր արտայայտութիւն Քրիստոնէական Եղբայրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին